Պսակաժահրի համաճարակը կը շարունակէ իր ընթացքը։ Այսուհանդերձ, Վենետիկի «Պո-Արաքս» մշակութային միութիւնը, ուզելով շարունակել իր քառորդ դարը անցնող աւանդութիւնը՝ ինչպէս, այս տարի եւս, Օգոստոսին, մտադիր է կազմակերպելու Հայ լեզուի եւ մշակոյթի ամառնային խտացեալ դասընթացքը։ Ամէն փոփոխութիւն, այստեղ գրուածին նկատմամբ ժամանակին իսկոյն պիտի տեղեկացուի հանրութեան։
«Պո-Արաքս»ի եւ Վենետիկի STUDIUM MARCIANUM կազմակերպած դասընթացքը տեղի պիտի ունենայ 8-23 Օգոստոսին: Քննութիւնները` 24 Օգոստոսին (Ժամանում եւ արձանագրութիւններ ` 7 Օգոստոսին, մեկնում` 25 Օգոստոսին):
Դիմումի պայմանաժամ՝ 30 Մարտ։ https://APPLICATION_FORM.pdf
Դասընթացքը ունի չորս մակարդակներ` բացարձակ սկսնակներէ մինչեւ յառաջադէմներ:
Դասերը տեղի կ՛ունենան ամէն օր, օրը հինգ պահ` առաւօտեան: Դասընթացքի տեւողութիւնը ուսուցողական 65 ժամով կը սահմանուի: Դասերուն՝ ներկայութիւնը պարտադիր է:
Մասնակցութեան համար պահանջուած նուազագոյն տարիքը 18 է: Դասընթացքի վարիչը կրնայ այլապէս տնօրինել, ծնողներու գրաւոր հաւանութեամբ։
Դասերը տեղի պիտի ունենան STUDIUM MARCIANUM-ի գլխաւոր շէնքին մէջ՝ https://www.seminariovenezia.it/cms/galleria/il-seminario/։
Դիմումները պէտք է կատարուին անձամբ եւ գրաւոր, միշտ նշելով հեռաձայնի թիւ մը եւ ելգրային (E-Mail) հասցէ մը:
Դասընթացքին զուգահեռ տեղի պիտի ունենան մշակութային ձեռնարկներ՝ մասնագիտական դասախօսութիւններ (ծրագիրը յայտարարելի՝ գարնան), վենետկեան այցելութիւններ, Վերափոխման Ս․ պատարագին եւ Խաղողօրհնէքին մասնակցութիւն Ս․ Ղազարու Մայրավանքին մէջ։
Փափաքողներուն, կէսօրէն ետք, ձրիաբար պիտի աւանդուին դուդուկի եւ հայկական պարերու դասեր, եթէ համաճարակի պայմանները արտօնեն:
Արձանագրութեան սակն է` 850 եուրօ, կամ համապատասխանը՝ ըստ օրուան սակին:
Կեցութեան ծախս (7 Օգոստոս-25 Օգոստոս, 18 գիշեր)՝ 670 եուրօ անձ գլուխ, երկու հոգինոց սենեակի մէջ, ներառեալ սենեակի ծառայութիւններ, կամ 1000 եուրօ՝ առանձին ննջասենեակի մէջ, ներառեալ ծառայութիւններ։
Կեցութեան տուրքը Վենետիկի մէջ 2011էն ի վեր օրէնքով պարտաւորիչ է։
Եթէ կեցութիւնը անձամբ պիտի հոգացուի, կը խնդրենք որ հաղորդէք մեզի։
Գումարին 600 եուրոյի բաժինը պէտք է վճարուի կանխաւ` մինչեւ 30 Մարտ:
Արձանագրութեան մնացեալ մասը պէտք է վճարուի մինչեւ մուտքի օրը, հնչուն գումարով, միջազգային ընդունելի փոխագիրով (cheque) կամ դրամատնային փոխանցումով (bank transfer): Վարկաթղթային վճար (Credit card) չ՛ընդունուիր:
10 տոկոս զեղչ մը կը կատարուի անոնց, որոնք նախապէս լաւ արդիւնքով մասնակցած են դասընթացքին, գոնէ երկու անգամ: Նոյն զեղչը կը կատարուի նաեւ միասին յաճախող մօտիկ ազգականներէն մէկուն (ծնողք, քոյր, եղբայր, կողակից): Արձանագրութեան սակի վճարումը չի վերադարձուիր, բացի բժշկական վկայութեամբ հաստատուած հիւանդութեան կամ պսակաժահրի (covid-19) արգելքին բերմամբ:
Կ՛ընձեռուի բնակութեան հնարաւորութիւն` Վենետիկի պատմական կեդրոնին մէջ, օժտուած` խոհանոցային յարմարութիւններով: Գիներու մասին տեղեկութիւնները շուտով պիտի հաղորդուին յաջորդաբար։ Իւրաքանչիւր ճաշ կամ ընթրիք, զոր ամէն ոք պէտք է անձամբ հոգայ եւ կրնայ արժել 10-15 եուրօ։
Յաւելեալ տեղեկութիւններու համար դիմել info@padusaraxes.com կամ benedettacon@gmail.com հասցէներուն կամ հեռաձայնել, նաեւ WhatsApp-ով, բջիջայինի հետեւեալ թիւին՝ +39.379.1330687, Երեքշաբթի եւ Ուրբաթ առաւօտները՝ ժամը 10:30-13:00 (Իտալիոյ ժամով):
Կազմակերպութիւնը պատասխանատուութիւն չի ստանձներ տպագրական կամ այլ վրիպակներու նկատմամբ։
«ՊՈ-ԱՐԱՔՍ»