
ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական կոմիտէն ներկայացնող պատուիրակութիւն մը 3 Նոյեմբերին, Պըրպենքի մէջ գտնուող Հայց. եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմի առաջնորդարանին մէջ հանդիպում մը ունեցաւ առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեանի հետ։
Կեդրոնական կոմիտէն ներկայացնող պատուիրակութեան մաս կը կազմէին ներկայացուցիչ տոքթ. Քարմէն Օհանեան եւ անդամներ՝ Կարօ Իսփէնճեան եւ Ալիք Ուրֆալեան, ինչպէս նաեւ համայնքային կազմակերպութիւններու մօտ Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Աւետիք Իզմիրլեան։
Կեդրոնական կոմիտէի անդամները առաջնորդին տեղեկութիւններ փոխանցեցին իրենց ծրագիրներուն մասին եւ քննարկեցին համագործակցութիւնը սերտացնելու կարելիութիւնները՝ համայնքին, հայրենիքին եւ հայութեան ի սպաս նախաձեռնութիւններու ընթացքին։
Կողմերը նաեւ դրուատեցին համայնքային շարք մը կազմակերպութիւններու միջեւ հաստատուած համագործակցութեան արդիւնքով ծրագիրները, որոնց օրինակներէն են՝ Հայ Ամերիկեան թանգարանը, Համահայկական խորհուրդը եւ շեշտեցին, թէ նման ջանքեր պէտք է բազմապատկել եւ անոնց պէտք է մաս դարձնել նաեւ երիտասարդութիւնը։
Քննարկուեցան նաեւ Հայաստանի եւ Արցախի մէջ յետ-պատերազմական վիճակին ստեղծած մարտահրաւէրները եւ միասնական ջանքերով Արցախին եւ Հայաստանին աջակցելու կարելիութիւնները, որոնց մէջ կարեւոր դերակատարութիւն ունի նաեւ Հայ եկեղեցին։
Լիբանանի ներկայ ընկերատնտեսական վիճակը եւս հանդիպումին օրակարգին վրայ էր եւ Կեդրոնական կոմիտէի անդամները առաջնորդին տեղեկութիւններ փոխանցեցին լիբանանահայութեան աջակցութեան ձեռք երկարելու նպատակով՝ Հայ մշակութային հիմնարկութեան առաջնորդութեամբ իրականացած 200,000 տոլարի հանգանակութիւնը։
Առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեան ողջունեց ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական կոմիտէին հետ գործակցութիւնը սերտացնելու առիթը, խոստանալով մօտէն գործակցիլ՝ համայնքին եւ հայութեան իղձերը ջատագովելու նպատակով։