
ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը հաղորդէ, թէ Միացեալ Նահանգներու մօտ Հայաստանի դեսպան Թաթուլ Մարգարեան Ուաշինկթըն գտ-նուող դեսպանատան մէջ պիտի հիւրընկալէ երկրի տարբեր շրջաններէն համայնքային ղեկավարներ եւ գործիչներ, որոնք պիտի մասնակցին Հայ Դատի խորհրդաժողովի մը, որ տեղի պիտի ունենայ Յունիս 24-27, մայրաքաղաք Ուաշինկթընի մէջ:
Խորհրդաժողովի մասնակիցները պիտի քննեն Հայ Դատի աշխատանքներուն դէմ խոչընդոտները շրջանցելու եւ Հայ Դատը առաջ մղելու նորարար քայլեր որդեգրելու կարելիութիւնները:
Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբին ու Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի հիմնադրամին համատեղ ջանքերով կազմակերպուած խորհրդաժողովին խորագիրն է՝ «Հայ Դատ 2.0: Ընկերային ցանցեր, ժողովրդային ուժ եւ խելացի ջատագովութիւն»:
Ինչպէս հաղորդած ենք, տեղի պիտի ունենան շարք մը մասնագէտներու կողմէ ներկայացումներ, աշխատանիստեր ու քննարկումներ, ինչպէս նաեւ ընկերային հաւաքներ ու խորհրդակցելու բազմաթիւ ու բազմազան առիթներ:
Յաւելեալ տեղեկութեանց կամ արձանագրուելու համար, այցելել www.anca.org/conference կայքէջը: Արձանագրութեան ժամկէտը Մայիս 27ն է: