ԵՐԵՒԱՆ.- «Առկայ» լրատուական գործակալութեան հաղորդումով, Եւրոպայի մէջ արդէն 15 զոհ արձանագրուած է վտանգաւոր տեսակի՝ «E գոլի» մանրէի (աղիքային ցուպիկ) յառաջացումէն. ի պատասխան, Հայաստանի իշխանութիւնները կասեցուցած են եւրոպական բոլոր երկիրներէն բանջարեղէնի ներածումը:
Գերմանիոյ մէջ նշեալ մանրէով վարակուած է աւելի քան 1000 մարդ: «E գոլի» մանրէի ախտածինը յայտնաբերուած է Սպանիայէն ներածուած վարունգին մէջ, սակայն պարզ չէ, թէ անիկա վարակուած է այնտե՞ղ, փոխադրելու պահո՞ւն, թէ Գերմանիոյ մէջ:
Սննդամթերքի անվտանգութեան պետական ծառայութեան աշխատակից Շուշան Ղազարեան յայտնած է, որ Հայաստան մէկ ամիս առաջ արդէն կասեցուցած էր Եւրոպայէն վարունգի, ապա նաեւ բանջարեղէնի միւս տեսակներուն ներածումը: Ըստ անոր, սննդամթերքի միւս տեսակներուն ներածումը Հայաստան կը թոյլատրուի միայն անցակէտերուն վրայ տարրալուծարանային մանրակրկիտ փորձաքննութենէ ետք:
Սննդամթերքի անվտանգութեան պետական ծառայութեան լրատուական բաժինի ղեկավար Բաբգէն Լիլոյեան, իր կարգին ըսած է, որ մէկ ամիս առաջ արգիլուեցաւ նաեւ Թուրքիայէն բանջարեղէններու ներածումը:
Նշենք, որ յիշեալ մանրէն կ՛ախտահարէ արիւնը, երիկամները, իսկ ծանր պարագաներու ալ՝ նեարդային ամբողջ համակարգը. անիկա յատկապէս վտանգաւոր է երեխաներու եւ տարեցներու համար: