ԹԵՀՐԱՆ.- Թեհրանի հայոց թեմի օրէնսդիր մարմինը՝ Պատգամաւորական ժողովը, Երեքշաբթի, Մայիս 10ի երեկոյեան ժամը 6:30ին մեկնարկեց իր վեցօրեայ նիստերը. այս անգամ օրէնսդիրին հարթակին վրայ են կարեւորագոյն հարցերու հանգուցալուծումները՝ համայնքային գործադիր մարմիններու, ինչպէս՝ Կրօնական ու Թեմական խորհուրդներու, եւ Հաշուեքննիչ մարմինի ընտրութիւններ:
Երեքշաբթի երեկոյեան կայացած նիստը՝ նախագահութեամբ Թեհրանի հայոց թեմի առաջնորդ Սեպուհ արք. Սարգիսեանի, բացուած համարուեցաւ Տէրունական աղօթքով եւ «Զգործս ձեռաց մերոց» մաղթանքով, ապա թեմի առաջնորդը հանդէս եկաւ Մայիսի 9ի՝ Շուշիի ազատագրման 19րդ տարեդարձին առթիւ շնորհաւորական խօսքով, որուն մէջ ի մասնաւորի նշեց. «Ապրիլը եթէ մեր ժողովրուդի նահատակութեան՝ գողգոթայի ամիսը եղաւ, ապա Մայիսը մեր ժողովուրդի վերածնունդի եւ յարութեան ամիսը եղաւ. անիկա սկսաւ 1918ի Սարդարապատի, Ղարաքիլիսայի, Բաշ-Ապարանի յաղթանակներով եւ Հայաստանի անկախութեան հռչակումով, եւ շարունակուեցաւ Շուշիի ազատագրման գործողութեամբ»:
Այնուհետեւ ժողովը կատարեց ներկայութեան ստուգումը, որմէ ետք ժողովի փոխատենապետ Ռոբերտ Մարգարեան յայտարարեց ժողովին ընթացակարգը:
Քարտուղարուհիին կողմէ նախորդ արձանագրութիւններու ընթերցումէն ետք, օրէնսդիրը անցաւ ընտրական քուէախոյզ եւ բանաձեի յանձնախմբերու ընտրութեան: