ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ

Դժբախտաբար, Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարանի եւ յուշահամալիրի (AGM&M) ստեղծման վեհ եւ սուրբ գաղափարը Ուաշինկթընի մէջ հասաւ դատարանին դռները։ Սակայն, հակառակ ժողովուրդին մէջ տարածուած կարծիքին, խնդիրը պարզապէս երկու հարուստ անձերու՝ Ճերարտ Գաֆէսճեանի եւ Հրայր Յովնանեանի, միջեւ հակամարտութիւն չէր, ոչ ալ սոսկ տարաձայնութիւն՝ ծրագիրի չափին ու ծաւալին շուրջ։ Իսկական վէճը յառաջացաւ, երբ Հայկական Համագումարին առաջնորդները փորձեցին իրենց ձեռքը առնել «Գաֆէսճեան ընտանիք» հիմնադրամին կողմէ նուիրաբերուած բազմամիլիոն տոլար արժող թանգարանային շէնքերուն վերահսկողութիւնը եւ զրկել Գաֆէսճեանը՝ իբրեւ «AGM&M» բարեգործական կազմակերպութեան խորհուրդի անդամ, որեւէ որոշում կայացնելու լիազօրութենէն։
Երկարատեւ դատավարութենէ ետք, դաշնակցային դատաւոր Քոլին Քոլար-Քոթելի, 2011ի Յունուար 26ին կայացուց վճիռ մը, թէ թանգարանային շէնքերը պէտք է վերադարձուին «Գաֆէսճեան ընտանիք» հիմնադրամին։ Ան ուժի մէջ ձգեց 2003ի Նոյեմբեր 1ին Ամերիկայի Հայկական Համագումարին կողմէ ստորագրուած դրամաշնորհային համաձայնագիրով սահմանուած «վերադարձման դրոյթը», որով կը նախատեսուի, որ «Գաֆէսճեան ընտանիք» հիմնադրամին կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարան եւ յուշահամալիր ստեղծելու նպատակով Համագումարին նուիրաբերուած շէնքերը պիտի վերադարձուին «Գաֆէսճեան ընտանիք» հիմնադրամին, եթէ Համագումարը չյաջողի աւարտին հասցնել թանգարանին ստեղծումը մինչեւ 2010 թուականի Դեկտեմբեր 31ը։ Այդ պարտաւորութիւնը հետագային փոխանցուեցաւ «AGM&M» կազմակերպութեան:
Ի պատասխան Համագումարին կողմէ ներկայացուած՝ 2011ի Յունուար 26ի վճիռը բողոքարկող նոր հայցին, դատաւոր Քոլար-Քոթելի 2011ի Մայիս 9ին կայացուց վերջնական որոշում մը՝ հրահանգելով, որ Համագումարը «Գաֆէսճեան ընտանիք» հիմնադրամին փոխանցէ թանգարանի շէնքերուն սեփականութիւնը, ոչ ուշ քան 2011ի Մայիսի 23ը։ Ան մերժեց Համագումարին՝ դատը վերստին սկսելու պահանջքը։ Ան նաեւ խնդրեց դատաւորի օգնականէն, որ իրեն ներկայացնէ «AGM&M»ի կողմէ փոխհատուցման ենթակայ՝ Գաֆէսճեանի իրաւաբանական ծախսերուն ճշգրիտ գումարը:
«Գաֆէսճեան ընտանիք» հիմնադրամը վստահաբար գոհ է կայացուած վճիռէն, իսկ Համագումարը հաւանաբար կը քննարկէ իր իրաւական տարբերակները։ Սակայն, հաշուի առնելով «Գաֆէսճեան ընտանիք» հիմնադրամի օգտին դատաւորին վերջին երկու վճիռները՝ լրացուցիչ դատավարութիւնները կամ բողոքարկումները ո՛չ կը բխին Համագումարին, ո՛չ ալ ամերիկահայ համայնքի շահերէն։ Ժամանակն է վերջ դնելու դատական քաշքշուկներուն եւ կեդրոնանալու գլխաւոր նպատակին վրայ՝ կառուցել Ցեղասպանութեան թանգարանը։
«Գաֆէսճեան ընտանիք» հիմնադրամի նախագահ Ճերարտ Գաֆէսճեանը, ճիշդ որոշում կայացուց՝ յայտարարելով, որ «դատարանի եզրափակիչ վճիռը մեզի ազատութիւն կու տայ, որպէսզի կառուցենք Հայոց Ցեղասպանութեան իրողութեան եւ շարունակուող հետեւանքներուն մասին վկայող՝ երկար ատենէ սպասուած այս թանգարանը եւ յուշահամալիրը»:
«Գաֆէսճեան ընտանիք» հիմնադրամի խորհուրդի անդամ Ռոս Վարթեան խոստացաւ, որ «Գաֆէսճեան ընտանիք» հիմնադրամը վերսկսի թանգարանին ծրագիրը՝ «շահագրգիռ ԲՈԼՈՐ կազմակերպութիւններուն եւ անհատներուն մասնակցութեամբ»։ «Ամերիկայի Ձայն»ին տուած իր հարցազրոյցին մէջ, Վարթեան յստակացուց, որ «Գաֆէսճեան» հիմնադրամը կ՛ողջունէ Հայկական Համագումարին մասնակցութիւնը համա-համայնքային նման կազմին:
Ասիկա չափազանց խելամիտ մօտեցում է։ Ինչպէս Աստուածաշունչին մէջ կ՛ըսուի. «Ամէն ինչ ունի իր եղանակը… կայ ժամանակ քանդելու եւ ժամանակ՝ կառուցելու… կայ պատերազմի ժամանակ եւ խաղաղութեան ժամանակ»։ Այս պարագային, կարելի է աւելցնել՝ կայ ժամանակ դատ բանալու, եւ ժամանակ՝ համաձայնելու։
Մէկ տասնամեակ առաջ, երբ Հայկական Համագումարի խորհուրդի նիստին, առաջին անգամ կը քննարկուէր Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարանի գաղափարը, նախքան որեւէ ներքին վէճերու ի յայտ գալը, կազմակերպիչները հարցուցին իմ կարծիքը իրենց նախաձեռնութեան մասին։ Ես անոնց առաջարկեցի հրաւիրել ամերիկահայ գլխաւոր կազմակերպութիւնները մասնակցելու այս համա-համայնքային ջանքերուն՝ դրամահաւաքը եւ համահայկական այս ծրագիրի գործադրումը վերահսկելու ուղղութեամբ։ Այն ժամանակ, ցաւօք, իմ խորհուրդը միաձայնութեամբ մերժուեցաւ։
«Գաֆէսճեան ընտանիք» հիմնադրամը ներկայիս կը շարժի ճիշդ ուղղութեամբ՝ հրաւիրելով ամերիկահայ գլխաւոր կազմակերպութիւնները, ներառեալ՝ Հայկական Համագումարը, ինչպէս նաեւ հայ եւ օտար կարկառուն դէմքերը, համախմբուելու եւ կեանքի կոչելու համար Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարանի ու յուշահամալիրի ստեղծման՝ երկար ժամանակէ ի վեր ձգձգուած շնորհալի այս ծրագիրը, մինչեւ 2015ի Ապրիլ 24ը՝ Հայոց Ցեղասպանութեան 100րդ տարելիցը։ Այս վեհ նպատակը չորս տարուան ընթացքին իրագործելու համար, ամէն ոք պէտք է մէկ կողմ դնէ այլ նկատառումներ եւ կեդրոնանայ այս հսկայական ծրագիրի իրագործման վրայ։ Ներքին հայկական մանր-մունր վէճերը միայն թուրքերուն առիթ կու տան ծաղրուծանակի ենթարկելու հայերն ու անոնց սուրբ Դատը։ Դատավարութիւններու եւ բողոքարկումներու վրայ աւելորդ ժամանակ եւ դրամ վատնելու փոխարէն, դրամական միջոցներն ու ուժերը պէտք է ուղղուին աւելի քան 100 միլիոն տոլար արժող այս կարեւոր համալիրի ստեղծման:
Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարանը, որ կը գտնուի Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մայրաքաղաքի սիրտը՝ Սպիտակ տունէն երկու թաղամաս անդին, պիտի ըլլայ 1.5 միլիոն անմեղ զոհերուն նուիրուած յիշատակարան եւ Ցեղասպանութիւնը վերապրածներու աննկուն ոգիի յարգանքի տուրքը։
ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈԻՆԵԱՆ
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր
Թարգմանեց՝ ՌՈՒԶԱՆ ԱՒԱԳԵԱՆ