
ՄՈՎՍԷՍ ԾԻՐԱՆԻ
Այն, ինչ որ այսօր թուղթին պիտի յանձնեմ, ոեւէ մէկուն չեմ պատմած, որովհետեւ եղածը պատանիներու յատուկ, շատ անձնական «որոշում» մըն էր… Սակայն, նկատի առած մեր ազգի ու առհասարակ մարդկութեան ոգեղէն արժէքներու հետեւողական նսեմացումը, նաեւ` անոր անտեսումն ու նոյնիսկ կորուստը, կը կարծեմ, թէ ճի՛շդ ժամանակն է զայն պատմելու, ցոյց տալու համար, թէ ինչպէ՛ս եւ ինչո՛ւ իմ սերունդս ջրդեղուած էր ազգային ու մարդկային ոգեղէն արժէքներով եւ հետամուտ էր զայն պահելու ու պաշտպանելու ամէն գնով…
Սիրելի՛ ընթերցող, անձնապէս կը ճանչնայի Եդուարդ Պօյաճեանը, նախ իբրեւ գրող, ապա իբրեւ հօրս` Որսորդ Սդդանին ընկերը: Անոնք նոյն տարին` 1915ին ծնած էին Մուսա Լերան նոյն գիւղը` Խտրպէկ ու դեռեւս նորածին` միասին բարձրացած էին լեռ ու անցած` արտագաղթի նոյն Ճանապարհներէն, ի վերջոյ հագրուանելու համար Այնճար:
Իր հայրը` «Պույաճէն»` Մարտիրոս Պօյաճեանը, գիւղի երեւելի ղեկավարներէն էր, յարգուած ու մեծարուած անձնաւորութիւն մը, որուն կարծիքը կշիռ ունէր հանրութեան մօտ: Երեխաները` Հրայրն ու Սիլվան, մանկապատանեկան ընկերներս էին: Իսկ տիկինը` Արաքսին, յաճախ առիթ կ՛ունենար այցելելու մօրս, որովհետեւ իր քոյրը` տոթք. Ալթունեանի կողակիցը` տիկին Շուշանը, մեր դրացուհին էր: Սակայն այս բոլորին մէջ ամէնէն կարեւորը այն էր, որ Պոյաճեան, երբ քաղաքէն գիւղ գար, պարբերաբար կ՛այցելէր նաեւ հօրս: Ես երբեմն հաճոյքով ներկայ կ՛ըլլայի անոնց զրոյցներուն, որոնք աւելի անցեալին կը պատկանէին, քան` ներկային:
Հակառակ անոր, որ այն օրերուն, երբ տակաւին Պոյաճեան չէր գնահատուած ու մեծարուած իբրեւ կայացած գրող, հայրս շատ մեծ կարծիք ու յարգանք կը տածէր անոր հանդէպ ու… չէր սխալած: Եւ հակառակ անոր, որ հետագային (յատկապէս` Հայաստանի անկախացումէն ետք), շնորհիւ հայրենի Մուսա Լերան հայրենակցական միութեան երէց սերունդի մտաւորականներուն, Պոյաճեան սկսաւ հրատարակուիլ ու գնահատուիլ նաեւ հայրենիքի մէջ (նոյնիսկ Երեւանի միջնակարգ դպրոցներէն մէկը մկրտուած է անոր անունով), այնուամենայնիւ տակաւին ան իր արժանաւոր պատուանդանը չէ գտած հայ գրականութեան ոսկի ֆոնտին մէջ:
Հայրենի հողի կարօտէն տաղուած ու ծննդավայրի յիշատակներով ջրդեղուած այս տաղանդաշատ լեռնցին հաճոյքով կը լսէր հօրս պատմածները, որոնք մեծաւ մասամբ վերարտադրութիւններն էին անցեալի մէջ անթեղուած ոգեղէն արձագանգներու: Պօյաճեան, այլոց շարքին, գրեց ու դրսեւորեց նաեւ հօրս կերպարը` իբրեւ «Այնճարի մէկ տղան»` Սեդրակը, որուն համար հպարտ էր հայրս, որ ի տարբերութիւն իր եղբայրներուն, դպրոց չէր տեսած: Գրել կարդալ չէր գիտեր, բայց երբեմն կարդալ կու տար մեզի հատուածներ Պոյաճեանի գիրքերէն, ինչպէս` «Հողը», «Թուղթ Զաւակներուս», «Տոմար Տարագրի», «Պայքարողներ, Պայքարողներ Դուք Գազազած» եւ այլն…
Մենք` Այնճարի պատանիներս, հայ գիւղագիրներէն (Համաստեղ, Բակունց, Օշական…) առաջ ու ամէնէն շատ կը սիրէինք կարդալ Պոյաճեանը` իբրեւ մեր հայրենակիցը, որուն համար մենք եւս հպարտ էինք: Իր վաղաժամ մահէն ետք, ան աւելի մեծցաւ մեր աչքին, եւ աւելի սկսանք հասկնալ ու ըմբռնել անոր գրականութիւնը, այնքան, որ երբ կը կարդայի «Թուղթ Զաւակներուս»ը, կը կարծէի, որ հայրս յատուկ ինծի համար գրած է զայն: Իսկ իր բանաստեղծութիւններէն ոմանք, յատկապէս` «Գինով Ալեքսանը», գոց սորված էինք ու կ՛արտասանէինք մեր հաւաքոյթներու եւ կամ խնճոյքներու ընթացքին: Ահաւասիկ թէ ինչո՛ւ պատահական չէր, որ հայրենիք մեկնելէս առաջ որոշեցի այցի երթալ անոր շիրիմին:

Սեպտեմբեր 1971, Այնճար:
Ամէն ինչ որոշուած էր, ու իմ մեկնումս` մօտեցած: Պարոյր Սեւակի մահուան «խորհրդաւոր» գոյժը իր տարբերակներով հասաւ նաեւ գիւղ, ուր ցաւ ու տագնապ յարուցեց նաեւ մեր` պատանիներուս մէջ: Հոգեպէս հանգիստ չէի… Պէտք ունէի արտայայտուելու ու ամրապնդելու կուսակցական երդումս, որ տեղի ունեցաւ «Բաբգէն Սիւնի» ակումբի ամենափոքր սենեակին մէջ, Կարօ Սասունիի կնքահայրութեամբ ու ներկայութեամբ` միայն երկու պատասխանատու ընկերներու` Խաչիկ Պագալեանի եւ կրտսեր Սարգիս Զէյթլեանի…
Այդ օրերուն մեր սերունդի տղոցմէ խումբ մը, որ գիւղի «չարերը» կը համարուէինք, «կ՛ատէինք» եկեղեցին ու յատկապէս տէր Նարեկը, որ հայրենասիրութիւնը կը շփոթէր կրօնամոլութեան հետ, իսկ ինքզինք… բռնակալի: Ան մեզի անընդհատ աղօթել կու տար, որմէ ուղղակի զզուած էինք: Իր մանկավարժական սխալ վարուելակերպին պատճառով, ընկերներէս շատեր դպրոցը լքեցին: Գտած էինք իր թոյլ կողմը. շատ կը զայրանար, երբ իրմէ կը խնդրէինք, որ աղօթքները (որոնք գրաբար էին) թարգմանէ ու բացատրէ մեզի… Իր տգիտութիւնը քողարկելու համար անգթօրէն կը ծեծէր մեզ` նոյնի՛սկ մարմնական վնասներ պատճառելով աշակերտներուն: Օր մը մազերէս բռնեց ու գլուխս գրասեղանին զարնելով` բղաւեց. «Ուրկէ՞ քեզի այդքան խելք»: Այս պատճառով մենք աւելի ակումբներուն կապուած էինք, քան` դպրոցին ու եկեղեցւոյ: Թէեւ ժամանակի ընթացքին սկսանք հետաքրքրուիլ նաեւ «հիփփիական» եւ այլ ընկերային շարժումներով, սակայն միաժամանակ տոգորուեցանք համամարդկային ու ազգային գաղափարներով, որոնցմով պայմանաւորուած էր նաեւ մեր ազգային ինքնութիւնը: Կէս լուրջ- կէս կատակով «եապանճի»ներուն (պէյրութահայերուն) կ՛ըսէինք. «Մենք տակաւին մուսալեռցի ենք, երբ ձուլուինք, նոր հայ պիտի ըլլանք»: Այդպէս դաստիարակուած էինք:
Տիրող այս մթնոլորտին մէջ ներքին ձայն մը անընդհատ կը յուշէր ինծի, որ եկեղեցւոյ փոխարէն` պէտք է երթամ Պոյաճեանի գերեզմանին աղօթեմ, աւելի ճիշդը` զրուցեմ հետը ու խօսք տամ, որ ես կը մնամ այն, ինչ որ եմ ու լիուլի կը կատարեմ իմ ազգային պարտաւորութիւններս հայրենիքին մէջ: Պատճառը այս ընտրութեան անոր գլխագիր Մարդու ու ջինջ հայրենասէրի կերպարն էր, որ տարերայնօրէն կազմաւորուած էր մէջս: Ան ոեւէ մէկը չէր, բացի իր լեռնցիի առհաւական պինդ նկարագիրէն` նկատի առէք նաեւ, որ ան իր ուսումը ստացած էր Պէյրութի Նշան Փալանճեան ճեմարանին մէջ, ուր աշակերտած էր Լեւոն Շանթի եւ կամ Նիկոլ Աղբալեանի նման ականաւոր դէմքերու:
* * *
Սիրելի՛ ընթերցող, բացայայտ է, որ մեր սերունդը հետագային ապացուցեց, որ տէրն է ազգային ու համամարդկային ոգեղէն արժէքներու գնահատման ու պաշտպանութեան…
Իսկ այս օրերո՞ւն…
Այն, ինչ որ տեղի ունեցաւ… տեսանք: Հարկադրաբար կը շարունակենք տեսնել, թէ ինչպէ՛ս մեր ազգային ու յատկապէս համամարդկային ոգեղէն արժէքները դաժանօրէն կը շարունակուին ոտնահարուիլ ու բռնաբարուիլ` մարդկային խղճի ու համամարդկային «հովանաւորութեան» ներքոյ…
Բոլոր պարագաներուն, սակայն, ոգեղէն արժէքները գնահատողներն ու անոնց համար իրենց կեանքը զոհաբերող երիտասարդները չեն պակսած պատմութեան ընթացքին, այսօր ալ չեն պակսիր: Վկայ` մօտիկ անցեալի դէպքերն ու բամահազար զոհերը…
* * *

Պոյաճեանի շիրիմը Այնճարի մէջ
Յաջորդ օրը ծնողներս Զահլէ պիտի մեկնէին: Առիթէն օգտուելով` որոշեցի առանձինս որսի երթալ:
Արեւածագէն առաջ արթնցայ, որսորդական յարմարանքներուն հետ առի նաեւ սկաուտական դաշոյնս եւ երբ հօրս ատրճանակը պիտի վերցնէի անոր բարձին տակէն, ան արթնցաւ ու ըսաւ. «Որսորդը դաշոյնի պէտք ունի, ոչ թէ ատրճանակի»: Ես ցոյց տուի, թէ կը համակերպիմ, սակայն երբ ան անկողինէն իջաւ եւ ուղղուեցաւ բաղնիք, ատրճանակը առի ու դուրս ելայ…
Օդը մեղմ էր, ու թեթեւ զեփիւռ մը կը փչէր: Կը քալէի առանձինն, մտամոլոր… կ՛աճապարէի ու, չեմ գիտեր` ինչո՛ւ, կ՛ուզէի հասնիլ արեւածագէն առաջ…
Արդէն գերեզմանատունն եմ: Չորս կողմս նայեցայ, ամայութիւն էր… Մօտեցայ Պոյաճեանի դամբանին: Աւետարանի փոխարէն` պայուսակէս հանեցի «Թուղթ Զաւակներուս» հատորեակը ու դաշոյնի ու ատրճանակի կողքին դրի շիրմաքարին, ճի՛շդ այնպէս, ինչպէս դրուած էին երդման արարողութեան ատեն… Փոխանակ աղօթելու` երդում ընելու եւ կամ զրուցելու Պոյաճեանի հետ, բնազդաբար սկսայ արտասանել անոր «Գինով Ալեքսան» բանաստեղծութիւնը … բարձրաձայն… Երբ հասայ հոն, ուր կ՛ըսուի.
Ինկած է ափին սրտագոյն ջուրին
Եւ կ՛ուղղէ խօսքեր զինք այրող հուրին,
Ու կ՛ըսէ… կ՛ըսէ.
Խմել այս Ջուրը,
Մեծ ճշմարտութեան մեծագոյն հուրը,
Խմել այս Ջուրը,
Ու կեանքին դիմաց միշտ քաշել Սուրը,
Ուղղելու ծուռը….:
Ու տարերայնօրէն Մուսա Լերան առասպելական սօսիի խոռոչներէն Պոյաճեանի ձայնը (ոգեղինացած արձագանգի նման) սկսաւ հնչել ականջիս… ՈՒՂՂԵԼՈՒ ԾՈ՛ՒՌԸ… ՈՒՂՂԵԼՈ՛Ւ ԾՈՒՌԸ… ՈՒՂՂԵԼՈՒ ԾՈ՛ՒՌԸ…
Լռեցի…. Անդրադարձայ, որ Պոյաճեան իր գրականութեամբ թուրը քաշած կեանքին դիմաց` կը պայքարի… ՈՒՂՂԵԼՈՒ ԾՈՒՌԸ:
Ես հասկցայ, որ հայրենիք կ՛երթայի պարզապէս ՈՒՂՂԵԼՈՒ ԾՈՒՌԸ…
Արեւու առաջին ճառագայթները սկսան «համբուրել» Պոյաճեանի նուիրագործուած դամբանաքարը: Մինչ շուարած կը յամենայի Պոյաճեանի շիրիմին դիմաց, յանկարծ հօրս հաւատարիմ շունը` Ժոլին դիմացս տնկուեցաւ ու պոչը շարժելով, սկսաւ վրաս հաչել: Հաւանաբար ըսել կ՛ուզէր. «Ի՞նչ կ՛ընես հոս… առանձինն…»:
Ետ դարձայ… իմ հաւատարիմ ընթերցող, հայրս էր… գերեզմանոցի դրան առջեւ, հրացանը ուսին… կազմ ու պատրաստ կը սպասէր…
ՈՒՂՂԵԼՈՒ ԾՈՒՌԸ…
Խանգարուեցայ… Հակառակ անոր որ հնարաւոր չէր բանաստեղծութիւնը աւարտել, այնուամենայնիւ վերջաբանը կրկնեցի միտքէս, ապա դիմեցի դէպի հայրս…
Այսօր աւելի լաւ կը հասկնամ ու կ՛ըմբռնեմ սոյն բանաստեղծութեան վերջին տողերը.
Տարագրութեան գոյժն հասեր.
յաջորդ գիշեր`
Փիլիսոփայ մարդն ու օղին,
Դրին ծոցը Հայրենական մաքուր հողին:
Սօսին Հայուն, հսկա՜յ, անգին,
Լացաւ Լաց մը, հի՜ն, շատ հին…
Հայրենական մաքուր հողն ու Խտրպէկի սօսին հոն են տակաւին… ու կը սպասեն… ՈՒՂՂԵԼՈՒ ԾՈՒՌԸ…
Երեւան
Հոկտեմբեր 2021