
ՊԱՔՈՒ.- Ուրբաթ, Յունիս 24ին, ատրպեճանական «Էյ.Փի.Էյ.» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, թէ Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու տան անդամ Ճերըլտ Քանըլի խոստացած է այսուհետեւ յատուկ ուշադրութիւն դարձնել Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ սփիւռքներու հարցերուն, որպէսզի, ի հարկին, անոնց մտահոգութիւնները դնէ Քոնկրեսի օրակարգին վրայ: Քանըլի Վըրճինիա նահանգէն է:
Վերջերս, Ամերիկա հաստատուած Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ քաղաքացիները նամակարշաւներու կը դիմեն, դէմ դնելու համար Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի համար վնասակար նկատուող բանաձեւերու, որոնց շարքին են Ամերիկայի Հայ Դատի նախաձեռնութեամբ վերջերս ներկայացուած Հայկական Ցեղասպանութեան ճանաչման ու Թուրքիոյ փոքրամասնութեանց եկեղեցիներն ու կրօնական կալուածները վերադարձնելու առնչուող բանաձեւները: