ԲԺԻՇԿ ԿԱՐՊԻՍ ՀԱՐՊՈՅԵԱՆ

2015ին գրած էինք այս յօդուածը, որ արտատպուած էր հայկական մամուլին մէջ, 2015-2016ին: Այդ թուականէն ետք իմացանք հայրենաբնակ Կարինէ Աւագեանին կատարած նոր ուսումնասիրութիւնները, որոնք յաւելեալ կարեւոր եւ հետաքրքրական տեղեկութիւններ կը ներկայացնեն այս յօդուածին առնչութեամբ: Հետեւաբար տուեալ նոր տեղեկութիւնները ներմուծեցինք մեր նախապէս գրած յօդուածին մէջ եւ այսօր կը ներկայացնենք այդպիսին:
1915ի Ապրիլ 24ին, Պոլսոյ մէջ կատարուեցան մեծածաւալ ձերբակալութիւններ՝ թրքական իշխանութեան կողմէ նախապէս պատրաստուած ցուցակի մը հիմամբ: Շուրջ 220 հայ երեւելիներ, որոնց մէջ կային մտաւորականներ, առեւտրականներ, բժիշկներ, դեղագործներ, հոգեւորականներ, փաստաբաններ եւ քաղաքական գործիչներ, անակնկալօրէն ձերբակալուեցան եւ բանտարկուեցան Պոլսոյ մօտերը գտնուող Այաշ գիւղաքաղաքին մէջ: Այս բանտարկեալներէն 45ը շուտով սպաննուեցան, իսկ մնացեալը փոխադրուեցան Չանղըրը քաղաքի բանտը՝ իբրեւ աքսորավայր: Հոն ալ սպաննուեցան աքսորական խումբէն որոշ թիւով հայ երեւելիներ:
Մնացեալ բանտարկեալներէն՝ պոլսեցի առեւտրական եւ թաղապետ Վարդերես Աթանասեան, որ աւելի ուշ նահատակուած է Տէր Զօրի անապատի Մեսքենէ քաղաքին մօտերը, իր 99 հատիկներով համրիչին վրայ փորագրած է իր եւ մնացեալ բանտարկեալներէն 103ին անունները: Համրիչին հատիկները իրարու կապող մեծ հատիկին վրայ գրած է՝ «Չանղըրը, 1915, Ապրիլ 11, Յիշատակ»:
Վարդերես Աթանասեանի ձերբակալութենէն քանի մը օր ետք, թուրք կառապան մը հասած է անոր տունը եւ տիկնոջը՝ Սրբուհիին ըսած է. «Ձեր ամուսինը ինծի ժամացոյց մը նուիրեց եւ խնդրեց որ այս մասունք-համրիչը յանձնեմ ձեզի»: Սրբուհին ստանձնած է ամուսնոյն համրիչը, առանց անդրադառնալու համրիչին հատիկներուն վրայի փորագրութիւններուն: Այդ օրէն ետք, Վարդերես Աթանասեան տուն չէ վերադարձած: Վարդերես Աթանասեանի դուստրը՝ Էօժէնի, Հայոց Ցեղասպանութենէն ազատելով, հաստատուած է Փարիզ, իր հետ ունենալով հօրը համրիչը: 1946ին ան փոխադրուած է Հայաստան ու հաստատուած՝ Երեւան: 1965ին, Էօժէնի Աթանասեան, Հայոց Ցեղասպանութեան 50ամեակին առթիւ տեղի ունեցած ցոյցերէն ետք, անդրադարձած է, որ իր հօր թողած համրիչ մասունքը արժէքաւոր էր ոչ միայն իրենց ընտանիքին, այլեւ՝ ամբողջ հայ ազգին համար: Ուրեմն, ան 1965ին համրիչ-ուլունքաշարը նուիրած է Հայաստանի պատմութեան թանգարանին: Համրիչը կը ցուցադրուի թանգարանին ցուցափեղկերէն մէկուն մէջ: Անիկա ոչ մէկ մակագրութիւն ունեցած է, ոչ մէկ արձանագրութիւն՝ Հայոց Ցեղասպանութեան յիշատակ մը եւ վկայութիւն մը ըլլալուն մասին, միայն գրուած է՝ «19-20րդ դարերու զարդարուեստ»:
Մինչեւ 1984, ոչ մէկը պատկերացուցած է, որ այդ համրիչը հայ աքսորեալի մը սովորական յիշատակը չէ, այլ՝ հայ ժողովրդի պատմութեան խորհրդաւոր մէկ փաստաթուղթ-վաւերագիրը: Թանգարանին պաշտօնէութենէն ոչ մէկը հետաքրքրուած է պատմական համրիչով, եւ անիկա մնացած է իր անշուք ցուցափեղկին մէջ: 1984ին, թանգարանի աւագ գիտաշխատող, պատմաբան-հնագէտ Կարինէ Աւագեան, որ 27 տարիներ գործած է հոն, սկսած է պատրաստել Պարոյր Սեւակի 60ամեակի նուիրուած պատի թերթիկ մը: Պատրաստութեան ընթացքին, ուշադրութիւնը գրաւած է ցուցափեղկին 99 հատիկներով համրիչը:

Մանրակրկիտ քննութենէ ետք, ան անդրադարձած է անոր պատմական կարեւորութեան: Կարինէ նկարած է համրիչը եւ նկարը տեղաւորած՝ պատի թերթին մէջ, գրելով. «Վերագտնուած Մասունք»:
Կարինէ մեծ հետաքրքրութեամբ եւ բծախնդրութեամբ ուսումնասիրած է համրիչին պատմականը: Ի յայտ եկած են հետեւեալ մանրամասնութիւնները. համրիչը կազմուած է 99 հատիկներէ: 97 հատիկներէն իւրաքանչիւրին վրայ Վարդերես Աթանասեան փորագրած է Չանղըրըի բանտը աքսորուած հայու մը անունը: 55րդ հատիկին վրայ փորագրած է երկու անուններ՝ Պարտիզպանեան եւ Գայըգճեան, իսկ 86րդ հատիկին վրայ՝ 4 անուններ՝ Օհնիկեանք (Գրիգոր եւ երեք զաւակներ՝ Արամ, Յովհաննէս եւ Մկրտիչ): 71րդ հատիկին վրայ փորագրած է իր անունը եւ հատիկները իրարու կապող աւելի մեծ հատիկին վրայ՝ «Չանղըրը, 1915, Ապրիլ 11, Յիշատակ»: Վարդերես բանտին մէջ գտնուող աքսորեալներէն միայն 103ին անունները փորագրած է համրիչի հատիկներուն վրայ:
Ահաւասիկ համրիչին հատիկներուն վրայ փորագրուած հայ բանտարկեալներուն անուանացանկը՝ համրիչի հատիկի թիւի կարգով (պահած եմ համրիչին վրայի գրութիւններուն հարազատութիւնը):
1. Կոմիտաս վ., 2. Յովհան Վ., 3. Քաջունի քհնյ., 4. Ճէվահիրճի, 5. Ռ. Սեւակ, 6. Միսքճեան, 7. Թօփճեան, 8. Վարդան քհնյ., 9. Գ. Ճէլալ Գրիգոր, 10. Գազազեան, 11. Թորգոմեան – բժիշկ, 12. Պօղոսեան, 13. Տինանեան, 14. Միրզա Քեթենճեան, 15. Ալթունեան – ատամնաբույժ, 16. Կիւլիստան, 17. Զարեհ, 18. Եզնիկ, 19. Ասատուր Վ. – դեղագործ, 20. Մանիկեան, 21. Զարիֆեան, 22. Միսքճեան, 23. Հաճեան, 24. Ղազարոս, 25. Թէրզեան, 26. Նշան, 27. Նարկիլէճեան, 28. Արսենեան, 29. Դանիէլեան Պ. – փաստաբան, 30. Չերազ Գասպար 31. Մովսէս, 32. Տ. Քէլէկ Տիգրան – խմբագիր, 33. Բ. Քէչեան Բիւզանդ, 34. Թօփճեան, 35. Անտոնեան Արամ, 36. Թօլայեան, 37. Շահնուր, 38. Մ. Մրենց – ուսուցիչ, Սարգիս Գըլճեան, 39. Խօճասարեան Հայկ, 40. Վարուժան Դանիէլ, 41. Շամտանճեան, 42. Չավուշեան, 43. Թապագեան, 44. Տխրունի – Արիս Իսրայելեան, 45. Աղապապեան, 46. Բարսեղեան Արմենակ, 47. Տօրեան, 48. Եսայեան, 49. Գոչո Արթին, 50. Երջանիկ, 51. Զենոբ, 52. Խաչիկ, 53. Հրանդ 54. Երեւում, 55. Լեւոն-2 (Պարտիզպանեան եւ Գայըգճեան), 56. Ագրիկ, 57. Գանթարեան, 58. Կոզմոս, 59. ՊԷյլերեան, 60. Թաշճեան, 61. Հանեսեան, 62. Արամ, 63. Մելիք, 64. Տէօվլեթեան, 65. Քէհեաեան–արհեստաւոր, 66. Մառազաճեան, 67. Պասմաճեան, 68. Սելքոնեան, 69. Զպճը ճարտարապետ, 70. Արսլանեան, 71. Վարդերես – մուխբար, 72. Ֆէրուխան, 73. Սարաֆեան, 74. Ալթունեան, 75. Ճամպազ Աբիկ, 76. Հրաչ, 77. Մոմճեան, 78. Գալէնտէր, 79. Վաղինակ, 80. Գալֆայեան – պաշտօնեայ, 81. Պէյլեբեան, 82. Պարոյր Արզումանեան, 83. Նոյիկ – յանձնակատար, 84. Թաթարեան, 85. Քէօլէեան, 86. Օհնիկեանք – 4 (Գրիգոր եւ զաւակներ՝ Արամ, Յովհաննէս, Մկրտիչ), 87. Թէրլէմէզ – սեղանաւոր, 88. Տէր Գէորգեան, 89. Պասմաճեան, 90. Գայըգճեան, 91. Ինճիճեան, 92. Գարակէօզեան, 93. Մանեասեան, 94. Ղոնչէկիւլ 95. Փարիսեան, 96. Գորեան – վճռկն, 97. Քերոբեան – պատուելի, 98. Թումաճան, 99. Պալագեան- ծ.վ Գրիգորիս:
1992ին, Կարինէ հանդիպած է Գրիգորիս Ծ. վրդ. Պալագեանի «Հայ Գողգոթան» գիրքին. ան կը վերյիշէ, որ վարդապետին անունը փորագրուած էր համրիչին 99րդ հատիկին վրայ: Մեծ հետաքրքրութեամբ կարդացած է վարդապետին գիրքը եւ ստուգած է որ վարդապետ Պալագեան յիշած է միայն 69 աքսորեալներու անուանացանկը: Ուստի Կարինէին համար «Հայ Գողգոթան» դարձած է խթան՝ աւելի խորապէս ուսումնասիրելու համրիչին 99 հատիկներուն վրայ փորագրուած անունները: Երկարաշունչ ուսումնասիրութիւններէ ետք, ան հետեւողական աշխատանքով եւ պրպտումներով կարողացած է գտնել համրիչի հատիկներուն վրայ փորագրուած անուններու ժառանգորդներէն շատերը, կապ հաստատած է անոնց հետ եւ անոնցմէ հաւաքած է մանրամասն տեղեկութիւններ: Այս բոլորէն ետք, Կարինէ Աւագեան 2002ին հրատարակած է «Եղեռնայուշ Մասունք Կամ Խոստովանողք Եւ Վկայք Խաչի» գիրքը, որ համրիչին վերծանումի պատմութիւնն է: Գիրքին հրապարակումէն ետք, Կարինէին փոխանցուած են նորանոր տեղեկութիւններ՝ համրիչի հատիկներուն վրայ արձանագրուած անուններու կարգ մը ժառանգորդներէն:
Կարինէ Աւագեան իր գիրքին մէջ յիշատակած է համրիչի հատիկներուն վրայ փորագրուած անձերուն կենսագրականները, անոնց աքսորի ճանապարհը, նկարագրած է նահատակներու եւ վերապրողներու կեանքը ու իւրաքանչիւրի մասին յիշատակած է որոշ տեղեկութիւններ: Ան յիշած է համրիչի անուններէն՝ 35 նահատակները եւ 61 վերապրողներ, իսկ մնացեալ 7 անուններու մասին տեղեկութիւն չէ կրցած հաւաքել: Ան թուղթին յանձնած է նաեւ բոլոր այն տեղեկութիւնները, որոնք ստացած է վերոյիշեալ անուններու ժառանգորդներէն։ Օրինակի համար՝ բժիշկ Ճեւահիրճին ազատած է աքսորէն, որովհետեւ ան եղած է սուլթանին կիներուն կնաբուժը (gynecologist):

Ահաւասիկ համրիչին վրայ արձանագրուած անուններու մասին Կարինէ Աւագեանին հաւաքած տեղեկութիւններէն բաժիններ.
1. Կոմիտաս վարդապետ Պոլիս վերադարձած է Մայիսի 2ին, միջնորդութեամբ Մեճիտ իշխանի եւ ամերիկեան դեսպան Մորկընթաուի:
2. Յովհան Վ. Կարապետեան վերապրող եղած է, վերադարձած է զինադադարին:
3. Քաջունի քհնյ. Յուսիկ (1851-1916), արաբկիրցի, դաշնակցական, վախճանած է Տէր Զօրի ճանապարհին՝ Մեսքենէի Համմամ կայանին մէջ:
4. Ճէվահիրճի Միսաք, կեսարացի (1858-1924): Ասպարէզով բժիշկ, եղած է դատաստանական խորհուրդի անդամ: Աքսորէ ազատած է արքունի կանանց բժիշկ եւ իր գործընկերոջ Բեսիմ Օմեր փաշայի միջնորդութեամբ:
5. Ռուբէն Սեւակ Չիլինկիրեան։ Նահատակուած է Չանղըրըի եւ Գալայճըքի ճանապարհին՝ Թիւնէ կոչուած վայրը (13/26-08.1915):
6. Միսքճեան Ստեփան (1852-1915), բժիշկ, մանկաբարձ եւ վիրաբոյժ, Օրթաքէոյի բնակիչ, եւ տեղւոյն կաթոլիկ եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի անդամ: Նահատակուած է էնկիւրիի մօտ:
7. Թօփճեան Յակոբ, ռամկավար, հանրային գործիչ, խմբագիր, վերապրող:
8. Վարդան Գարակէօզեան, Ֆերիքէոյի քահանայ, վերապրող:
9. Գ. Ճէլալ-Գրիգոր, հնչակեան գործիչ, վերապրող:
10. Գազազեան, բժիշկ-դեղագործ, հանրային գործիչ, վերապրող:
11. Թորգոմեան Վահրամ (1858-1942), բժիշկ, հանրային գործիչ, վերապրող: Աքսորէ ազատած է Մեճիտ իշխանի միջնորդութեամբ, եղած է Մեճիտ իշխանին անձնական բժիշկը:
12. Պօղոսեան, ջլախտաւոր, վերապրող:
13. Տինանեան Բարսեղ, բժիշկ, հանրային գործիչ, վերապրող:
14. Միրզա Քեթենճեան, դաշնակցական գործիչ, վերապրող, 1920ին Ուրֆայի թուրքերուն դէմ ժողովուրդի պայքարը ղեկավարողներէն եղած է:
15. Ալթունեան Վահան, ատամնաբուժ, վերապրող: Դիմումով ազատած է 1915ին Օգոստոս 6ին։ Ճանապարհին բանտարկուած է էնկիւրիի մէջ, քշուած է Տարսոն, եւ Պոլիս հասած է Սեպտեմբեր 22ին:
16. Կիւլիստան, ատամնաբուժ, վերապրող:

17. Վահրամ Ասատուրեան, դեղագործ, Կետիկփաշայէն, վերապրող: Մեսքենէի մէջ ծառայած է որպէս բժիշկի օգնական եւ մեծապէս օգտակար եղած է հոնկէ անցնող տարագիր հայութեան:
18. Մանիկեան Պետրոս, դեղագործ եւ հանրային գործիչ, վերապրող:
19. Զարիֆեան Աւետիս, դեղագործ եւ հանրային գործիչ, վերապրող:
20. Միսքճեան Գրիգոր (1865-1915), դեղագործ, նահատակուած է բժիշկ եղբօր՝ Ստեփանի Միսքճեանի հետ, էնկիւրիի մօտ:
21. Հաճեան Գ., դեղագործ, զինադադարին վերադարձած է:
22. Թէրզեան Յակոբ (1879-1915), հաճընցի, դեղագործ, հնչակեան գործիչ, նահատակուած է էնկիւրիի մօտ:
23. Գալֆաեան (1865-?), ճարտարագէտ, երկրագործ, հանրային գործիչ. 1924ին տեղափոխուած է Յունաստան, 1927ին գացած է Իրան որպէս շահի կալուածներու գիտական ճիւղի պետ: Ընտրուած է ֆրանսական ակադեմիայի թղթակից անդամ:
24. Նարկիլէճեան Յակոբ, զինուորական դեղագործ, հանրային գործիչ, վերապրող:
25. Արսէնեան Ասատուր, դեղագործ, նահատակուած է Տէր Զօր:
26. Դանիէլեան Պ., փաստաբան, դաշնակցական գործիչ, եոզկաթցի, նահատակուած է Տէր Զօրի կողմերը:
27. Չերազ Գասպար (1850-1928), փաստաբան, աքսորուած Է մեծանուն եղբօր՝ Մինաս Չերազի փոխարէն, զինադադարին վերադարձած է, եղած է ջարդարարներու դատավարութեան վկաներէն մէկը, ապա կորսնցուցած Է հոգեկան հաւասարակշռութիւնը:
28. Մովսէս Պետրոսեան, ուսուցիչ, դաշնակցական գործիչ. պուլկարահայ ըլլալով ազատած է եւ մեկնած է Սոֆիա:
29. Քէլէկ Տիգրան-Տիրան (1862-1915), «Սապահ» թերթի խմբագրապետ, ռամկավար ատենապետ. նահատակուած է Սեբաստիոյ Գըզըլըրմաք կամուրջի մօտ, երբ պատերազմական ատեան տարուելու ճանապարհին ջրամոյն եղած է:
30. Քէչեան Բիւզանդ (1859-1928) «Բիւզանդիոն»ի խմբագրապետը, դիմումով Պոլիս վերադարձած է:
31. Անտոնեան Արամ (1881-1952), Չանղըրըէն էնկիւրի տարուած է, սակայն փրկուած է ոտքը կոտրուելուն պատճառով: Գրող, հրապարակախօս, խմբագիր, «Մեծ Ոճիրը» վաւերագրքի հեղինակը եւ Սողոմոն Թեհլիրեանի դատավարութեան վկաներէն մէկը:
2. Թօլայեան Երուանդ (1883-1937), երգիծաբան, «Կավռօշ» թերթի խմբագիրը. դիմումով ազատած է, իսկ զինադադարէն ետք ունեցած է թատերական գործունէութիւն (1918-1922ին):
33. Շահնուր Ներսէս, կեսարացի, Բերայի Ս. Գրիգոր Լուսաւորչեան կաթողիկէ վարժարանի երիտասարդ ուսուցիչ, նահատակ:
34. Մարգիս Գըլճեան, գրագէտ, ուսուցիչ, խմբագիր, դաշնակցական գործիչ, վերապրող: Աքսորավայրէն փախած է Գոնիա, ապա Պոլիս:
35. Խօճասարեան Հայկ, բազմավաստակ ուսուցիչ եւ հանրային գործիչ, ազգային երեսփոխան, վերապրող:
36. Վարուժան Դանիէլ (1884-1915), բանաստեղծ, Բերայի Ս. Գրիգոր Լուսաւորչեան վարժարանի տեսուչ, դաշնակցական, նահատակուած է 13/26.08.1915ին, իր զաւկին ծնած օրը:
37. Շամտանճեան Միքայէլ (1874-1926), ուսուցիչ, գրագէտ, խմբագիր «Ոստան»ի, թարգմանիչ, հանրային գործիչ, վերապրող. զինադադարին Պոլիս դարձած է:
38. Չաւուշեան Երուանդ (1867-1916), ուսուցիչ, հնչակեան կուսակցութեան անդամ, վախճանած է Համմամ կայան՝ Եփրատի եզերքը, Մեսքենէի եւ Տէր Զօրի միջեւ. Եղած է Յուսիկ Քաջունի քահանայի հետ նոյն վրանին մէջ:
39. Թապագեան Միհրան (1878-1915), ուսուցիչ, գրագէտ, դաշնակցական, նահատակ:
40. Տխրունի Արիս Իսրայէլեան (1885-?), ուսուցիչ, բանաստեղծ, դաշնակցական:
41. Աղապապեան Լ. (1887-1915), բաղեշցի, թուագէտ, խմբագիր, նահատակ:
42. Բարսեղեան Արմենակ, Ներսիսեան ճեմարանը աւարտած է, փիլիսոփայութիւն ուսանած է Պերլին, ուսուցիչ, Բերայի բնակիչ, դաշնակցական, վերապող:
43. Տօրեան Արմէն (Հրաչեայ Սուրէնեան) (1892-1915), բանաստեղծ, ուսուցիչ: Չանղըրը բերուած է, ապա քշուած է էնկիւրի ու նահատակուած է:

44. Գոչո Արթին-Բեքմեգեան, Օրթաքէոյի հացավաճառ, նահատակուած է Թիւնէ 13/26.08.1915ին:
45. Երջանիկ Արամ (1865-1915), գաւառացի ձեռներէց, սեփականատէրը՝ Պահճէ Գափուի համանուն ճաշարանի, ուր կը հաւաքուէին մտաւորականներ եւ այլ գործիչներ. նահատակուած:
46. Երեւում, ծխախոտի մաքսանենգ, իր համարձակ կերպարով Վարուժանին այնքան գրաւած է, որ ուզած է անոր բանաստեղծութիւն նուիրել։
47. Լեւոն Պարտիզպանեան (1887-1915), բժիշկ, օսմանեան բանակին մէջ հարիւրապետի աստիճանի իր համազգեստով ձերբակալուած է եւ աքսորուած: Եղած է հանրային գործիչ, դաշնակցական, վերապրող:
48. Լեւոն Գայըգճեան վաճառական, Միհրան եւ Գէորգ եղբայրներու հետ նահատակուած է էնկիւրի:
49. Ագրիկ Քերեսբեճեան, ծնած է Գարթալ (1855-1915), եղած է գիւղապետարանի անդամ, ատաղձավաճառ, անկուսակցական:
50. Պէյլերեան Յակոբ, վաճառական, հանրային գործիչ, վերապրող, աքսորուած է հօրը հետ:
51. Թաշճեան Կարապետ, վերապրող:
52. Արամ, հաւանաբար Օհնիկեանի զաւակներէն մէկը, վերապրող:
53. Տէօվլեթեան Կարապետ, հանրային գործիչ, վերապրող:
54. Քէհեայեան Վահան (Տէօքմէճի Վահան), արհեստաւոր, ուրֆացի (1874-1915), Զէյթունի «Պրունի» գործարանի ձուլող, հնչակեան, ամբաստանուած է ուժանակ պատրաստելու կասկածով, դատապարտուած է պատերազմական ատեանի կողմէ, աքսորուած է Չանղըրը, նահատակուած է Թիւնէ 13/26.08.1915ին:
55. Մառազաճեան Օննիկ (1878-1915), Պապը Ալի Ճատտէսի «Վաթան» կազմատան տէրը: Գումգափուի «Յաոաջդիմասէր ընկերութեան» ատենապետ, նահատակուած է Թիւնէի 13/26.08.1915ին:
56. Պասմաճեան Մանուկ, ճարտարապետ, մտաւորական եւ հանրային գործիչ, վերապրող:
57. Մելքոնեան Սիմոն, Օրթագիւղէն, ճարտարապետ, վերապրող:
58. Զպճը, ճարտարապետ կաթոլիկ:
59. Արսլանեան, առեւտրական:
60. Վարդերես Աթանասեան (1874-1916), Բերայի, Ֆէրիքէոյի «մուխթար»ը, հնչակեան, համրիչը փորագրող աքսորականն է, նահատակուած է Մեսքենէի կողմերը:
61. Ֆէրուխան Բարունակ (1884-?), ելեւմտական նախարարութեան Մագրի Քէոյի մասնաճիւղի պաշտօնեայ, ջութակահար:
62. Ալթունեան, առեւտրական, նահատակ:
63. Ճամպազ Աբիկ, հայ կաթողիկէ, Բերայէն, առեւտրական, նահատակ:
64. Հրաչ, Հայկ Թիրեաքեան (1871-1915), ազգային երեսփոխան, դաշնակցական, նահատակուած է էնկիւրէ, իր իսկ դիմումով փրկած է իր անուանակից Այաշ աքսորուած ծերունի նպարավաճառը:
65. Մոմճեան, ռուսական հիւպատոսարանի թարգմանիչ, նահատակուած է էնկիւրիի մօտ:
66. Գալենտէրան Արամ, Օսմանեան դրամատան պաշտօնեայ, հանրային գործիչ, դիմումով դարձած է վերապրող:
67. Վաղինակ ՊարտիզպանԵան, «Շիրքէթի Խայրիէ»ի պաշտօնեայ, հանրային գործիչ, վերապրող:
68. Գալֆայեան Յարութիւն (1870-?), թալասցի, պաշտօնեայ, հօրեղբօրորդին համրիչի թիւ 26 Գալֆայեանին, աքսորի օրը Մագրիքէոյի թաղապետութեան նախագահ եղած է, հասարակական գործիչ, յայտնի դաշնակցական:
69. Պէյլերեան, աքսորուած են հայր եւ որդի.
70. Նոյիկ Տէր Ստեփանեան, երզնկացի, յանձնակատար, աքսորուած է կուսակցականներուն գէնք հայթայթելու մեղադրանքով. վաճառական, վերապրող:
71. Թաթարեան Ստեփան, առեւտրական, վերադարձած է զինադադարէն ետք Չանղըրը- Կեսարիա-Հալէպ ճանապարհը կտրելով:
72. Քէօլէեան Գէորգ կամ Յովհաննէս, Օհնիկեաններու գործակիցը, նահատակուած է էնկիւրիի մօտ:
73-77. Օհնիկեանններ՝ հայր եւ երեք որդիք.
ա. հայրը՝ Գրիգոր, 75ամեայ տարիքի վախճանած է Չանղըրը,
բ. Արամ, տարրագէտ, վերապրող,
գ. Յովհաննէս, վախճանած է Պելեմետիկի մօտ,
դ. Մկրտիչ, նահատակուած է Տէր Զօրի մէջ:
78. Թէրլեմէզ Օհաննէս, վանեցի, սեղանաւոր, դիմումով ազատած է, էնկիւրիի մէջ բանտարկուած է, քշուած է Տարսոն, Պոլիս հասած է 1915ի Սեպտեմբեր 22ին:
79. Տէր Գէորգեան Ներսէս, վաճառական։
80. Պասմաճեան Մկրտիչ, զինավաճառ։
81. Գայըզճեան Միհրան, վաճառական, նահատակուած է էնկիւրի, աքսորուած են երեք եղբայրներ միասին. Լեւոնը եւ Գէորգը նոյնպէս նահատակուած են էնկիւրի:
82. Ինճիճեան Գառնիկ, վաճառական, հանրային գործիչ, դիմումով վերադարձած է:
83. Մանեասեան Աստուածատուր, վաճառական, վերապրող:
84. Ղոնչէկիւլ Խոնճեկուլեան, ակնոցի վաճառական, վախճանած է Մեսքենէի կողմերը:
85. Փարիսեան Արտաշէս, վաճառական, վերապրող:
86. Գորեան Յակոբ, 70 տարեկան վաճառական, ակնցի, եղած է երբեմն ուսուցիչ, բանտարկուած է Էնկիւրիի մէջ, քշուած է Տարսոն ապա Պոլիս է հասած է:
87. Սամուէլ Թոմաճանեան, հնչակեան գործիչ, նահատակ:
88. Պալագեան Գրիգորիս, ծայրագոյն վարդապետ (1879-1934), թոքաթցի, փախած է Տէր Զօրի ճանապարհին վրայ 1916ի Ապրիլ 2ին, հասած է է Պելեմետիկ կերպարանափոխուած եւ ծպտուած: Վերապրած է: Եղած է Սողոմոն Թեհլիրեանի դատավարութեան վկաներէն մէկը: Կեանքի վերջին տարիներուն եղած է ֆրանսահայ գաղութի հոգեւոր առաջնորդը:
Այստեղ կը մէջբերեմ Գրիգորիս Ծ. վրդ. Պալագեանի «Հայ Գողգոթան» գիրքին մէջ յիշատակած մէկ գրութիւնը Կոմիտասի մասին Չանղըրըի բանտին մէջ.
«Իսկ հոս Չանկըրիի մեծազանգուած զօրանոցին ամրակուռ պարիսպներուն ետեւ, ջարդուփշուր եղած պատուհաններէն փչող հիւսիսի սառնաշունչ գարնանային փոթորկին դէմ, մենք 150է աւելի Պոլսէն աքսորական մտաւորականներ եւ ընկերներ ի մի եկած, առանց խտրութեան կուսակցութիւններու եւ դասակարգի, հաւատացեալի՝ թէ կրօնքի անտարբերի եւ կամ թերահաւատի, մթնշաղին մոմի տմոյն լոյսի մը մէջ, ժամերգութիւն կը կատարէինք: Երբ Կոմիտաս վարդապետ սկսաւ իր մելամաղձոտ եւ սրտառուչ «Տէր Ողորմեան» ծայր առաւ հեկեկանք մը ամէն կողմէ, որը հնար չէր զսպել: Կու լայինք ամէնքս ալ տղու պէս. կու լայինք մեր ձգած սիրելիներուն վրայ, կու լայինք մեր սեւ ճակատագրին վրայ, կու լայինք մեր ազգի անբախտութեան վրայ, կու լայինք անցուցած մեր արիւնի օրերուն վրայ, առանց ենթադրելու, թէ արեան աշխարհաւեր աննախընթաց նոր փոթորիկներու արդէն նախօրեակին կը գտնուէինք: Երբ ազգ ու հայրենիք ի մի հարուած պիտի փորձէին բնաջնջել մեր ցեղային դարաւոր թուրք թշնամիները: Մեր մէջէն ամենաքարացեալ սառնասիրտներն իսկ կը մասնակցէին աս ողբ ու կոծին, որ երբեք բռնազբօսիկ չէր, ընդհակառակը՝ հակառակ զսպումի ամէն ճիգերու, կու գար մեր տանջուած հոգիներու խորքերէն եւ յուզումէ պոռթկացող ներքին յորձանքներէն: Թերեւս տարաբախտ Կոմիտաս վարդապետ իր ամբողջ կեանքին մէջ այսքան յուզիչ երգած չէր երբեք «Տէր Ողորմեան»: Որովհետեւ, մինչդեռ ամէն անգամ ի պաշտօնէ երգած էր «Տէր Ողորմեան», ուրիշներու ցաւերուն, վշտերուն, սուգին առ ի մխիթարութիւն, այս անգամ սակայն, «Տէր Ողորմեան» կ՛երգէր իր իսկ վշտին, յոյզերուն ու յուզումներուն համար, հայցելով սփոփանք մխիթարութիւն յաւիտենական Աստուծմէն, որ սակայն լուռ կը մնար…»:
Որպէս եզրաբակում կրնանք ըսել, թէ շնորհիւ Կարինէ Աւագեանի պրպտումներուն եւ բացայայտումներուն, համրիչը դուրս եկած է լքուած վիճակէն եւ դարձած՝ Հայոց Ցեղասպանութեան անժխտելի վաւերագիր մը: Կը մէջբերեմ Կարինէ Աւագեանի խօսքը. «Համրիչը եղած է մի պատմութիւն, Հայոց Ցեղասպանութեան փորագիր վկան, սերունդներ կապող համրիչ»:
Մոնթրէալ
Օգտագործուած աղբիւրներ
1. Աւագեան, Կարինէ, «Եղեռնայուշ Մասունք Կամ Խոստովանողք Եւ Վկայք Խաչի», Երեւան, 2000:
2. Աւագեան, Կարինէ, «Չանղըրը, 1915թ. Ապրիլ 11, Յիշատակ, «Հանդէս Ամսօրեայ», 2000:
3. Աւագեան, Կարինէ, «Եղեռնապուրծ Մասունք, Վաւերագիր Վկայութեան, Հայոց Ցեղասպանութեան Պատմութեան Եւ Պատմագրական Հարցեր», Երեւան, 2002:
4. Իշխանեան, Վահան, «Փորագրութիւններ Քարերի Վրայ. Նոր Գիրքը Կապում Է Թզբեհի Աքսորեալներին Իրենց Պատմութիւններին», Երեւան, 28 Փետրուար, 2003:
5. Մարտիրոսեան, Նայիրի, «Թանգարանային Համրիչի Պեղումները Շարունակուում Են», Երեւան, 27 Ապրիլ, 2007:
6. Պալագեան, Գրիգորիս, Ծ. Վ., «Հայ Գողգոթան»:
7. Փափաջանեան, Աննա, «Մի Ցուցանմուշի Պատմութիւն. Հայոց Ցեղասպանութեան Փորագիր Վկան, Սերունդներ Կապող Համրիչը», Երեւան, 15 Նոյեմբեր, 2014: