ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ

Տասնմէկ տարի առաջ, Քալիֆորնիոյ օրէնսդիր մարմինը երկարաձգեց Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու ժառանգներուն նպաստները չվճարած ապահովագրական ընկերութիւններուն դէմ հայց ներկայացնելու վերջնաժամկէտը մինչեւ 2010 թուականի վերջաւորութիւնը:
Մինչեւ 2000 թուական, այդ ժառանգները չէին կրնար դատի տալ ապահովագրական ընկերութիւնները, քանի որ հայց ներկայացնելու վերջնաժամկէտը վաղուց անցած էր: Քալիֆորնիոյ օրէնսդրութեան համաձայն, նման հայց ներկայացնելու ժամկէտը կը սահմանուի 4 տարիով:
Նախորդ տասնամեակին, երբ հայցի վաղեմութեան ժամկէտը երկարաձգուեցաւ, ամերիկահայերը յաջողեցան ԱՄՆ դաշնակցային դատարաններուն մէջ, «Նիւ Եորք Լայֆ» եւ ֆրանսական «ԱՔՍԱ» ապահովագրական ընկերութիւններուն դէմ հայց ներկայացնել:
Գերմանական ապահովագրական ընկերութիւններուն եւ դրամատուներուն դէմ սկսած լրացուցիչ դատական գործընթացները տակաւին ընթացքի մէջ են: Դատական հայցին կողմ չհանդիսացող թրքական կառավարութեան աջակցութեամբ, այդ գերմանական ընկերութիւնները օրէնսդիր մարմինի սոյն որոշումը ձախողութեամբ վիճարկեցին դատարանին մօտ՝ պնդելով, թէ Քալիֆորնիոյ օրինագիծին մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան վկայակոչումը ոտնձգութիւն է դաշնակցային կառավարութեան արտաքին քաղաքականութեան նկատմամբ:
2010ի Դեկտեմբեր 31ի վերջնաժամկէտը աւարտելէ ետք, Ամերիկահայ համայնքը դիմեց Քալիֆորնիոյ օրէնսդիր մարմինին, հայցի վաղեմութեան ժամկէտը եւս մէկ անգամ երկարաձգելու խնդրանքով, երբ պարզուեցաւ, որ ապահովագրական այլ ընկերութիւններ եւս չեն վճարած Ցեղասպանութեան ժամանակաշրջանի իրենց յաճախորդներուն իրաւունքը հանդիսացող գումարները:
Թուրքիոյ կառավարութեան եւ ապահովագրական ընկերութիւններուն կողմէ դատական հետագայ վիճարկումներէ խուսափելու նպատակով, ոմանք պնդեցին, թէ թերեւս անհրաժեշտ չըլլայ Քալիֆորնիոյ նոր օրինագիծին մէջ վկայակոչել Հայոց Ցեղասպանութիւնը, քանի որ ընկերութիւնները պայմանագրային պարտաւորութիւն ունին՝ վճարել շահառուներուն, անկախ մահուան պատճառէն: Այնուամենայնիւ, օրէնսդիրը որոշեց տեղի չտալ թրքական ճնշումներուն եւ պահպանել Հայոց Ցեղասպանութեան վկայակոչումը, մանաւանդ որ Ցեղասպանութեան զոհերուն կողմէ հայց յարուցելու ժամկէտի երկարաձգման հիմնաւորումը այն էր, թէ վերջիններս ժամանակին հայց ներկայացնելու համար, բնականաբար անհրաժեշտ փաստաթուղթեր՝ մահուան վկայագիրներ եւ ապահովագիրներ, չեն ունեցած:
Ուշագրաւ է այն, որ Քալիֆորնիոյ նահանգը ապահովագրութեան մասին օրինագիծին մէջ Հայոց Ցեղասպանութիւնը կը սահմանէ հետեւեալ կերպով. «Օրէնսդիրը կ՛ընդունի, թէ 1915-1923 թուականներուն, հայերու նախնիներէն շատերը, որոնք կը բնակէին այդ ժամանակ Օսմանեան կայսրութեան մէջ գտնուող պատմական Հայաստանի տարածքին, ենթարկուած են ջարդի, խոշտանգումներու, սովամահութեան, մահուան երթերու եւ աքսորի: Այս ժամանակաշրջանը յայտնի է իբրեւ Հայոց Ցեղասպանութիւն»:
2011ի Ապրիլ 14ին, Քալիֆորնիոյ նահանգային խորհրդարանը ընդունեց նոր օրինագիծը (AB173)՝ երկարաձգելով Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու ժառանգներուն կողմէ ապահովագրական ընկերութիւններուն դէմ հայց ներկայացնելու վերջնաժամկէտը մինչեւ 2016ի Դեկտեմբեր 31: Հակառակ ինքնակոչ Քալիֆորնիոյ Խաղաղութեան եւ արդարադատութեան թրքական յանձնաժողովի առարկութիւններուն, օրինագիծը հաստատուեցաւ 10-0 ձայներով, Քալիֆորնիոյ նահանգային խորհրդարանի իրաւաբանական կոմիտէին կողմէ, եւ 61-0 ձայներով՝ նահանգային լիակազմ խորհրդարանին կողմէ: «AB 173»ը, որ պաշտօնապէս կը սատարուի Քալիֆորնիոյ սպառողներու փաստաբաններուն, ինչպէս նաեւ նահանգային ու դաշնակցային, Շրջանային ու քաղաքային աշխատողներու կողմէ, ներկայացուած էր նահանգային խորհրդարանի անդամ Մայք Կաթոյի կողմէ՝ 2011ի Յունուար 20ին: Խորհրդարանի անդամ Խաչօ Աչաճեան օրինագիծին գլխաւոր համահեղինակն էր:
Խորհրդարանի իրաւական հարցերու խորհրդատուն օրինագիծի հետեւեալ ամփոփ նկարագրութիւնը տուաւ. «Գործող օրէնքը թոյլ կու տայ Հայոց Ցեղասպանութեան ոեւէ զոհի՝ ինչպէս սահմանուած է՝ կա՛մ ժառանգին, կամ շահառուին, որ կը բնակի այս նահանգին մէջ եւ ունի պահանջք, որ կը բխի 1875-1923 թուականներուն ապահովագրողին կողմէ Եւրոպայի կամ Ասիոյ մէջ գործող կամ գնուած ապահովագիրէ կամ ապահովագիրներէ, դիմել այս նահանգի դատարանը՝ իր պահանջքը վերականգնելու համար: Գործող օրէնքը նաեւ կը նախատեսէ, թէ որեւէ դատական հայց, որ տակաւին ընթացքին մէջ է՝ ներառեալ այն հայցերը, որոնք ներկայացուած են Հայոց Ցեղասպանութեան զոհի կամ անոր ժառանգի թէ շահառուի կողմէ՝ Քալիֆորնիոյ բնակիչ (resident) թէ ոչ, որ կը ցանկայ ստանալ 1875-1923ի ընթացքին տրուած կամ գործող ապահովագիրներով նախատեսուած նպաստները, պէտք չէ անբավարար մնան՝ հայցի վաղեմութեան ժամկէտը անցնելու պատճառով, պայմանով, որ հայցը յարուցուած ըլլայ մինչեւ 2010ի Դեկտեմբեր 31ը: Օրինագիծով հայց յարուցելու վերջնաժամկէտը կ՛երկարաձգուի մինչեւ 2016ի Դեկտեմբեր 31: Այս օրինագիծով կը յայտարարուի, թէ անիկա պէտք է անմիջապէս ուժի մէջ մտնէ՝ իբրեւ հրատապ կանոնադրութիւն»:
Նահանգի խորհրդարանին կողմէ Ապրիլին հաստատուելէ ետք, օրինագիծը ներկայացուեցաւ Քալիֆորնիոյ Ծերակոյտի իրաւաբանական յանձնախումբին, 2011ի Մայիս 12ին: Ապա, անիկա պիտի ուղարկուի լիակազմ Ծերակոյտին եւ պիտի ներկայացուի նահանգապետ Պրաունի ստորագրութեան: Այս օրինագիծով, փոփոխութիւններ պիտի կատարուին Քալիֆորնիոյ Քաղաքացիական դատավարութեան օրէնսգիրքի «354.4» բաժինին մէջ, որ ստորագրուած եւ ուժի մէջ մտած էր 2000ի Սեպտեմբեր 18ին: Նոր օրինագիծով պիտի երկարաձգուի ապահովագրական ընկերութիւններու դէմ Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու ժառանգներուն կողմէ հայց ներկայացնելու վերջնաժամկէտը 2010էն մինչեւ 2016ի վերջաւորութիւնը՝ Հայոց Ցեղասպանութեան 100րդ տարելիցէն մէկ տարի անց՝ հնարաւորութիւն տալով աւելի շատ թիւով հայցեր ներկայացնելու իրաւախախտ ապահովագրական ընկերութիւններու դէմ:
ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈԻՆԵԱՆ
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր
Թարգմանեց՝
ԿԱՐԻՆԷ ԳԷՒՈՐԳԵԱՆ