
Չորեքշաբթի, 16 Փետրուարի կէսօրին, Ազգային առաջնորդարան այցելեցին Այտա եւ Սեդա Գալստեան քոյրերը եւ Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Թորգոմ եպս. Տօնոյեանի ցուցմունքներով, երկու հարիւր հազար տոլարով ($200,000) հիմնեցին «Սփիւռքի Տարի, Գալստեան Հիմնադրամ»ը, յականջալուր Արամ Ա. կաթողիկոսի «Սփիւռքի Տարի» հռչակման եւ ի յիշատակ իրենց ծնողներուն՝ Գագիկի եւ Քնարիկի:
Ի Տէր ննջած ծնողաց յիշատակին՝ անցնող տարիներու ընթացքին գոյացած գումարի մը վրայ մեծ յաւելում մը կատարելով, Գալստեան քոյրերը փափաքեցան, որ հաւաքուած այս գումարը գործէ որպէս հիմնադրամ՝ առաջնորդ սրբազան հօր հովանիին ներքեւ, վասն նոր սերունդներու կեանքէն ներս հայեցի եւ քրիստոնէական արժէքներու նկատմամբ հետաքրքրութեանց առաւել ընդարձակման:
Ազգային առաջնորդարանը այս առիթով կը յայտարարէ, որ «Սփիւռքի Տարի, Գալստեան Հիմնադրամ»ը՝
Ա. Կրթական իւրաքանչիւր տարեշրջանի աւարտին հազարական տոլար ($1000) պիտի տրամադրէ՝ Ազգ. վարժարաններու 8րդ կարգի այն աշակերտներուն, որոնք կրօնի դասերուն մէջ բարձրագոյն նիշ ապահոված են:
Բ. Կրթական իւրաքանչիւր տարեշրջանի աւարտին հազարական տոլար ($1000) պիտի տրամադրէ՝ Ազգ. վարժարաններու 6րդ կարգի այն աշակերտներուն, որոնք հայոց լեզուի դասերուն մէջ բարձրագոյն նիշ ապահոված են:
Գ. Հայագիտութիւն ուսանող աշակերտներու առ ի զօրակցութիւն, կրթաթոշակի յատկացում մը պիտի կատարէ:
Դ. Պիտի ստանձնէ Լիբանանի մէջ Ազգ. վարժարաններ յաճախող 50 աշակերտներու 2022-2023 տարեշրջանի կրթաթոշակներու վճարումը:
Հանդիպման աւարտին, առաջնորդ սրբազան հայրը բարձր գնահատեց Գալստեան քոյրերը, որոնք իրենց ծնողաց յիշատակը վառ պահելու նպատակով յիշեալ յատկացումները ստեղծեցին: Հուսկ, ան լոյս խաղաղութիւն մաղթեց Գագիկ եւ Քնարիկ Գալստեաններու բարի հոգւոցն:
ԴԻՒԱՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ