
Թուրք ծայրայեղ ազգայնամոլներու «Գորշ գայլեր» կազմակերպութեան ահաբեկիչները Լեհաստանի ճամբով Ուքրանիա փոխադրուած են՝ Ռուսիոյ դէմ կռուելու նպատակով, կը հաղորդէ WarGonzo նախագիծի հեղինակ Սեմիոն Փեկով:
Ըստ անոր՝ «Գորշ գայլեր»ու Ուքրանիոյ մէջ գործունէութեան համակարգողը Թուրքիոյ ներքին գործոց նախարար Սուլէյման Սոյլուն է, նախագահ Էրտողանի հետ համակարգումով:
Ան կը շեշտէ, թէ «Գորշ գայլեր»ը ազգայնամոլ ահաբեկչական կազմակերպութիւն մըն է, որ կը ղեկավարէ թմրանիւթերու առեւտուրը, ստրկավաճառութիւնը եւ մարդկային գործարաններու ապօրինի պատուաստումը Թուրքիոյ մէջ եւ «հռչակ» շահած է քաղաքական անձնաւորութիւններու դէմ իր ոճիրներով:
Կարգ մը փորձագէտներ Ռուսիոյ դեսպան Անտրէյ Քարլովի սպանութիւնը կը կապեն Սոյլուի եւ անոր ենթակայ «Գորշ գայլեր»ուն հետ:
Նշենք, որ «Գորշ գայլեր»ը եւրոպական քանի մը երկիրներու մէջ ահաբեկչական կազմակերպութիւն կը համարուի: