Տոքթ. Սարգիս Ատամ

Յունուար 2021էն ի վեր, Պոլսոյ մէջ արեւմտահայերէնի ուսուցման ուղղեալ «Լոյս Մէտիա» հրատարակչատան կողմէ լոյս կը տեսնէ «Լոյս Քիտզ» անունով մանկապատանեկան նոր ամսաթերթ մը, դաստիարակիչ յատուկ նիւթերով, խաղերու, գիտելիքներու բովանդակութեամբ եւ գունաւոր տպագրութեամբ։ Անիկա նաեւ ունի անգլերէնով քանի մը էջեր։
Մանկապատանեկան ամսաթերթը, որ կը հրատարակուի Պոլսոյ հայկական «Լոյս» ամսաթերթին կողմէ եւ կը ցուցադրուի նաեւ Պոլսոյ հայոց անդրանիկ պատկերասփիւռի LUYS TV ընկերութեան միջոցով։ Թերթը, որ իր հրատարակութեան առաջին տարեդարձը նշեց Դեկտեմբեր 2021ին, կը շարունակէ լոյս տեսնել ամէն ամիս, հայ մանուկներու համար հետաքրքրական նոր նիւթերով ու օգտաշատ գիտելիքներով:
Անոնք, որոնք կը փափաքին իրենց ներդրումներով ու նուիրատուութեամբ ամսաթերթը հովանաւորել եւ արեւմտահայերէնի նահանջին դէմ դնել, կրնան դիմել luys@luys.com.tr հասցէին կամ 0090 212 251 27 80 թիւին։