ԼԻՆՏԱ ԳԱՆՏԻԼԵԱՆ
Հայ Քոյրերու վարժարանը այս տարի եւս մեծ թափով պատրաստուեցաւ ոգեկոչելու Հայոց Ցեղասպանութեան տարեդարձը։ Փոքր դասարաններէն մինչեւ ութերորդ դասարանի աշակերտներ, հետեւեցան իրենց հայերէն լեզուի ուսուցիչներու ցուցմունքներուն, սորվեցան ոտանաւորներ, կարդացին պատմուածքներ եւ դիտեցին ականատեսի վկայութիւններ՝ տեսաերիզներով։
Հայկական համացանցային կայքերէ, 6-8րդ դասարանի աշակերտներ, Ապրիլ 24ին յատուկ աշխատանքներ կատարեցին՝ տեղեկանալով Արեւմտահայաստանի պահանջեալ հողերու, ջարդի պատճառով որբացած սերունդէն աշխարհահռչակ դարձած հայերու մասին, իսկ վեցերորդ դասարանը հետաքրքրական աշխատանք մը կատարեց՝ պատրաստելով ընտանեկան ծառեր, որուն միջոցաւ իւրաքանչիւր աշակերտ առիթ ունեցաւ պրպտելու ու գտնելու իր նախահայրերուն արմատները՝ հայրենի հողի ո՞ր բռնագրաւուած քաղաքի ընթերքներուն մէջ խրուած ըլլալը։ Այս բոլոր աշխատանքները, կ՛օգնեն անոնց միտքերը զարգացնելու, պատմական ու վաւերագրական տեղեկութիւններ աւելցնելու՝ զօրացնելով իրենց մէջ պահանջատիրութեան գիտակցութիւնը։
Այս տարի Հայ Քոյրերու վարժարանի աշակերտութիւնը, Ուրբաթ, Ապրիլ 29ի առաւօտեան ներկայ եղաւ Ս. պատարագի արարողութեան, ուր պատարագեց եւ քարոզեց հայր Գրիգոր Շահինեան։ Ան իր քարոզին մէջ անդրադարձաւ 96 տարիներ առաջ հայ ժողովուրդին հանդէպ տեղի ունեցած անարդարութեան եւ յորդորեց աշակերտները հաւատարիմ մնալու նահատակներու աւանդին: Պատարագի աւարտին, նահատակաց շարականի երգեցողութեամբ աշակերտները իրենց յարգանքի տուրքը մատուցեցին մէկուկէս միլիոն զոհերու յիշատակին՝ ծաղկեփունջեր զետեղելով, վարժարանիս շրջափակին մէջ կանգնած Ծիծեռնակաբերդի մանրակերտին, որուն յաջորդեց հոգեհանգստեան պաշտօն։
Յետմիջօրէին, ուսանողութիւն, ծնողներ, հիւրեր եւ ուսուցչական կազմ ներկայ եղան վարժարանի «Դանիէլեան» սրահէն ներս կայացած նահատակաց ոգեկոկոչման, ուր բոլոր աշակերտները իրենց մասնակցութիւնը բերին։ Հանդիսավարն էր Լինտա Գանտիլեան, որ իր բացման խօսքով զուգահեռ մը գծեց Քրիստոսի խաչելութեան ու Յարութեան եւ հայ ժողովուրդի «գողգոթային» ու «Յարութեան» միջեւ, կոչ ուղղելով աշակերտներուն, որ այս օրը դառնայ իրենց ուխտի օրը:
«Եկէք այսօր, խոստացէ՛ք դուք ձեզի զինուիլ գիտութեամբ եւ ձեր պապերու հաւատքի զօրութեամբ, վերադարձնելու մեր երբեմնի շէն Կարսը, Մուշը, Զէյթունը, Խարբերդը, Կարինը ու գաղցրիկ Կիլիկիան, եւ այդ միջոցով հանգստացնել ձեր պապերու հոգիները եւ լուծէք անոնց վրէժը», ըսաւ ան։
Հանդիսութիւնը շարունակուեցաւ մանկապարտէզէն մինչեւ ութերորդ կարգի աշակերտներու արտասանութիւններով եւ կենդանի պատկերներով: Ապա բեմ բարձրացան 7րդ դասարանի աշակերտները եւ ներկայացուցին Ժանէթ Քասունիի Մեծ Եղեռնը ներկայացնող թատերգութիւններէն պատկերներ։ Գնահատելի էր ներկայացումը, ի մասնաւորի՝ Ուիլեըմ Յովասափեանի (թուրք սպայ) եւ անոր «խղճի ձայն»ը ներկայացնողներուն՝ Նարեկ Հալէպլեանի, Մինաս Առաքելեանի եւ Միքայէլ Սարգիսեանի մեկնաբանութիւնը: Անոնք իրենց ճարտար խաղարկութեամբ, արտայայտիչ շարժուձեւերով եւ յստակ առոգանութեամբ բոլորին համար մատչելի դարձուցին նիւթը: Նաեւ յուզիչ էին գաղթականներու դժուարութիւնները պատկերացնող տեսարանները, զորս աշակերտները ապրումով ներկայացուցին՝ հանդիսատեսներուն աչքերէն արցունք խլելով։
Ապա, աշակերտները գոհունակութեամբ լսեցին տնօրէնուհի՝ քոյր Լուսիայի եզրափակիչ պատգամը. «Միշտ խօսեցէք հայերէն. հպարտ զգացէք, որ ունինք հարուստ լեզու, մշակոյթ, եւ զայն պարծանքով ծանօթացուցէք օտարներուն. այն ատեն է, որ մենք մեր նահատակներուն հոգիները հանգիստ պահած կ՛ըլլանք»:
Աշակերտութիւն, ծնողներ, հիւրեր սրահէն բաժնուեցան Տէրունական աղօթքի երգեցողութեամբ՝ վերանորոգելով իրենց ուխտը եւ խոստանալով հաւատարիմ մնալ իրենց անցեալին, պահանջատիրութեան եւ արդար Դատին, որուն ժառանգորդն է նոր սերունդը։