
Մտերմիկ խօսակցութեան մը ընթացքին, լրագրող Ժիլ Հոֆման կը զրուցէ «Մոսատ»ի նախկին աւագ աշխատակից եւ ազգային անվտանգութեան խորհրդական Ուզի Արատի հետ:
«Մոսատ»ի երկու տասնամեակներու վեթերան Արատ 2009-2011ին Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուի աւագ խորհրդականը եղած է։
Ժիլ Հոֆման.- Այսօր մենք ո՞ւր կը գտնուինք, եւ, նկատի ունենալով տասնամեակներու բաց յարաբերութիւնները, ո՞ւր կը կարծէք, թէ կը հասնին մեր յարաբերութիւնները :
Ուզի Արատ.- Որոշեցինք անոնց հետ ամբողջական յարաբերութիւններ հաստատել 1991ին, երբ անոնք իրենց անկախութիւնը վերականգնեցին: Ինչպէս գիտէք, Իսրայէլ Ատրպէյճանի հետ դիւանագիտական յարաբերութիւններ հաստատող առաջին երկիրներէն մէկն եղաւ Ապրիլ 1992ին: Հարցումիդ պատասխանելու համար նախ եւ առաջ պէտք է ըսեմ, որ իսլամական երկրի մը հետ դիւանագիտական յարաբերութիւն հաստատելն ու հետագային աւելի անդին երթալը այդքան ալ դիւրին բաներ չեն՝ ոչ միայն այն պատճառով, որ ատրպէյճանցի ժողովուրդը մեծ մասամբ իսլամ է, այլեւ որովհետեւ անիկա Իրանին դրացի է: Սակայն պատումին լաւ կողմն այն է, որ Ատրպէյճանի կառավարական բարձրագոյն պաշտօնատարները, մասնաւորաբար Հայտար ու Իլհամ Ալիեւները, որեւէ համակրանք չեն տածեր իսլամութեան նկատմամբ, եւ անոնք Իսրայէլի հետ երկկողմ յարաբերութիւնները սկիզբէն իսկ արժեւորեցին:
Ես վեց ամիս տեւող առաքելութեամբ կը գտնուէի Պաքուի մօտ Իսրայէլի դեսպանատան մէջ: Իլհամ Ալիեւի դուստրը՝ Լէյլան, զոր անձնապէս կը ճանչնամ, ունէր հրեայ ընկեր մը՝ Էմին Աղալարովը, որու հետ ան հետագային ամուսնացաւ: Իր ընկերոջ մօրը թելադրուեցաւ, որ նախընտրելի է որդին հրապարակաւ չյայտարարէ իր հրեայ ըլլալը: Ան շատ լաւ յարաբերութիւններ ունէր Ճերըտ Քուշնըրին հետ (հրեայ Քուշնըրը նախկին նախագահ Տանըլտ Թրամփի փեսան է եւ անոր աւագ խորհրդականն էր նախագահութեան տարիներուն, ծանօթագրութիւնը թարգմանիչիէն): Անկեղծօրէն ըսեմ, որ եթէ մեր ռաբբիները թոյլ տային, որ Լէյլա յուդայականութիւնն ընդունէր, ան մեծ հաճոյքով պիտի կատարէր այդ:
Վերադառնալով հարցումիդ, կը խորհիմ, թէ մենք ճիշդ հոն ենք, ուր կ՛ուզենք ըլլալ եւ թէ մեր նպատակներուն մեծագոյն մասն իրականացուցինք, մնացեալն ալ շուտով պիտի իրականացուի:
Ժիլ Հոֆման.- Կը յայտարարէք, թէ մեր նպատակները իրականացուցած ենք: Մենք սկիզբէն ի՞նչ կ՛ուզէինք Ատրպէյճանէն:
Ուզի Արատ.- Նախորդ 24 տարիներուն, 50է աւելի իսրայէլացի բարձրաստիճան հրամանատարներ ՆԱԹՕի հովանիին տակ եւ Թուրքիոյ հետ սերտ համագործակցութեամբ կրցան Ատրպէյճանի զինուորական կառոյցը վերականգնել եւ զայն կազմակերպել: Ատրպէյճանին ռազմական զէնքերու վաճառքը, գերարդիական անօդաչու թռչող սարքերու արտադրութեան գործարաններու կառուցումը, Ատրպէյճանի զինուորական ուժերուն բարձրաստիճան հրամանատարներուն համար 146 մարզումային դասընթացներու կայացումը, Կասպից ծովուն ու հարաւային Ատրպէյճանի մէջ եւ Հայաստանի հետ անոր սահմաններուն վրայ տարեկան համատեղ, գաղտնի, բազմաթիւ ռազմափորձերու անցկացումը Թել Աւիւի եւ Պաքուի միջեւ համագործակցութեան գլխաւոր մարզերէն եղան: Կրնա՞ս տալ ուրիշ որեւէ երկրի անուն, որու հետ մենք այսպիսի յարաբերութիւններ ունինք:
Ատրպէյճանի Անվտանգութեան ծառայութեան շէնքի մէկ յարկին վրայ CIA-ի եւ FBIի կողքին «Մոսատ»ի հաստատումը աննախադէպ է, ուրիշ որեւէ երկրի մէջ չէ եղած: Իմացի՛ր, թէ այս ըսածներէս ոչ մէկն այլեւս գաղտնիք է: Անշուշտ, կան բաներ, որոնք չենք կրնար քննարկել:
Ժիլ Հոֆման.- Կրնա՞ք մեզի բացատրութիւն մը տալ:
Ուզի Արատ.- Լա՛ւ, թող ամէն ոք ենթադրէ, թէ միայն 30,000 հրեաներ կ՛ապրին Ատրպէյճանի մէջ:
Ժիլ Հոֆման.- Իսրայէլ ինչպէ՞ս այսպիսի սերտ համագործակցութիւն ունի Ատրպէյճանի կառավարութեան հետ, բայց անոր բնակչութեան մեծամասնութիւնը կազմող իսլամները ատկէ չեն նեղանար:
Ուզի Արատ.- Ատրպէյճանի ժողովուրդը իսլամ է, սակայն անոնք մօտէն ծանօթ չեն Միջին Արեւելքի զարգացումներուն: Բացի Իրանի ազդեցութեան տակ գտնուող փոքրաթիւ մասէ մը, Ատրպէյճանի ժողովուրդին մեծամասնութիւնը կրօնական ինքնութիւն եւ Միջին Արեւելքի իսլամներուն նման ահաբեկչական ոգի չունի: Բայց միաժամանակ, մեր գործունէութեան մեծագոյն մասը զինուորական եւ անվտանգութեան ոլորտներուն կը վերաբերի, ուստի հասարակ մարդիկ սովորաբար չեն գիտնար, թէ ինչ տեղի կ՛ունենայ:
Ժիլ Հոֆման.- Ո՞րքան ազդեցիկ ենք անոնց ներքին քաղաքական որոշումներու կայացման մէջ:
Ուզի Արատ.- Պաքուի մէջ Միացեալ Նահանգներու, Մեծն Բրիտանիոյ եւ Իսրայէլի դեսպանութիւնները նախորդ 20 տարիներուն միեւնոյն նպատակները հետապնդելու համաձայնութիւն կայացուցած են: Ատրպէյճանի եւ Պաքուի պաշտօնատարներու քաղաքական որոշումներուն վրայ այդ համաձայնութեան տիրապետութիւնը համանման է Արեւմտեան Ափին վրայ Իսրայէլի տիրապետութեան, այն տարբերութեամբ, որ Մահմուտ Ապպասի (Պաղեստինեան իշխանութեան նախագահ) փոխարէն, Ատրպէյճանի կառավարման պատասխանատուն Իլհամ Ալիեւ կոչուող քաղաքակիրթ անձ մըն է:
Ժիլ Հոֆման.- Պատմեցէ՛ք ձեր սեփական փորձառութեան մասին: Ինչպէ՞ս եղաւ, որ Պաքու մեկնեցաք: Ունի՞ք այնպիսի յուշեր, որոնք կ՛ուզէիք բաժնեկցիլ ուրիշներու հետ:
Ուզի Արատ.- Ատրպէյճան առաջին այցս 1994ին տեղի ունեցաւ:
Ժիլ Հոֆման.- Այդ ատեն կը գտնուէի՞ք «Մոսատ»ի մէջ:
Ուզի Արատ.- Այո՛: Հետագային, իբրեւ Իսրայէլի վարչապետի ազգային անվտանգութեան խորհրդական, Ատրպէյճան ճամբորդեցի անվտանգութեան ու զինուորական պատուիրակութեան մը հետ՝ (Իսրայէլի նախագահ) Շիմոն Փերեզի այցը նախապատրաստելու համար: Շիմոն Փերեզի՝ Թեհրանին մօտիկ գտնուող Պաքու պատմական այցը, Իսրայէլի արտաքին քաղաքականութեան պատմական կարեւորագոյն իրադարձութիւններէն է:
Ամէնէն տպաւորիչ պահն եղաւ 2009ի Յուլիսին հանդիպումը Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ: Խօսեցանք Պաքուի մէջ, ուր հրէական քանի մը հնագոյն ցեղեր կ՛ապրին: Բարեկիրթ ակնարկութիւններ փոխանակեցինք, խօսեցանք Կասպից ծովու հարաւի հրեաներու պատմութեան մասին: Ես հրէական օրհնութիւն մը արտասանելու թոյլտուութիւն խնդրեցի իրմէ: Ան ինծի հարցուց, թէ ի՛նչ նկատի ունիմ: Բացատրեցի: Պատասխանեց. «Անշո՜ւշտ»: Կողքիս էին նախագահ Շիմոն Փերեզն ու ենթակառուցուածքներու նախարար Ուզի Լանտաուն: Ըսի. «Օրհնեա՜լ ես Դուն, տէր Աստուած մեր, տիեզերքի թագաւոր, որ կ՛օրհնես միսն ու արիւնը»: Բոլոր ներկայ գտնուողները «Ամէն» ըսին:
Պատկերացո՛ւր՝ իբրեւ Իսրայէլի պաշտօնական ներկայացուցիչ կը գտնուիս այն պետութեան մէջ, ուրկէ եկած են իսրայէլացիներէն շատերու նախահայրերը, եւ դուն քեզի կ՛ըսես. «Աստուա՜ծ իմ, այս ի՜նչ պատմական պահ է»: Չեմ կրնար այդ զգացումները բացատրող բառեր գտնել:
Ժիլ Հոֆման.- Ատկէ ետք Ատրպէյճան գացա՞ծ էք:
Ուզի Արատ.- Այո՛: 2017էն ի վեր կը ջանամ արձակուրդներս Պաքուի ծովափը անցընել: Պաքուի անվտանգութիւնը մեզի համար Թել Աւիւի անվտանգութեան չափ կարեւոր է:
(Աղբիւրը՝ «Ճերուզալեմ Փոսթ», Նոյեմբեր 3, 2021, https://gil-hoffman.com/2021/10/31/the-security-in-baku-for-us-is-like-the-security-in-tel-aviv/)
(Անգլերէն թարգմանութիւնը՝ Գէորգ Եազըճեանի)
նկար
1109Uzi Arad