Հայաստանի ՀՅԴ Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Արմէն Ռուստամեան, որ Մայիս 28ի առթիւ կազմակերպուած ձեռնարկին գլխաւոր բանախօսը ըլլալու համար Լոս Անճելըս կը գտնուէր, Յունիս 2ին այցելեց առաջնորդարան եւ հանդիպում ունեցաւ առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեանի հետ: Ներկայ էին նաեւ իրաւաբան Յովսէփ Կանիմեան, տոքթ. Յարութ Եաղսըզեան եւ ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Աւետիք Իզմիրլեան:
ՀՅԴի կողմէ կազմակերպուած ձեռնարկը՝ նուիրուած Հայաստանի Առաջին հանրապետութեան անկախութեան, տեղի ունեցաւ Յունիս 4ին, որուն ներկայ գտնուեցաւ առաջնորդ Տէրտէրեանը, ուղեկցութեամբ Յովսէփ քհնյ. Յակոբեանի: