ՈՒՐՈՒԿՈՒԷՅ.- Ամենայն Հայոց կաթողիկոս Գարեգին Բ. հանդիպում ունեցած է Ուրուկուէյի նախագահ Խոսէ Մուխիքայի հետ: Հանդիպման ժամանակ զրուցակիցները միտքեր փոխանակած են կրօնի դերակատարութեան մասին՝ մարդկանց կեանքին մէջ:
Վեհափառը իր երախտագիտութիւնը յայտնած է Ուրուկուէյի իշխանութիւններուն՝ հայ համայնքին նկատմամբ անոնց վերաբերմունքին համար:
Գարեգին Բ. յիշած է նեաւ, որ Ուրուկուէյը առաջին երկիրն է աշխարհի մէջ, որ ընդունած եւ դատապարտած է Հայոց Ցեղասպանութիւնը: Մոնթեվիտէոյի մէջ «Արմէնիա» անունով հրապարակին գոյութիւնը, վեհափառ հայրապետին խօսքով, երկու ժողովուրդներուն միջեւ բարեկամութեան վկայութիւնն է: