
ՊԵՆԿԱԶԻ, «Ռոյթըրզ».- Երեքշաբթի, Մայիս 10ին, ՆԱԹՕի ռազմական օդանաւերը Լիպիոյ մայրաքաղաք Թրիփոլիի մէջ հարուածեցին շարք մը թիրախներ։ Լիպիոյ պետական պատկերասփիւռի կայանին համաձայն, Լիպիոյ մայրաքաղաքը «գաղութատիրական, խաչակրական ռմբակոծումի կ՛ենթարկուի»։ Հարուածներ ստացած են Թրիփոլիի կեդրոնական շրջաններaուն մէջ գտնուող Կանաչ գիրքի ուսումնասիրութեան կեդրոն մը, որ Ապրիլ 29ին եւս ռմբակոծման ենթարկուելով՝ ծանր վնասներ կրած էր։ Կը կարծուի, թէ հոն հաստատուած է Քազաֆիի ուժերուն հրամանատարութիւնը: «Կանաչ գիրքը» Քազաֆիի գաղափարաբանութիւնը ամփոփող հատորն է:
Միւս կողմէ, Երեքշաբթի օր հաղորդուեցաւ, թէ Միսրաթայի մէջ ըմբոստները որոշ յառաջխաղացք ապահոված են Քազաֆիի ուժերուն դէմ, մինչ ՄԱԿի մարդասիրական օժանդակութեան պատասխանատու Վալերի Էմըս առնուազն ժամանակաւոր զինադադար հաստատելու կոչ ըրաւ, որպէսզի կարելի ըլլայ օժանդակութիւն տրամադրել ժողովուրդին:
Մէկ օր առաջ հաղորդուած էր, թէ ցարդ Լիպիայէն արտագաղթած են առնուազն 750,000 հոգի, իսկ մօտաւորապէս հազար ուրիշներ խեղդամահ եղած են փախուստի ընթացքին: