ՊԷՅՐՈՒԹ.- Կազմակերպութեամբ Համազգայինի Լիբանանի շրջանային վարչութեան, Երեքշաբթի, Մայիս 10ին, երեկոյեան ժամը 8:30ին, «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Երգ Երգոց»ի առաջին համերգը, ներկայութեամբ մեծաթիւ արուեստագէտներու եւ արուեստասէրներու:
Ելոյթ ունեցան հայրենի երգիչներ Վարդան Պատալեան, Աննա Խաչատրեան, Արմէն Դարբինեան եւ Ռուզան Անդրէասեան: Երգիչներուն կը նուագակցէր «Երգ Երգոց»ի նուագախումբը՝ ղեկավարութեամբ Արթուր Յակոբեանի:
Համերգին հիւրաբար նաեւ մասնակցեցան Լիբանանի «Երկու Աստղ» երգի մրցումին մասնակիցները՝ Կարօ Կապուտակեան, Հրաչ Կայծակեան, Գարմէն Աճէմեան, Կարօ Ակոբեան, Իվոն Այվազեան եւ Լուսին Տէմիրճեան:
Աւելցնենք, որ վաղը տեղի պիտի ունենայ Լիբանանի մէջ «Երգ Երգոց»ի երկրորդ եւ վերջին համերգը, ուր հայրենի ու լիբանանահայ երգիչները հանրութեան պիտի ներկայանան տարբեր յայտագիրով:
Ձեռնարկին հանդիսավարն էր Խորէն Լեւոնեան, որ նաեւ երգերով բերաւ իր մասնակցութիւնը: Լեւոնեան նշեց, որ հայութեան ուժը իր միասնականութեան մէջ է եւ այս համերգը այդ հաւաքական կամքին արտայայտութիւնն է:
Հայրենի եւ լիբանանահայ երգիչները մեներգներով, զուգերգներով եւ «թրիօ»ով, շուրջ երկու ժամուան ընթացքին երգեցին աշուղական, ժողովրդային եւ ազգային երգեր՝ ներկաներուն մօտ ստեղծելով մեծ խանդավառութիւն եւ արժանանալով անոնց ծափահարութիւններուն:
Յայտագիրի աւարտին բեմ բարձրացաւ ծրագիրը իրագործող հայրենի արուեստագէտ եւ բեմադրիչ Վիգէն Ստեփանեան, որ յայտնեց, թէ հայրենիք-Սփիւռք կապը չի հաստատուիր խօսքով, այլ՝ գործով: Ան աւելցուց, որ Համազգայինի Լիբանանի շրջանային վարչութիւնը խօսքը գործի վերածելով՝ Լիբանան հրաւիրեց «Երգ Երգոց»ը:
«Երգ Երգոց»ի Լիբանանի առաջին համերգը փակուեցաւ բոլոր երգիչներուն մասնակցութեամբ՝ Պարոյր Սեւակի «Էրեբունի» երգի երգեցողութեամբ: