5 Մայիսին, նախագահութեամբ Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեանի՝ առաջնորդարանին յարկին տակ գումարուեցաւ Հոգեւորականաց ընդհանուր ժողովը՝ օրակարգի նիւթեր ունենալով՝ «95ամեայ թեմի պատմական ձեւաւորումն ու հեռանկարները» եւ «Մեր Սուրբ պատարագը»․ այս ժողովը իր ձեւաչափով եւ բնոյթով կը տարբերուէր նախորդներէն։
Առաւել քան առասուն եկեղեցականներու մասնակցութեամբ ընդլայնուած նիստը մեկնարկեց միասնական աղօթքով, որմէ ետք առաջնորդը իր պատգամը փոխանցեց ներկաներուն՝ ըսելով․ «Սիրեցեալ եղբայրներ ի Քրիստոս, թեմի 95ամեակի տօնակատարութիւնը անկասկած մտածելու տեղիք կու տայ բոլորիս, թէ իրօք Աստուծոյ կանչով ենք մեր հոգեւոր սպասաւորութիւնը ի գործ դրած միասնաբար, մեր ս. եկեղեցւոյ հաւատացելոց մատակարարելու համար Աստուծոյ խօսքը՝ Քրիստոսի կեանքով մեզի հաղորդուած»։
Այնուհետեւ սկիզբ առաւ «Մեր Սուրբ պատարագը» նիւթով գիտաժողովը: Առաջին նիւթը՝ «Սուրբ պատարագին աստուածաբանութիւնը եւ հոգեկանութիւնը (Խորհուրդ եւ մատչելիութիւն)», առաւել մանրամասնութեամբ եւ վերլուծական յղումներով ու մէջբերումներով ներկայացուց Տաճատ Ծ. վրդ. Եարտըմեան:
Երկրորդ նիւթը` «Ս․ պատարագը, իբրեւ «Խորին եւ անհաս խորհուրդ» եւ ինչպէ՞ս մերձեցնել հաւատացեալները», որ ամենայն մանրամասնութեամբ եւ գործնական լուծումներով ներկայացուեցաւ Շնորհք Ա․ քհնյ․ Տէմիրճեանի կողմէ:
Երրորդ նիւթը՝ «Ս․ պատարագը մեր հաւատքին եւ դաւանութեան արտայայտութիւնն է եւ յայտարարութիւնը», զոր ներկայացուց Սարգիս Ա․ քհնյ․ Պետոյեան՝ իր կողմէ նիւթին վերաբերեալ կազմուած գրքոյկ-ուղեցոյցի միջոցաւ։
Չորրորդ նիւթը՝ «Ս․ պատարագը եւ Ս․ հաղորդութեան խորհուրդին մերձեցում», որ աստուածաբանական եւ գրական հեղինակներու մեկնողական մօտեցումներու համադրութեամբ ներկայացուեցաւ Զաքարիա քհնյ․ Սարիբէկեանի կողմէ։
Վերջին նիւթն էր՝ «Հայկական Ս․ պատարագին պատմական ձեւաւորումը», զոր ներկայացուց Տաթեւ Ա․ քհնյ․ Յարութիւնեան՝ առանձնացնելով ծագումը, հեղինակները եւ բարեկարգողները։
Կատարուեցան հարցադրումներ եւ քննարկումներ, որոնք առաւելաբար կեդրոնացան այս նիւթերը ժողովուրդին առաւել մատչելիութեամբ փոխանցելու միջոցներուն վրայ։
Եկեղեցականները խորութեամբ անդրադարձան թեմի 95ամեակին նուիրուած միջոցառումներուն, ինչպէս նաեւ ծիսական եւ գործնական այլ հարցերու։
Ժողովի վերջաւորութեան առաջնորդը գնահատեց օրուան բանախօսները եւ ներկայ բոլոր եկեղեցականները, ընդգծելով նմանօրինակ ժողովներու կարեւորութիւնը եւ շինիչ արդիւնքը: Սրբազանը նաեւ իր յատուկ գնահատանքը ուղղեց թեմի նորաստեղծ Սարկաւագաց խորհուրդի անդամներուն, ինչպէս նաեւ այդ խորհուրդի աշխատանքները մեծ նուիրումով համակարգող Վազգէն քհնյ․ Մովսէսեանին։
Առաջնորդին օրհնութեամբ եւ «Պահպանիչ»ով վերջ գտաւ օրուան յայտագիրը։
ԴԻՒԱՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ