ՀՅԴ Արցախի Երիտասարդական Միութիւնը աշխարհասփիւռ երիտասարդական միութիւններուն աջակցութեամբ՝ Արցախի մէջ կը կազմակերպէ պատանեկան ճամբարներ, որոնցմէ կարելի է յիշատակել՝ Մարտունիի ճամբարը, որուն մասնակցեցան շուրջ 60, Ասկերանի Նորագիւղ համայնքի ճամբարին՝ 40, իսկ Մարտակերտի Վանք գիւղին մէջ իրարու քով եկան 30 պատանիներ։
Արցախի Երիտասարդական Միութեան կեդրոնական վարչութեան անդամ Թագուհի Խաչատրեան կ՛ըսէ, թէ որովհետեւ ամրան օրերուն պատանիները ժամանցի վայրեր չունին, ուրեմն որոշած են անոնց համար մշակել հետաքրքրական եւ դաստիարակչական ծրագիրներ ՝ խաղեր, մարզական մրցումներ, բայց նաեւ հայոց պատմութեան կարեւոր դրուագներու ուսուցում։ Պատանիները կը սորվին նաեւ ազգային երգեր ու պարեր։
«Այս ծրագիրը շարունակութիւնն է այն ճամբարների, որոնք մեր ջանքերով արդէն իսկ իրականացուել են Արցախի զանազան շրջաններում», տեղեկացուց Թագուհի Խաչատրեան՝ աւելցնելով, թէ կը նախատեսուի Արցախի այլ շրջաններու մէջ ալ նման ճամբարներ կազմակերպել, որպէսզի պատանիներուն կեանքը աւելի գունաւոր ու հետաքրքրական ըլլայ, մանաւանդ յետ-պատերազմի այս դժուար օրերուն։