
ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- ՀՀ արդարադատութեան նախարարութեան նօտարական բաժնի նախկին պետ Մարիամ Գաբոյեանի հետ կայացած ասուլիսին, Մայիս 25ին, բարձրացած է մեծ աղմուկ մը, երբ Գաբոյեան պնդած է, որ նօտարական համակարգին մէջ կաշառակերութիւն չկայ, իսկ նօտարական ապօրինութիւններու մասին կը խօսին մարդիկ, որոնք դատարաններ դիմած են ու բոլոր ատեաններով՝ պարտուած:
«Ինչի՞ համար էք բողոքում. դատարանն արդէն որոշում է կայացրել, ինչի՞ համար էք ծեծուած-ջարդուած բաները նորից մէջտեղ բերում», յայտարարած է Գաբոյեան, երբ ասուլիսին ներկայ քաղաքացիներէն ոմանք, որոնք «նօտարներու կողմէ քաշուած էին», պոռթկացած են: Անոնք Գաբոյեանը մեղադրած են կեղծարարութիւններով զբաղող նօտարներուն «կեղտոտ, ապօրինի» գործարքները հովանաւորելուն համար:
«Հայաստանի բոլոր դատարանները համագործակցում են ձեզ հետ եւ իրենց վճիռները համաձայնեցնում են անձամբ ձեզ հետ», վրդոված յայտարարած է քաղաքացին մը՝ Վարդան Համբարձումեանը: Այլ քաղաքացի մը՝ Մանիա Արզումանեանը, եւս պնդած է, որ Գաբոյեան զբաղած է նօտարական գրասենեակներու ապօրինութիւնները հովանաւորելով, եւ նոյնիսկ իր ստորագրութիւնը դրած է ակնյայտ ապօրինի գործարքի տակ. «Դուք մի քանի տարի առաջ մահացած մարդուն ձեր գործարքով վերակենդանացրել էք. նրա անունով գործարք էք կնքել, ու նորից նրան թաղել էք», յայտարարած է տիկինը: Ան ողջունած է արդարադատութեան նախարարութեան նօտարական բաժինը վերակազմակերպելու որոշումը, եւ նշած, որ այսպիսով փորձ կը կատարուի՝ համակարգը «մաքրել»ու համար Գաբոյեանի նման «ծախու», «կոռումպացուած» պաշտօնեաներէ: Քաղաքացիները նաեւ նշած են նման «որակ» ունեցող քանի մը նօտարներու անուններ, օրինակ՝ Կեդրոն տարածքի նօտար Էմմա Շաբոյեանի անունը:
Նշենք, որ ասուլիսի ընթացքին, Մ. Գաբոյեան նաեւ յայտարարած է, որ հայաստանեան վերնախաւի ներկայացուցիչները նօտարական գործարքներ կատարելու ընթացքին պետական տուրք չեն վճարեր: Ան, սակայն, յստակ մարդոց անուններ չէ նշած՝ աւելցնելով, որ ատիկա աւանդաբար՝ խորհրդային ժամանակներէ եկող սովորութիւն է: