(Ծնեալ՝ 1932ին, Պէյրութ, Լիբանան)

Սրտի դառն կսկիծով կը գուժենք մեր սիրեցեալ մօր, մեծ մօր, քրոջ, խնամիին եւ հարազատին՝ Արմենուհի Գրաճեանի մահը, որ պատահեցաւ Շաբաթ, 27 Նոյեմբեր 2021ին։
Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը եւ թաղումը պիտի կատարուին ընտանեկան պարագաներու ներկայութեամբ։
Սգակիրներ՝
Դուստրը՝ Լենա եւ Գեղամ Տէքէրմէնճեան եւ զաւակները՝ Ռուտի եւ տոքթ. Ռոնի
Զաւակները՝ Րաֆֆի եւ Ալին Գրաճեան եւ զաւակները՝ Տենի եւ Քրիսթի
Վիգէն եւ Մարալ Գրաճեան եւ զաւակները՝ Արլէն եւ Լիա
Եւ համայն Գրաճեան, Տումանեան, Տէքէրմէնճեան, Գիլէճեան, Գարաճրճեան, Պիտինեան եւ Աուայտա ընտանիքները, խնամիները, հարազատներն ու բարեկամները
Փոխան ծաղկեպսակի նուիրատուութիւնները կը խնդրուի կատարել Ազգային Առաջնորդարանին (Western Prelacy, 6252 Honolulu Ave., La Crescenta, CA 91214)։
ԱՐՄԵՆՈՒՀԻ ԳՐԱՃԵԱՆի մահուան տխուր առիթով, Հայ Մշակութային Հիմնարկութիւնը իր խորազգաց ցաւակցութիւնները կը յայտնէ հանգուցեալի զաւակին՝ Րաֆֆի Գրաճեանին, ընտանեկան պարագաներուն եւ համայն հարազատներուն։
ԱՐՄԵՆՈՒՀԻ ԳՐԱՃԵԱՆի մահուան տխուր առիթով, Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւները, երեսփոխանական կազմը, հոգաբարձութիւնը եւ յարակից բոլոր մարմինները իրենց խորազգաց ցաւակցութիւնները կը յայտնեն եկեղեցւոյ բարերարներ՝ Գրաճեան ընտանիքի բոլոր անդամներուն, եւ համայն հարազատներուն։
Թող Բարձրեալն Աստուած երկնային արքայութեան արժանացնէ հանգուցեալի հոգին եւ ընտանեկան պարագաներուն պարգեւէ Ս. Հոգւոյ անսպառ մխիթարութիւնը:
ԱՐՄԵՆՈՒՀԻ ԳՐԱՃԵԱՆի մահուան տխուր առիթով, ՀՄԸՄի Շրջանային վարչութիւնը եւ իր բոլոր մասնաճիւղերը իրենց խորազգաց ցաւակցութիւնները կը յայտնեն հանգուցեալի զաւակներուն՝ ՀՄԸՄի երկար տարիներու հովանաւորներուն՝ Գրաճեան ընտանիքի անդամներուն, եւ համայն հարազատներուն։
ԱՐՄԵՆՈՒՀԻ ԳՐԱՃԵԱՆի մահուան տխուր առիթով, ՀՅԴ «Ահարոնեան» կոմիտէութեան ընկեր-ընկերուհիները իրենց խորազգաց ցաւակցութիւնները կը յայտնեն հանգուցեալի զաւակին՝ Րաֆֆի Գրաճեանին, ընտանեկան պարագաներուն եւ համայն հարազատներուն։