ՆԻԿՈՍԻԱ.- Կիրակի, Մայիս 22ին, Կիպրոսի մէջ տեղի ունեցան խորհրդարանական ընտրութիւններ, որոնց առընթեր՝ նաեւ փոքրամասնութիւններու պետական ներկայացուցիչներու ընտրութիւններ:
Հայ համայնքի պետական ներկայացուցիչի պաշտօնին համար ՀՅԴի թեկնածուն էր Վարդգէս Մահտեսեանը. առաջադրուած էր նաեւ Անդրանիկ Աշճեանի թեկնածութիւնը:
Քուէարկութիւնը վերջ գտաւ Վարդգէս Մահտեսեանի եւ ՀՅԴի յաղթանակով՝ քուէներու 68-32 համեմատութեամբ:
«Այս փառաւոր յաղթանակը կը պատկանի կիպրահայութեան», յայտարարեց Վարդգէս Մահտեսեան՝ աւելցնելով. «Վստահութեան այսքան մեծ արտայայտութիւն՝ ուսերուս շատ մեծ պարտաւորութիւն կը դնէ՝ յաւելեալ ճիգերով ծառայելու մեր գաղութին, աւելի լաւ ապագայի մը տեսլականով»:
Նախորդ տարիներուն կիպրահայ համայնքին մէջ կատարուած աշխատանքներն ու զգալի առաջընթացը ցոյց տուած են, որ Վարդգէս Մահտեսեան ոչ միայն փորձառու քաղաքական գործիչ է ու լաւ դիւանագէտ, այլեւ համայնքի նուիրուած եւ պատասխանատու անդամ:
Յառաջիկայ հինգ տարիներուն, Վարդգէս Մահտեսեան պիտի ըլլայ Կիպրոսի օրէնսդիր մարմինին մէջ հայ համայնքի պետական ներկայացուցիչը՝ պաշտպանելով կիպրահայութեան շահերը: