
– Արաբական լիկան յայտարարեց, թէ Պաղտատի մէջ այս ամիս նախատեսուած իր տարեկան գերաստիճանը, Իրաքի պաշտօնական խնդրանքին հիման վրայ, գրեթէ մէկ տարիով յետաձգուած է ու պիտի կայանայ Մարտ 2012ին: Պահրէյնի հարցով Ծոցի արաբական երկիրներուն ու Պաղտատի միջեւ ծագած վէճը եւ արաբական աշխարհի մէջ տիրող կացութիւնը կը նկատուին գերաստիճանի յետաձգման գլխաւոր պատճառները:
– Մամլոյ միջազգային հիմնարկի հրապարակած տուեալներով, 2010ին աշխարհի մէջ սպաննուած են 102 լրագրողներ՝ 2009ին սպաննուած 110ին փոխարէն։ Լրագրողներու համար վտանգաւոր երկիրներ կը նկատուին Փաքիստանը, Մեքսիքան, Հոնտուրասը, ինչպէս նաեւ Միջին Արեւելքի ու Հիւսիսային Ափրիկէի շարք մը երկիրներ։ Անցեալ տարի եօթը լրագրողներ սպաննուած են եւրոպական երկիրներու մէջ։
– Նիւ Եորք քաղաքին երկնաքեր շէնքերուն հետ բախումներու հետեւանքով, տարեկան առնուազն 100,000 թռչուններ կը մահանան: