ԲԺԻՇԿ ԿԱՐՊԻՍ ՀԱՐՊՈՅԵԱՆ

Ոսկրաթեքութիւնը ոսկորներու հիւանդութիւն է: Ան տեղի կ՚ունենայ, երբ «Տէ» (vit. D ) կենսանիւթը, կրածինը (calcium) եւ ֆոսֆորը (phophoru ) կը նուազին մարմինին մէջ: Այս երեքը շատ կարեւոր ազդակներ են ոսկորներու առողջ աճման, զօրաւոր կազմաւորման եւ առողջութեան: Ոսկրաթեքութիւն ունեցող անհատը կ՛ունենայ տկար, կակուղ եւ փխրուն ոսկորներ, աճումի դանդաղում եւ ոսկորներու տձեւութիւններ:
Ոսկրաթեքութիւնը ընդհանրապէս մանկական հիւանդութիւն է, բայց կրնայ պատահիլ նաեւ չափահասներու:
«Տէ» կենսանիւթը կ՛օգնէ բարակ աղիքներ հասած կրածինի եւ ֆոսֆորի ներծծման աղիքներու պատերէն դէպի մարմին: Բնականէն նուազ «Տէ» կենսանիւթի գոյութիւնը աղիքներուն մէջ պատճառ կը դառնայ կրածինի եւ ֆոսֆորի նուազ ներծծման: «Տէ» կենսանիւթը եւ կրածինը մեր սպառած կերակուրներուն հետ միասին կը կանոնաւորեն ոսկրաթեքութեան հարցերը:
«Տէ» կենսանիւթի նուազումը մարմինին մէջ կը յառաջացնէ՝
1. Մկանային և ոսկորային թուլութիւն
2. Ընկճուածութիւն
3. Ցաւի բարձր զգայնութիւն
4. Լինտային երկարատեւ հիւանդութիւններ եւ արիւնահոսութիւն
5. Արեան բարձր ճնշում
6. Հոգնածութիւն ու քնատութիւն
7. Տրամադրութեան փոփոխութիւն
8. Դիմադրողականութեան եւ ուժականութեան նուազում
9. Մարսողութեան հետ կապուած խնդիրներ
10. Գերքրտնութիւն
11. Գերզգայնութիւն
«Տէ» կենսանիւթի՝ աղիքներու պատերէն ներծծումի գործողութիւնը կը նուազի եւ կը խանգարուի կարգ մը հիւանդութիւններու պատճառով: Այս հիւանդութիւններէն են՝ celiac հիւանդութիւնը, աղիքներու բորբոքում, cystic fibrosis-ը եւ երիկամներու հիւանդութիւններ:

Ոսկրաթեքութեան ախտանշաններէն են՝
1. Մարմինի ընդհանուր աճման դանդաղում եւ ուշացում.
2. Քալելու, շարժելու եւ վազելու անկարողութիւն.
3. Ողնայարի, կոնքի եւ սրունքներու ցաւ.
4. Ոսկրային տձեւութիւններ՝ աղեղաւոր-կոր (bowed) սրունքներ, ներսադարձ ծունկ (knock knee).
5. Դաստակի եւ կրունկի ծաւալում.
6. Կրծքոսկրի (breast bone) ցցուածութիւն.
7. Ոսկորներու կոտրուածք.
8. Ակռաներու հիւանդութիւններ եւ բոսիկներու յառաջացում.
9. Մկանային տկարութիւն եւ պրկուածութիւն:
Ոսկրաթեքութեան ախտապատճառներն են`
1. «Տէ» կենսանիւթի, կրածինի եւ ֆոսֆորի քիչ սպառում.
2. «Տէ» կենսանիւթը առաւելաբար եւ բնականաբար կը ստանանք արեւու ճառագայթներէն ու մեր սպառած սննդանիւթերէն, օրինակ` ձուկ, ձկան իւղ, հաւկիթ, կաթ:
Ոսկրաթեքութիւն ունենալու հաւանականութիւնը աւելի է`
1. Թուխ-սեւ գոյն մորթ ունեցող անձերուն մօտ, որովհետեւ անոնք աւելի մելանին (melanin) ունին իրենց մորթին մէջ: Մելանինը արգելք կը հանդիսանայ «Տէ» կենսանիւթի ներծծման մորթէն ներս:
2. Յղի կիներուն մէջ, որովհետեւ անոնք բաւարար «Տէ» կենսանիւթ չեն սպառեր:
3. Արեւու ճառագայթներուն նուազ ենթակայ եղողներուն մօտ:
4. Կանխահաս ծնող մանուկներուն (premature) պարագային:
5. Կաթնտու մայրերու մօտ, որոնց կաթը բնականէն նուազ «Տէ» կենսանիւթ կը պարունակէ:
Ոսկրաթեքութեան իբրեւ հետեւանք կը պատահին որոշ բարդութիւններ, ինչպէս՝ կոր անբնական ողնայար, ոսկորներու ընդհանուր տկարութիւն, ակռաներու տձեւութիւններ եւ մարմնական ցնցումներ:
Կարելի՞ է արգելք հանդիսանալ ոսկրաթեքութեան. այո՛, հետեւեալ միջոցներով.
1. Օրական, 20-30 վայրկեան, կէսօրէն առաջ կամ ետք ենթակայ ըլլալով արեւու ճառագայթներուն: Սակայն, երկար ժամեր արեւու ճառագայթներուն մատնուիլը ունի նաեւ իր վնասները, որոնցմէ կարեւորագոյնը մորթի քաղցկեղն է: Հետեւաբար, մանաւանդ կէսօրուան ժամերուն պէտք է գործածել յատուկ արեւարգելքներ կամ պաշտպանողական հագուստներ:
2. «Տէ» կենսանիւթով հարուստ սննդեղէններ ուտելով, ինչպէս՝ ձուկ, մասնաւորապէս սոլտի (salmon) եւ որթձուկ (tuna), ձկան իւղ, հաւկիթի դեղնուց, «Տէ» կենսանիւթով հարստացուած կաթ, մածուն, պանիր եւ կարագ:
Ամէն մանուկ պէտք է ստանայ բաւարար «Տէ» կենսանիւթ: Մօր կաթը բաւարար «Տէ» կենսանիւթ չի պարունակեր, ուստի մանուկներուն ամէն օր յաւելեալ որոշ քանակութեամբ «Տէ» կենսանիւթ պէտք է տալ:
Ոսկրաթեքութեան ախտաճանաչումը կը կատարուի՝
1. Մանկաբուժին կատարած բժշկական քննութեամբ: Ան կը քննէ մանուկին ոսկորներու իրավիճակը՝ կակուղութիւնը, տձեւութիւնները, գլխու ոսկորներուն միացումը, ոտքերու կորութիւնը, կրծքավանդակի ցցուն ըլլալը, դաստակի եւ կրունկի հաստութիւնը:
2. «Ք» ճառագայթային նկարումներով.
3. Արեան եւ մէզի տարրալուծարանային քննութիւններով:
Ոսկրաթեքութիւնը կը դարմանուի՝
1. «Տէ» կենսանիւթի եւ կրածինի յաւելեալ սպառումով: Բարելաւումը կը սկսի շուտով, նոյնիսկ 15 օր ետք ոսկրային տձեւութիւները կը մեղմանան եւ 3-4 ամսուան դարմանումէ ետք` կ՛անհետանան:
2. Արեւու ճառագայթներէն օգտուելով:
Ոսկրային տձեւութիւնները աճման ընթացքին կը կարօտին յատուկ սարքերու՝ շտկելու համար տձեւութիւնները: Յառաջացած տձեւութիւններուն համար վիրաբուժական գործողութիւնները մեծապէս օգտակար կ՛ըլլան:
Մանուկներու աճման շրջանին, առաջին 6-36 ամիսներուն տեղի կ՛ունենայ արագ աճում, ուստի այս ժամանակաշրջանին մանուկները առաւելագոյն չափով «Տէ» կենսանիւթի, կրածինի եւ ֆոսֆորի կը կարօտին: