ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ
Անցնող չորս օրերուն ընթացքին, աւելի քան 30 հազար հայորդիներ ներկայ եղան ՀՄԸՄի Նաւասարդեան 36րդ չորսօրեայ փառատօնին:
Այս մէկը ինքնին արդէն հաստատ տուեալ մըն է եւ մեծ ու փայլուն բարենիշ մը՝ արձանագրուած այս մեծ ընտանիքի պատմութեան էջերուն: Անկասկած, որ Կիրակի, 3 Յուլիս, 2011ին հարիւրաւոր հայորդիներ ապրեցան աւանդական դարձած այս մարզախաղերուն ստեղծած անօրինակ խանդավառութիւնը՝ հպարտանքով եւ յուզականութեամբ:
Այո՛ եւ միշտ, որովհետեւ մինչեւ այն ատեն, որ ՀՄԸՄը մեր ժողովուրդին կեանքին մէջ ամէն օր եւ ամէն տեղ ներկայ է, մի՛շտ պիտի ապրի եւ միաժամանակ մեզ ալ իրեն հետ պիտի ապրեցնէ:
Այս բոլորը անոր համար, որ Արեւմտեան Ամերիկայի այս շրջանէն ներս, ՀՄԸՄի դրօշին ներքեւ, բացառիկ յաջողութեամբ պսակուեցան Նաւասարդեան աւանդական դարձած այս տարուան 36րդ մարզախաղերը, որոնք իրենց աւարտին հասան Կիրակի, 3 Յուլիս, 2011ի առաւօտէն մինչեւ կէս գիշեր, Birmingham High School-ի հսկայ տարածքին վրայ, եւ որոնք անօրինակ խանդավառութեան եւ ազգային հպարտութեան անմոռանալի պահեր ստեղծեցին գաղութի հայութեան սիրտերուն մէջ, հազարաւոր երկսեռ անդամներու եւ համակիրներու ներկայութեամբ եւ մասնակցութեամբ:
Նախքան օրուան պատշաճ յայտագիրը, Լարա Ղարիպեան իր մեներգներով խանդավառեց ներկաները:
Յիշենք, որ Արամ Ա. Կիլիկիոյ կաթողիկոսը 2011 տարին հռչակած էր «Հայ Մանուկի տարի»: Մեկնելով այս իրողութենէն՝ դաշտ հրաւիրուեցան խումբ մը փոքրեր, որոնք շրջապատելով մեներգող Ղարիպեանը՝ ստեղծուած մթնոլորտին տուին տարբեր գոյն եւ երանգ:
Նախքան պաշտօնական յայտագիրին սկսիլը, ներկաները հրաւիրուեցան վայրկեան մը յոտնկայս լռութեամբ յարգելու յիշատակը մեզմէ առյաւէտ բաժնուած բոլոր ՀՄԸՄականներուն, եւ յատկապէս այս տարի մահացած ՀՄԸՄի Լոս Անճելըսի մասնաճիւղէն եւ տարիներու շրջանային վարչութեան անդամ Կարպիս Շխրտմեանին: Ապա երեկոյեան ժամը 6ին, սկսաւ յայտագիրի պաշտօնական բաժինը:
Այսպէս, նախ շրջանի սկաուտական խորհուրդի առաջնորդութեամբ մարզադաշտ առաջնորդուեցան Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան, այս տարուան տիպար ՀՄԸՄական Ռուբիկ Գուրճեան եւ իր կողակիցը՝ ընկերակցութեամբ ՀՄԸՄի Շրջ. վարչութեան ատենապետ Գառնիկ Աբրահամեանի:
Օրուան խօսնակներն էին՝ ՀՄԸՄականներ Նորա Չափարեան (հայերէն) եւ Տօնիկ Անտոնեան (անգլերէն), որոնք գեղեցկօրէն եւ հարազատ կերպով ներկաները ոգեւորեցին յատուկ լոզունքներով եւ քաջալերական ու տպաւորիչ խօսքերով, ինչպէս նաեւ ծանօթացուցին Նաւասարդեանն ու ՀՄԸՄի այս ափերու մեծ ընտանիքը:
Պէտք է շեշտել, թէ Նաւասարդեան 36րդ մարզախաղերը եզրափակող Յունիս 30էն մինչեւ 1 Յուլիսի շաբաթավերջը, յատկանշուեցաւ մեր երկսեռ երիտասարդութեան տիրական ներկայութեամբ, որ անգամ մը եւս եկաւ բոլորին միտքերուն մէջ դրոշմելու, թէ ՀՄԸՄը Սփիւռքեան հայ բացառիկ այն կազմակերպութիւնն է, որ հայ երիտասարդութեան սրտին կը խօսի հաստատապէս:
Փակման հանդիսութեան դրօշակի տպաւորիչ արարողութիւնը կատարեց շրջանի արի-արենոյշներէ կազմուած դրօշակակիրներու խումբը, որ ղեկավարութեամբ Ոսկան Արիսեանի, Շրջ. վարչութեան նուագախումբի ազգային եղանակներով մարզադաշտ բերաւ Ամերիկայի, Հայաստանի, Արցախի, Քալիֆորնիոյ, ՀՄԸՄի եւ Նաւասարդեան դրօշները, բարեւեց պատուոյ հիւրերուն եւ կատարեց դրօշակի արարողութիւնը՝ հետեւելով Ամերիկայի, Հայաստանի եւ ՀՄԸՄի քայլերգներուն, զորս դարձեալ նուագեց Շրջ. վարչութեան փողերախումբը:
Ապա օրուան հանդիսավարները ներկայացուցին պաշտօնական հիւրերը, որոնց կարգին էին՝ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան, Հայաստանի գլխաւոր հիւպատոսի ներկայացուցիչ Հայկ Աւետիսեան եւ Վարդան Մկրեան, ՀՄԸՄի Կեդր. վարչութեան փոխատենապետ Գօգօ Պալեան, ՀՕՄի շրջանային վարչութեան ատենապետուհի Արուս Մելքոնեան, ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդր. կոմիտէի ներկայացուցիչ Գօգօ Թոփալեան, Ազգային վարչութեան ներկայացուցիչ Ճորճ Չորպաճեան, Նաւասարդեան 35րդ (անցեալ տարուան) մարզախաղերու պատուոյ նախագահ Ճորճ Ժամկոչեան, Քալիֆորնիոյ 29րդ շրջանի քոնկրեսական Էտըմ Շիֆ, Քալիֆորնիոյ 27րդ շրջանի քոնկրեսական Պրետ Շերմըն, Կլենտէյլի Հանրային վարժարաններու խնամակալ մարմինի անդամ Կրեկ Գրիգորեան, Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Վազգէն քհնյ. Աթմաճեան, Պըրպենքի քաղաքապետարանի բարձրաստիճան պատասխանատու անդամներ, մարզախաղերու անցեալի տիպար ՀՄԸՄականներ, ինչպէս նաեւ ծնողներ, բազմահարիւր անդամներ եւ համակիրներ:
Յանուն Նաւասարդեանի 36րդ մարզախաղերու կազմակերպիչ յանձնախումբի ատենապետ Մհեր Դաւիթեան, իր խօսքին սկիզբը նախ ողջունեց եւ շնորհակալութիւն յայտնեց իր հովանաւորած յանձնախումբերուն հարիւրաւոր անդամներուն, որոնք ամիսներէ ի վեր ճգնեցան եւ իրենց կարեւոր դերը ունեցան ու մանաւանդ մասնակից դարձան այս մեծ յաջողութեան մէջ:
Ատենապետ Դաւիթեան վեր առնելէ ետք ՀՄԸՄի առաքելութիւնը, նաեւ հրապարակեց իր երախտագիտութիւնը՝ ներկաներու այս մեծ ընտանիքին հանդէպ ունեցած հաւատքին սիրոյն եւ յարգանքին, եւ ապա կոչ ըրաւ բոլորին՝ գալու, միանալու եւ խտացնելու ՀՄԸՄի շարքերը:
ՀՄԸՄ Շրջ. վարչութեան ատենապետ Գառնիկ Աբրահամեան իր սրտի խօսքին մէջ շեշտեց, թէ «պարծանք է ողջունել ձեզ փակման այս շքեղ հանդիսութեան առթիւ»: Ան բարի յիշեց, որ 35 տարիներ առաջ, 250 մարզիկներու մասնակցութեամբ ծնունդ առած Նաւասարդեան մարզախաղերուն այսօր կը մասնակցի աւելի քան հինգ հազար մարզիկ: Ապա ան շնորհակալութիւն յայտնեց ներկաներուն՝ նշելով, որ «ձեր ներկայութիւնը ոգեւորում է մեզ բոլորս»: Նոյնպէս երախտագիտական խօսքեր ուղղեց բոլոր անոնց, որոնք իրենց կարեւոր դերը ունեցած էին այս տարուան մարզախաղերուն իրականացման մէջ:
ՀՄԸՄի Կեդր. վարչութեան անունով շնորհաւորական ելոյթ ունեցաւ փոխատենապետ Գօգօ Պալեան. «ՀՄԸՄը նուիրուած է հայ մանուկին, պատանիին ու երիտասարդին ֆիզիքական ու ազգային դաստիարակութեան», ըսաւ ան ու շեշտելով հաւաստիացուց, թէ «հո՛ն, ուր ՀՄԸՄ կայ, հոն անպայմանօրէն կայ նաեւ հայ երկսեռ երիտասարդութիւն»:
Իր հայրական օրհնութիւններն ու շնորհաւորանքները փոխանցելու, եւ յատկապէս Նաւասարդեան 36րդ մարզախաղերուն առթիւ Արամ Ա. կաթողիկոսի շնորհաւորական ու օրհնութեան գիրը ընթերցելու համար, առաջնորդ սրբազան Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան, ընկերակցութեամբ ատենապետ Գառնիկ Աբրահամեանի եւ Վազգէն քհնյ. Աթմաճեանի, բեմ հրաւիրուեցաւ:
Սրբազան հայրը, օրհնութեան գիրի ընթերցման առթիւ, նախ բոլոր ներկաները հրաւիրեց յոտնկայս ունկնդրութեան, որմէ ետք բնագիրը յանձնեց ատենապետ Աբրահամեանի, եւ ապա իր հայրական երկլեզու խօսքին մէջ, առաջին իսկ հերթին, հոգեկան իր գոհունակութիւնը յայտնեց պատմական այս պահուն ներկայ գտնուելուն ուրախ առիթով:
Առաջնորդը յիշեց նաեւ, թէ Կիլիկիոյ վեհափառ հայրապետը մեր գաղութը պիտի այցելէ յառաջիկայ Հոկտեմբերին:
«Նաւասարդեան այս խաղերը հպարտութեան եւ ցնծութեան առիթ են բոլորիս համար: Մեր մանուկները մեր վաղն են ու մեր ապագան», ըսաւ առաջնորդը: Սրբազան հայրը շեշտեց նաեւ, թէ ՀՄԸՄը գաղութներու կեանքին մէջ ունի տիպար ՀՄԸՄական, հայ, մարդ եւ քաղաքացի պատրաստելու յստակ առաքելութիւն:
Յաջորդաբար ելոյթ ունեցան քոնկրեսական Էտըմ Շիֆն ու Պրետ Շերմըն, որոնք իրենց սրտի խօսքերով շնորհաւորեցին ՀՄԸՄի Նաւասարդեան 36րդ մարզախաղերը եւ բարձր գնահատեցին հայ երիտասարդութիւնը մաքուր միջավայրի մը մէջ համախմբելու եւ անոնց օգտակար ծրագիրներ հրամցնելու միութեան առաքելութիւնը, ու նորանոր յաջողութիւններ մաղթեցին այս մեծ ընտանիքին:
Իր կարգին քոնկրեսական Շերմըն, ատենապետ Աբրահամեանի յանձնեց Ուաշինկթընի Ներկայացուցչական տան գմբէթին վրայ ծածանող ամերիկեան դրօշակ մը, առ ի երախտագիտութիւն ու գնահատանք:
Արտայայտուած ու փոխանցուած խրախուսական եւ իմաստալից բոլոր պատգամներէն ետք, սկսաւ երկար սպասուած Նաւասարդեան տողանցքը: Այսպէս, Շրջ. վարչութեան հովանաւորած փողերախումբի ազգայնաշունչ եւ ոգեւորիչ քայլեղանակներով, ՀՄԸՄականի յատուկ հպարտութեամբ եւ ինքնավստահութեամբ տողանցեցին ՀՄԸՄի այս շրջանի Արեւմտեան Ամերիկայի ընտանիքին պատկանող 18 մասնաճիւղերը՝ իրենց վարչական, սկաուտական եւ մարզական կազմերով, որոնք հսկայ մարզադաշտը վերածեցին փոքրիկ եւ հարազատ հայրենիքի մը, միաժամանակ ներկաներուն շնորհելով անսովոր խանդավառութիւն:
Տողանցող բոլոր մասնաճիւղերը պատշաճօրէն բարեւեցին պատուոյ հիւրերուն ու զիրենք խրախուսող ծովածաւալ բազմութեան, ապա գրաւեցին իրենց նշանակուած տեղերը մարզադաշտին վրայ:
Աւանդական այս շքերթ-տողանցքը սկսաւ Լոս Անճելըսի մասնաճիւղով եւ իր աւարտին հասաւ ՀՄԸՄի «Արարատ» մասնաճիւղով: Գեղեցիկ եւ նոյնքան ալ տպաւորիչ էր տեսնել, թէ ինչպէս, առ ի երախտագիտութիւն իրենց տարիներու վաստակաշատ անդամին, «Արարատ» մասնաճիւղի փոքր անդամները, պատուոյ հիւրերուն դիմաց, իրենց մասնաճիւղի երկար տարիներու անդամ եւ այս տարուան «Տիպար ՀՄԸՄական»ի տիտղոսին արժանացած Ռուբիկ Գուրճեանի յուշանուէր մը յանձնեցին:
Նուագախումբի կանչերուն ներքեւ տողանցող ՀՄԸՄական մեծ ու փոքր թիւով վարչական կազմերը, իրենց մարզիկները, սկաուտները, արենոյշները, արծուիկներն ու գայլիկները, անմահ ցեղի ժառանգորդներու յատուկ իրենց փառահեղ տողանցքին միջոցին, կրկին անգամ յուզեցին ներկաները, որոնք իրենց հոգիէն ժայթքող ուրախութեան ու երջանկութեան բացագանչութիւններուն ընդմէջէն տեսան վաղուան հայութիւնը:
Օրուան խօսնակները միշտ գնահատական խրախուսիչ արտայայտութիւններով ներկայացուցին մասնաճիւղերը եւ անոնց ներկայ պատկերը: Տողանցքի աւարտին յանձնուեցան Նաւասարդեան մարզախաղերու գլխաւոր առանցքը հանդիսացող մարզական մրցումներու ախոյեանութեան բաժակները՝ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանի, ՀՄԸՄի Կեդր. վարչութեան փոխատենապետ ԳօԳօ Պալեանի, շրջանային վարչութեան ատենապետ Գառնիկ Աբրահամեանի եւ 2011ի տիպար ՀՄԸՄական Ռուբիկ Գուրճեանի կողմէ:
Ապա իրենց զաւակներուն տողանցքը վայելած հանդիսականները, հոգեկան մեծ գոհունակութեամբ տեղափոխուեցան փառատօնի շրջափակը՝ մասնակցելու համար Նաւասարդեան մարզախաղերը եզրափակող փառատօնի աւարտական յայտագիրին, որուն ընթացքին ելոյթ ունեցան Ժոզէֆ Գրիգորեան եւ շատ ուրիշ երգիչներ:
Յայտագիրի վերջին երգիչն էր Յարութ Փամպուքճեան, որ իր ճոխ երգերու փունջով աննախընթաց ուրախ մթնոլորտ մը ստեղծեց մարդկային ծովի վերածուած փառատօնին շրջափակը, ուր Նաւասարդեան խրախճանքը շարունակուեցաւ մինչեւ կէս գիշէր:
Անկասկած, որ Կիրակի, 3 Յուլիս, 2011ին, հարիւրաւոր հայորդիներ ապրեցան աւանդական դարձած այս մարզախաղերուն ստեղծած անօրինակ խանդավառութիւնը՝ հպարտանքով եւ յուզականութեամբ:
Այս ձեւով, ՀՄԸՄը վերակենդանացուց իր անցեալի անթառամ յիշատակները եւ այդ տրամադրութեամբ հպարտանք փոխանցեց ներկաներուն։ Այլ խօսքով՝ ՀՄԸՄը ապրեցա՛ւ եւ ապրեցո՛ւց:
Նաւասարդեան 36րդ մարզախաղերը սովորական յիշատակի նշում մը չէին, այլ յաղթական եւ նոր երթի մը նախաքայլը եւ յանձնառութիւն՝ շարունակելու սրբազան առաքելութիւնը:
Շատեր իբրեւ ուխտաւոր եկած էին՝ իրենց սիրտն ու հոգին կապելու այդ պատմութեան եզակի սակայն հաստատ ինքնագոհութեամբ մը:
Մեր մաղթանքն է, որ ՀՄԸՄական բոլոր մարզիկները, սկաուտները, արենոյշները, արծուիկներն ու գայլիկները, իրենց անմահ ցեղի ժառանգորդներու յատուկ ներկայութեամբ շարունակեն իրենց հաստատ ու վստահ քայլերը դէպի փայլուն ապագայ:
Ահա թէ ինչո՛ւ ՀՄԸՄին հետ կը բաժնեմ իմ ուրախութիւնս ու հպարտութիւնս եւ գնահատական խօսքերուս կը կցեմ յարատեւութեան եւ յաջողութեան բարի մաղթանքներ:
Ստորեւ՝ մարզախաղերու ընդհանուր դասաւորման արդիւնքները.
ԼՈՂ
1.- ՀՄԸՄի Լա Քրեսենթա Հովիտի «Շան»չ մասնաճիւղ
2.- ՀՄԸՄի Սան Ֆերնանտօ Հովիտի «Մասիս» մասնաճիւղ
3.- ՀՄԸՄի Սանթա Գլարայի «Անի» մասնաճիւղ
ԹԵԹԵՒ ԱԹԼԷԹ
1.- ՀՄԸՄի Սաութ Պէյի «Արագած» մասնաճիւղ
2.- ՀՄԸՄի Կլենտէյլի «Արարատ» մասնաճիւղ
3.- ՀՄԸՄի Սան Ֆերնանտօ Հովիտի «Մասիս» մասնաճիւղ
ԹԵՆԻՍ
1.- ՀՄԸՄի Կլենտէյլի «Արարատ» մասնաճիւղ
2.- ՀՄԸՄի Օրենճ Քաունթիի «Սարդարապատ» մասնաճիւղ
3.- ՀՄԸՄի Ֆրեզնոյի «Սասուն» Մասնաճիւղ
ՓԻՆԿ-ՓՈՆԿ
1.- ՀՄԸՄի Պըրպենքի «Սիփան» մասնաճիւղ
2.- ՀՄԸՄի Օրենճ Քաունթիի «Սարդարապատ» մասնաճիւղ
3.- ՀՄԸՄի Կլենտէյլի «Արարատ» մասնաճիւղ
ՎՈԼԻՊՈԼ
1.- ՀՄԸՄի Կլենտէյլի «Արարատ» մասնաճիւղ
2.- ՀՄԸՄի Սանթա Գլարայի «Անի» մասնաճիւղ
3.- ՀՄԸՄի Սան Ֆերնանտօ Հովիտի «Մասիս» մասնաճիւղ
ՖՈՒԹՊՈԼ
1.- ՀՄԸՄի Կլենտէյլի «Արարատ» մասնաճիւղ
2.- ՀՄԸՄի Լոս Անճելըսի մասնաճիւղ
3.- ՀՄԸՄի Սան Ֆրանսիսքոյի մասնաճիւղ
ՊԱՍՔԵԹՊՈԼ
1.- ՀՄԸՄի Կլենտէյլի «Արարատ» մասնաճիւղ
2.- ՀՄԸՄի Լոս Անճելըսի մասնաճիւղ
3.- ՀՄԸՄի Սան Ֆերնանտօ Հովիտի «Մասիս» մասնաճիւղ