ՊՕՂՈՍ ԳՈՒԲԵԼԵԱՆ

Նոր հրապարակ ելաւ Կիմա Կիրակոսեանի, գրական անունով՝ Կ. Արմէնի, «Առանց յիշողութեան ապրե՞լ, թէ…» Եղեռնի թեմայով տարաշխարհիկ վէպը. 170 էջ, հրատարակութիւն՝ «Երեւան Փրինթինկ»ի, Կլենտէյլ, Քալիֆորնիա։ Կիման, ազնուահոգի համոզուած «ֆեմինիստ» մըն է, որ հարկ տեսած է Պարպարա Տի Անճելըսի «Գաղտնիքներ տղամարդոց մասին՝ իւրաքանչիւր կին պէտք է իմանայ» եւ «Վստահութիւն գտնել եւ ապրել» խորագրուած զոյգ հատորները թարգմանելով՝ հայ տղամարդը ազատագրել շեշտուած «մաջոյիզմ»ի հոգեբանական կապանքներէն։ Անիկա նաեւ հրատարակուած ունի «Ուշացած խոստովանութիւն» խորագիրով պատմուածքներու հատոր մը։
21րդ դարու արդի հայ գրողը, Սիպերիոյ սառնամանիքները բնակութիւն հաստատած ըլլայ, թէ Ափրիկեան անտառներու խորը, Նիւ Եորքի երկնաքերերը ունենայ իբրեւ խորքային տեսարան, թէ Հոլիվուտի լուսահեղ պողոտաները, այնպէս ալ անիկա իր «սիսթեմ»էն, գիտակցական իր աշխարհէն ու միտքէն պիտի չկարենայ հեռացնել ամբողջ դար մը իր ժողովուրդը տագնապեցնող ու զայն հոգեֆիզիքական կապանքի տակ պահող Մեծ Եղեռնի կամ Հայոց Ցեղասպանութեան խոց ու բոց դարձած յիշատակումն ու քստմնելի թեման, մինչեւ այն օրը, երբ հայկական Դատը իր արդար լուծումը գտնէ։
Արդարեւ Պարսկաստանէն հայրենիք ներգաղթած խորապէս հայրենասէր ծնողքի դուստրն է Հայաստան ուսած ու սնած տաղանդաւոր արձակագիր Կիմա Կիրակոսեանը։ Անիկա իր այս արժէքաւոր գործով, Քալիֆորնիահայ գրական շրջանակներն ու մասնաւորապէս գրողներու միութեան իր ընկերները անգամ մը եւս հաճելի անակնալի առջեւ դրաւ։ Ամբողջ կեանք մը խոցուած սրտի, Եղեռնի արիւնոտ պատկերներով խոշտանգուած երեւակայութեան երախայրիքն է Կիմային նոր վէպը, զոր հիացումով ու յափշտակութեամբ ընթերցեցի Ապրիլ 24ի շաբաթավերջը, ու խոստովանիմ, որ զիս ուղղակի զարմանքի մատնեց հասուն գրիչի տէր գրողին՝ Ցեղասպանութեան թեմայով այս գործը, արդիական իր շունչով ու ընդգրկած բազմաշերտ, համամարդկային խոր ողբերգականութեամբ։
Ձեզմէ անոնք, որոնք Եղեռնի թեմայով գործեր հեղինակած են, իր խորութեան, իր ահաւորութեան մէջ կը զգան ու կը գիտակցին ողբերգական այդ թեմային մատչելի եւ ամբողջ տարի մը, գրեթէ ամէն օր, ամէն րոպէ մարդկային ամէն տրամաբանութիւն ու բանականութիւն խախտող, քանդող ու քայքայող արիւնալի պատկերներու ու դէպքերու յաճախանքն ապրելու հարկադրանքը։ Արդարեւ հայ գեղարուեստական գրողի մը կողմէ իր ցեղին նահատակութիւնը ստեղծագործական երկի վերածելու փորձը, տարագրութեան դժոխքն ու նահատակութիւնը ծայրէ ի ծայր վերապրիլ կ՛ենթադրէ։ Անձնական փորձառութենէ մեկնելով, ես ինծի կը թոյլատրեմ սոյն խորհրդածութիւնները կատարելու իրաւունքը։ Այո, ահաւոր այդ հոգեվիճակը՝ գրողին համար, իր ազգատոհմին Գողգոթան վերապրիլ կը նշանակէ, կարեւոր չէ, թէ անիկա որքա՛ն փորձէ շօշափուած թեմայէն ու իր երեւակայութեամբ ստեղծած աշխարհէն որոշ հեռաւորութիւն պահել:
Տակաւին գոյութիւն ունի նաեւ թուրքը «մարդկայնացնելու»՝ օշականեան առաջին ակնարկով անկարելի թուացող զուտ գրական ու հոգեբանական մարտահրաւէրի յաղթահարումը, կամ հայ ստեղծագործ միտքը յաճախ վհատութեան մատնող դժուարին փորձը, որպէսզի գրական երկ մը եղերերգութենէն, կամ ակամայ դրսեւորուող, վրէժխնդրութեամբ առաջնորդուող ստեղծագործութիւն մը ըլլալու անէծքէն փրկուելով՝ համոզիչ խորքով գրական յաջող երկի մը վերածուի։ Ասոր հետ մէկտեղ, ըսել չենք ուզեր, որ անհատապէս առած՝ համամարդկային խորքով ու զուտ մարդկային դիմագիծով թուրքերու երբեմն կարելի չէ հանդիպիլ։
Մեր խնդիրը՝ հայ քաղաքական մարդուն ու գրողին գերխնդիրը՝ թուրքին հաւաքական մտածողութիւնն է, ամբողջ տասնամեակներ անոր «ինթելեք»չին ու անցեալի յիշողութեան վրայ կանոնաւոր կերպով ու պետականօրէն կիրարկուած ուղեղալուացքը, որ թուրք անհատին ենթագիտակցութեան մէջ բարբարոս իր ցեղը ազնուացնելով՝ վերածած է գերազանցապէս մարդկային, առանձնաշնորհեալ ու բարոյապէս անխոցելի, իտէալական, ընտրեալ հաւաքականութեան մը, որ անկարելի է ցեղասպանութիւն գործած ըլլայ… Որ անիկա չի կրնար այդպիսի անմարդկային արարքներու հետամուտ եղած ըլլալ, ինչպէս ամբողջ ցեղի մը բնաջնջումն ու հօրենական օճախէն անոր տարագրումը։ Եւ դեռ Տէր Զօրի անապատները, ստոյգ մահուան գիրկը ուղարկուածներուն կալուածներն ու ինչքերը զաւթելը, ո՛չ իսկ խնդրոյ առարկայ կը դարձուի, ո՛չ իսկ կը յիշուի թուրք ղեկավարութեան կողմէ:
Նոյնիսկ ամէնէն կիրթ ու մարդասէր թուրքին խոստովանութեամբ ու համոզումով, «Համաշխարհային Առաջին պատերազմի խառնաշփոթութեան մէջ, հայերը զոհը դարձան քրիստոնեայ պետութիւններու գրգռութիւններուն, անոնց շռայլած սին խոստումներուն ու ըմբոստացան թուրք պետութեան դէմ», եւ ամբողջ ժողովուրդ մը սպանդանոց ուղարկած ըլլալու իրենց ոճիրը կը բանարկուի հայերու եւ թուրքերու միջեւ ցեղային հաւասարէ-հաւասար բախումներով։ «Այո, այդ թէժ օրերուն մեր երկու «միլլե»չները բախում ունեցան» թրքերէն տարազը, որ հիւպատոսներէ ու ՄԱԿի թուրք պաշտօնատարներէն անձամբ լսած ենք՝ «ՉԱՐՓՇՏԸՔ»։ Պրաւօ, տաս՛ը խաչ։
Կռուելու ատակ տղամարդիկ օսմանեան բանակ զինուորագրելով՝ տարին, կոտորեցին, իսկ Ապրիլ 24, 1915ին գիշերը, հայ մտաւորականութիւնն ու ղեկավարութիւնը ձերբակալելով՝ գլխատեցին Թուրքիոյ հայութիւնը, յետոյ ալ մնացեալ անզէն ծերերու, կիներու ու մանուկներու, սովալլուկ խլեակներու հետ, իբրեւ թէ ճակատ ճակատի բախում ունեցան թրքական հզօր զօրքերն
ու արիւնռուշտ չէթէնները… եւ ընթացքին երկուստեք զոհեր տուին…
«Just give me a breake!» պիտի գոչէր ամերիկացին:
Արձակագիր Կիմա Կիրակոսեանի «Առանց Յիշողութեան Ապրի՞լ, թէ…» խորագրուած վէպը եւ անոր որդեգրած «փլա»չը կամ՝ դիպաշարը, առաջին ակնարկով գուցէ բանիմաց ընթերցողին քիչ մը միամիտ կամ տարաշխարհիկ ու ցնորային թուի: Այդ մէկը մակերեսային հապճեպ կարծիք մը պիտի ըլլար. կարծիք մը, որով արդարութիւն ըրած պիտի չըլլայինք հեղինակին։
Ճիշդ դիրքորոշուելու ու վէպը բնութագրելու համար, հարկ է պահ մը մեր շուրջը ուշադիր նայինք, թէ վերջին քանի մը տասնամեակներուն, Հոլիվուտեան ծախսալից ժապաւէններու «սիւժէ»ն կամ դիպաշարը, ինչ նիւթերու վրայ յենուած է. միթէ անոնց հերոսները ընդհանրապէս արտամոլորակային զուտ երեւակայական արարածներ չե՞ն եղած… կամ ալ իրարու հետ ճակատող ռոպոթներ։
Կիման, վիպագիր հայուհին, իր պատումը եւ քիչ մը ֆանթաստիք թեման բերած ու արդի թուրք ղեկավարութեան ճիշդ սրտին կամ աւելի ճիշդը՝ խղճին մեխած է, եթէ երբեք ներկայի իշխանութեան գլուխ գտնուող թուրք «էլի»չը՝ Էրտողաններն ու Տաւութօղլուները, կ՛անսան խղճի եւ սրտի իրենց ձայներուն։
Կ. Արմէնի վէպին գլխաւոր հերոսները համալսարանական երիտասարդներ են՝ թրքական իշխող վերնախաւի զաւակներ, որոնք իրենց հայրերուն հակահայ տեսութիւններուն ճակատաբաց կը հակադրուին։ Իրաւացի է վիպագիր մեր ընկերուհիին հասունցուցած այն միտքը, թէ գալիք տասնամեակներուն, Հայկական Ցեղասպանութեան ու հողային պահանջատիրութեան հանդէպ թուրք նոր սերունդին բռնած կեցուածքէն կախում պիտի ունենայ Հայ Դատի բարւոք լուծումը, ինչպէս նաեւ հայ եւ թուրք բարեկամական կապերու հաստատումը:
Վէպին պատումը հետեւեալ ձեւով կ՛ընթանայ.
Ապտիւլ՝ Թուրքիոյ հանրապետութեան նախագահին մէկ հատիկ որդին է, իսկ անոր սիրուհին եւ վէպին գլխաւոր հերոսուհին է առողջապահական նախարարին դուստրը՝ Սնինջ անունով։ Այստեղ հարկ կը գտնեմ նշել, թէ հեղինակը իր վէպին ընթերցումը աւելի հեզասահ պիտի դարձնէր, եթէ թրքական հանրածանօթ անուններ շնորհէր իր գլխաւոր հերոսներուն, ինչպէս ըրած է ան Ապտիւլի եւ Օսմանի պարագային։ Թրքերէն լեզուին քիչ թէ շատ ծանօթ ըլլալով, մինչեւ հիմա չկրցայ «Սնինջ»ը, տարաշխարհիկ այդ անունը միտքիս մէջ տեղաւորել։
Ապտիւլ, իր տարեդարձին առիթով, անձնական փոքր սաւառնակ մը նուէր կը ստանայ նախագահ հօրմէն, եւ սաւառնորդի արտօնագիրին արժանանալուն ուրախ առիթով, իր մտերիմ ընկերները կը հրաւիրէ Անգարայի մօտակայքը Գոնիա քաղաքը թռիչք կատարելու, ըստ անոր հեգնախառն բացատրութեան՝ «պահուած գանձեր որոնելու…»:
Խօսքը կու տանք Ապտիւլին.
«Դէպի հարաւ մի քաղաք կայ՝ Կոնիա, որտեղ հրաշալի մի այգի կայ, իսկ այդ այգում՝ բացօդեայ «ռեստորան» (ճաշարան-Խնբ.), որտեղ ջրվէժներ կան, եղնիկներն ու սիրամարգերը ազատ ման են գալիս այգում, ի դէպ ռեստորանի տէրը հայ է, այնտեղ շատ համով ճաշեր են մատուցում։ Ես ուզում եմ որ ասետրինայի խորոված ուտենք (թարափ անունով խորոված ձուկ-Պ.Գ.), ու էլի ետ գանք. վաղը ծննդեանս օրն է»:
Իսկ վէպի մուտքին հետեւեալ դիպուկ սրախօսութիւնը տեղի կ՛ունենայ Ապտիւլի եւ իր սիրուհիին միջեւ.
– Գանձերը որոնելու պատրա՞ստ ես,- կատակեց Ապտիւլ։
– Գանձերը որոնելու ժամանակ չունիմ, վերջին քննութեանս պէտք է պատրաստուիմ։
– Սա էլ քննութիւն է՝ կեանքի քննութիւն… սովորենք համատեղ ապրելու արուեստին տիրապետել, չէ՞ որ շուտով ամուսնանալու ենք։
– Ապտի՛ւլ…
– Ասա,- քնքշօրէն նայում է Սնինջին։
– Այդպէս մի նայի, հալեցնում ես. որ հալուեմ՝ քեզ ոչինչ չի մնայ:
Վստահ եմ, որ Կիմա Կիրակոսեան վիպագիրը, ինչպէս քիչ առաջ նշեցի, առանց Յակոբ Օշականին տուած «թուրքը մարդկայնացնելու» յորդորին ծանօթ ըլլալու, գրողի բնական իր բնազդով կը կիրարկէ զայն։ Քիչ ետք Օսմանը կը միանայ խումբին, ու անոնց անմեղ թուացող երկիմաստ խօսակցութիւնը կը շարունակուի.
– Ո՞ւր ենք գնում,- միանգամից հարցրեց նա։
– Գանձերի կղզին,- կատակեց Սնինջը։
– Ես այդպէս ալ չկարդացի այդ գիրքը, ինչպէս նաեւ մնացեալ դասականներին։
– Ուշ է ափսոսալդ, թոշակի անցնելուց կը կարդաս։
– Եթէ հասնենք թոշակի, շատ թուրք տղամարդիկ յիսունի էլ չեն հասնում հիմա։ Ի՞նչ համաճարակ է սա։ Սնի՛նջ, հայրդ (առողջապահական նախարար է, Պ.Գ.) երեւի գիտի այս առեղծուածի պատասխանը։
– Հետազօտական մի խումբ աշխատում է այդ խնդրի վրայ։ Խօսակցութիւններ են տարածուած, թէ մեր ազգի վրայ կախուած հայի անէծքն է, որ տղամարդիկ այսքա՛ն կարճ են ապրում։
Բարեկամներ, վէպին սկիզբէն այսքան բան կարենալ ձեւաւորելը կամ քօղարկուած ձեւով պատգամելը՝ արդէն գրելու վարպետութիւն կ՛ենթադրէ. ատոր ապացոյցն է թուրք տղամարդիկը յիսունի սեմին անդի աշխարհ ղրկելը՝ այնպէս ըսուած՝ «հայու անէծքին իբրեւ հետեւանք»։
Սիրահարներու երիտասարդ խումբը անհոգ, տօնական խանդավառ մթնոլորտի մէջ, Ապտիւլին անձնական սաւառնակը կը լեցուի։ Եթեր բարձրանալէ բաւական ետք, երբ սաւառնակը ամայի վայրէ մը թռիչք կը կատարէ, այդ եղանակին համար անսպասելի փոթորիկ, որոտում ու անձրեւ մը ծայր կու տայ եւ անոնց սաւառնակը շանթահար՝ հարկադիր վայրէջք կը կատարէ, այդ միջոցին սաւառնակին թեւը ծառի մը հպելով կ՛անջատուի։ Ապտիւլ սարսափահար, սաւառնակին ռատիօ-հեռախօսով ի վերջոյ նախագահ հօրը գրասենեակը կը կապուի՝ շտապ օգնութիւն հայցելու։ Զիրենք զգետնող փոթորիկը յանկարծ կը լռէ։ Ու իրենց գարուն կեանքերուն խնայած ըլլալուն համար, քիչ ետք խումբին երիտասարդ ու վառվռուն անդամները անօթենալով՝ բնութեան ծոցը սեղան կը դնեն՝ շամբանիայով ու պահածոյ մթերքով փառք տալու Ալլահին… Ճաշէն ետք Օսմանի սիրուհին՝ Էլիֆը, կ՛երեւի բնական պէտքի համար, բայց ըստ փափկանկատ հեղինակին՝ ծաղիկ քաղելու համար, խումբէն կը հեռանայ, ու միջոցին աւազին մէջէն կաշեպատ հին մագաղաթ մը կը քսուի ոտքին. կը ծռի ու կը վերցնէ լատինականէն բոլորովին տարբեր օտարոտի տառերով գրուած գիրքը, որ անմարդաբնակ այդ վայրին մէջ դիպուածով յանկարծ իրեն կը յայտնուի:
Խօսքը կու տանք հեղինակին.
«Էլիֆն իրեն տարօրինակ զգաց, նրան թուաց թէ այդ գրքի էջերից մարդիկ են դուրս գալիս՝ կանայք, երեխաներ։ Նրանց շարքը երկար էր, նա զարմացած նայում էր ու չէր լսում Օսմանին, որը անհանգստացած նրան էր կանչում։
Մի երեխայ մօտեցաւ նրան.
– Խանում, ջու՛ր, ջու՛ր տուր ինձ, ծարաւ ենք, մայրս ջուր է ուզում, որ տայ տատիս, նա մեռնում է…
Երեխային կլոր սեւ աչքերը խոշորացել էին նրա դէմքի նիհարութիւնից։ Էլիֆը սարսափած փակեց գիրքը, նա ցանկացաւ վեր կենալ, բայց նորից տեսիլները յայտնուեցին. պարում էին կանայք… հայկական պարեր։ Մի քաղցած երեխայ նրանից նորից ջուր խնդրեց.
– Ջո՛ւր, խանում, ջո՛ւր, ծարաւ եմ։
Էլի ուրիշ երեխաներ եկան, հաւաքուեցին նրա շուրջը։
– Հա՛ց խանում, հա՛ց տուր մեզ, քաղցած ենք, հա՛ց տուր մի կտոր։
– Էլի՛ֆ, ին՞չ եղար, այդքան ծաղիկ պէտք չէ քաղես, արի՛,- ձայն տուեց հեռուից Օսմանը։
Պատասխան չստանալով՝ նա անհանգստացած մօտեցաւ ու տեսաւ ընկած Էլիֆին։ Տեսաւ նրա կողքին բացուած մի գիրք։ Զարմացած, գիրքն առաւ ձեռքն ու թերթեց. «Հայերէն է», մտածեց նա, «երեւի նրանց Աստուածաշունչն է»։ Նա սարսափած՝ ցած դրեց գիրքը, բայց արդէն ուշ էր։ Նրան էլ յայտնուեցին տեսիլները՝ քաղցած ու սովալլուկ մանուկներ, ծեր պապիկներ ու ջահել հարսներ, քաղցից սմքած մաշկով ու աչքերով։
Օսմանն ալ կորցրեց իր գիտակցութիւնը»:
Այս հատուածը վէպին առաջնորդող, խորքային մասը կը կազմէ. Piece de resistance-ը։ Հետագային, որպէս «Արմէնդարդ» ճանաչուող համաճարակը պիտի սկսի մահացու կերպով վարակել կեանքերը բոլոր անոնց, որոնք կ՛առնչուին գտնուած հայերէն Աստուածաշունչին հետ, եւ ո՜վ հրաշք, հազարաւոր երիտասարդ զոհերէն պիտի փրկուին միայն անոնք, որոնց ծնողքը ընդունած է Հայկական Ցեղասպանութեան իրողութիւնը ու զղջում յայտնած։ Ապտիւլը՝ Թուրքիոյ նախագահին մէկ հատիկ որդին, եւս զոհ պիտի երթայ «Արմէնդարդ»ին, ելլելով այն իրողութենէն, որ անոր նախագահ հայրը, զաւակը կորսնցնելու գնով կը մերժէ ճանչնալ Հայկական Ցեղասպանութիւնը եւ զղջում ցոյց տալ։
Կ՛երեւի վերջերս, Լոս Անճելըս ժամանող Ճեմալ Փաշայի թոռնիկը, «Արմէնդարդ»էն սարսափելով է, որ սկսած է ճիւաղ մեծ հօրը լեռնակուտակ մեղքերուն դիմաց «Միա Գուլփա» գոչել ու զղջում ցոյց տալ։ Կը տեսնէք, թէ Կիմային «ֆորմիւլա»ն կամ անոր դեղատոմսը հրապարակ չելած արդէն սկսած է հրաշքներ ու յաճախ աւեր գործելու։
Կատակը մէկդի՝ վաղը եթէ այս հատորին «սիւժ»էն անգլերէնի թարգմանուելով դիպաշարի վերածուի, ու Հուլիվուտի ուշադրութեանը արժանանայ, ամէն ցեղի մարդիկ գժուածի պէս համոզումով պիտի դիտեն Ս. Գիրքէն ցոլարձակող եւ անմեղ զոհերու թափած խնկաբոյր արեան ամենազօր էութեան վերագրուած այս կախարդանք-հրաշքը։
Շշուկներ կը շրջին, թէ «Արմէնդարդ»ը անխնայ պիտի հարուածէ նաեւ ապազգային այն հայրենի ղեկավարներն ու օլիկարխները, որոնք խեղճ ժողովուրդը կեղեքելու գնով միլիառներ կը դիզեն, ու իրենց հաստատած ընկերային անարդար կարգերուն պատճառով, մեր հայրենիքը կը հայաթափուի։ Ըսուած է թէ թշնամին կարող չէ երկիրդ քանդել, առանց ներսէն գործակցող հինգերորդ զօրասիւնի աջակցութեան…
Իսկ Կիմային շեշտադրած խղճահարութիւնը, անտարակոյս, օր մը պիտի փրկէ թուրք ցեղը դար մը ամբողջ անոր ենթագիտակիցին մէջ թաքնուած ու «Արմէնդարդ»ի վերածուած խղճմտանքի ձայնէն ու մղձաւանջային արիւնոտ պատկերներէն, եւ մասնաւորապէս՝ հայ նահատակներու անէծքէն։
Որպէս Եղեռնէն հրաշքով փրկուած ծնողքի զաւակ ու մանուկ հասակին իր ծննդավայրէն աքսորուած հայ անհատ, յաճախ ես ինծի հարց կու տամ, թէ Քեմալական ծայրայեղ թուրք ղեկավարութիւնը, կամ անոնք, որոնք զառանցանքը կ՛ապրին Օսմանականութեան փառքի օրերուն վերադառնալու, ինչպիսին են Տաւութօղլուներն ու Էրտողանները, այո՛, այդ պարոնները, առաւօտուն, հայելիին առջեւ ածիլուած պահուն ի՞նչ կը տեսնեն… եօթը գլխանի ճիւա՞ղ մը, թէ իր խիղճին դէմ պայքարող, իր բուն էութիւնը թաքցնել փորձող խեղճութիւն մը։
Կիրակոսեանի վէպը թուրք մարդուն ապրած երկուութիւնը մակերես հանող իր տեսակին մէջ իւրայատուկ ստեղծագործութիւն է, շատ ուժեղ, համոզիչ ոճով գրուած, դիւրըմբռնելի վէպ մը, զոր կարելի է մէկ շունչով ընթերցել։
Կիման իր այս վէպով ընթերցանութեան հաճոյքը կը վերադարձնէ ամէն տարիքի հայ ընթերցողին։ Յուսամ ներկայ հատորը թրքերէնի թարգմանուելով՝ թուրք մտաւորականութեան եւ անոր ղեկավարութեան խիղճին կը յանձնուի։
Կը շնորհաւորեմ տաղանդաւոր վիպագիրը եւ անդրագոյն յաջողութիւններ կը մաղթեմ անոր։