Պատրաստեց՝ ԳԷՈՐԳ ՆԱԹԱԼԻ (ԵԱԶԸՃԵԱՆ)
– Թեքէեան Վահան, ««Արեւ»ի Խմբագրականներ (1915-1945)», կազմողներ՝ Պետրոս Թորոսեան եւ Անդրանիկ Տագէսեան, հրատարակութիւն «Թեքէեան» Մշակութային Միութեան Հիմնադիրներու մարմինի եւ Միացեալ Նահանգներու եւ Գանատայի Կեդրոնական վարչութեան, Հայկազեան համալսարանի հրատարակչութիւն, Պէյրութ, 2022:
– «Հերոսներու Ճանապարհը – Զօրավար Անդրանիկ, Վաղարշակ Շահինեան», հայերէնէ թարգմանեցին Հեղինար Մելքոմ Մելքոմեան (Զօր. Անդրանիկի հատուածը) եւ Փօլ Շահինեան (Վ. Շահինեանի հատուածը), խմբագիր՝ Թաթուլ Յակոբեան, հրատարակիչ՝ Հայկական ուսումնասիրութիւնների «Անի» կենտրոն, Նիւ Ճըրզի, Միացեալ Նահանգներ, 2021, 264 էջ (Զօրավար Անդրանիկի քարտուղարներէն Եղիշէ Քաջունիի «Զօրավար Անդրանիկ – Հայկական Առանձին Հարուածող Զօրամասը» յուշագիրքը եւ Առաջին Համաշխարհային պատերազմին մասնակցած վանեցի կամաւորական Վաղարշակ Շահինեանի յուշերը), անգլերէն:
– «Հոգիներու Աճուրդը – Յօշոտուած Հայաստան – Օրորա Մարտիկանեանի Պատմութիւնը», անգլերէնէ թարգմանեց Վարդան Մատթէոսեան, աշխատասիրեց եւ յառաջաբանը հեղինակեց Եդուարդ Գոզանլեան, «Էտիար» հրատարակչութիւն, Պուէնոս Այրես, 2022 (Մեծ Եղեռնի ականատես Արշալոյս Մարտիկեանի վկայութիւնը, նոյնանուն շարժապատկերէն 16 լուսանկարներ, առնչակից նիւթեր), սպաներէն: Լոյս տեսած է Համազգային Հայ Կրթական եւ Մշակութային Միութեան հովանաւորութեամբ:
– Մանուկեան Աբէլ քահանայ, «Մարդասիրութեան Վկաներ – Զուիցերիոյ Մարդասիրական Գործունէութիւնը Օսմանեան Կայսրութեան Մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան Ընթացքին, 1894-1923», հրատարակիչ՝ գրատուն «Անթուան», Պէյրութ, Յունուար 2022, 606 էջ (15,5 x 23 սմ.) (զուիցերական անտիպ փաստաթուղթերու հսկայական հիմքով պատմագիտական արժէքաւոր աշխատութիւն, 82 լուսանկարներ, 7 քարտէսներ, օգտագործուած աղբիւրներու ցանկ, առարկայացանկ, անձնանուններու եւ տեղանուններու ցանկեր), ֆրանսերէն:
– Նակ Ալաքանանտա, «Կալկաթայի Հայերը», Քալքոթա-Հնդկաստան, Փետրուար 2021, 127 էջ (10 տարուան աշխատանքի մը շնորհիւ՝ Կալկաթայի հայոց պատմութիւնը՝ լուսանկարներու միջոցով. հազուագիւտ լուսանկարներ, փաստաթուղթեր եւ նիւթեր):
– Չարենց (Սողոմոնեան) Եղիշէ, «Հրավառ Հոգիներ – Souls on Fire», հայերէնէ անգլերէնի թարգմանեց՝ Թաթուլ Սոնենց-Փափազեան, խմբագիր՝ Վիգէն Թիւֆէնքեան, հրատարակութիւն Համազգային Հայ Կրթական եւ Մշակութային Միութեան Գանատայի Շրջանային վարչութեան, Գանատա, 4 Յունուար 2022, 177 էջ (15,1 x 22,7 սմ.) («Ամբոխները Խելագարուած», «Մահուան Տեսիլ» (իր տարբերակներով), «Պատգամ» պոէմ-բանաստեղծութիւնները, երեք յաւելուածներ, խմբագիրի ծանօթագրութիւններ), երկլեզու՝ հայերէն-անգլերէն:
– Տէուուլֆ Իվ (Dewulf Yves), «Հայաստան-Պրըթանեը – Հանդիպումներու Պատումներ», «Մոնթանեը Նուար» (Montagnes noires) հրատարակչութիւն, Ֆրանսա, Նոյեմբեր 2021, 224 էջ (14 x 21 սմ.) (France-3 պատկերասփիւռի կայանի պրըթոն վաղեմի թղթակիցը պատմական զուգահեռներ եւ համընկնումներ կը ներկայացնէ Հայաստանի եւ Ֆրանսայի հիւսիս-արեւմտեան Պրըթանեը տարածաշրջանին միջեւ), ֆրանսերէն:
– Տօնիկեան Տենիս, «Հայոց Ցեղասպանութեան Փոքր Հանրագիտարան – Մեծ Եղեռն», «Կէօթներ» հրատարակչութիւն, Փարիզ, 2021, 662 էջ (21 x 28 սմ.), ֆրանսերէն:
– «Քեսապի Տային», խմբագիր՝ Կարօ Յովհաննէսեան, Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» տպարան, Պէյրութ, 2021 (Հայկական Լեգէոնի մարտիկ եւ 1919-1922ին Քեսապի գաւառակի հայութեան զինուորական գործի կազմակերպիչ Ովսիա Սաղտըճեանի (1887-1953) կեանքն ու գործունէութիւնը): Լոյս տեսած է Սեւակ եւ Յակոբ Փանոսեաններու մեկենասութեամբ: