ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ, «Էյ.Փի.».- Միացեալ Նահանգներու աշխատաւորական հարցերու նախարարութիւնը Հինգշաբթի, Մայիս 26ին հաղորդեց, թէ նախորդ շաբթուան ընթացքին անգործութեան ապահովագրութենէն նպաստ ստանալու համար, առաջին անգամ դիմում կատարողներուն թիւը 10,000ով աճած է՝ հասնելով 424,000ի: Աճը առաջինն էր վերջին երեք շաբաթներուն ընթացքին:
Ըստ տնտեսագէտներու, գործի նոր կարելիութիւններ ստեղծելու համար, այս թիւը պէտք է 375,000էն ցած ըլլայ:
Միւս կողմէ, առեւտուրի նախարարութիւնը հաղորդեց, թէ Յունուարէն Մարտ երկարող շրջանին, տնտեսութեան աճը ակնկալուածէն նուազ եղած է: Միայն 1.8 տոկոսով աճին պատասխանատու կը նկատուին վառելանիւթի գինին աճը եւ պետական ծախսերու կրճատումը: