ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
Վրաստանն ալ Հայաստանի նման թատերաբեմ դարձած է կրօնական աղանդաւորական շարժումներու, որոնց դէմ արդիւնաւէտ միջոցներով պայքարելու համար, թէ՛ վրաց ուղղափառ եկեղեցին եւ թէ Հայոց առաքելական եկեղեցին, կը թուի, թէ չունին անհրաժեշտ հնարաւորութիւնները: Երկու եկեղեցիներն ալ, սեփական ուժերուն չվստահելով՝ կը փորձեն համապատասխան երկիրներու օրէնքին ճամբով պաշտպանուիլ: Այս պարագային, պաշտպանուիլ՝ կը նշանակէ օրէնքի ուժով փորձել արգիլել աղանդաւորական շարժումներուն գործունէութիւնը: Արեւմտեան եւ մասնաւորաբար եւրոպական հասարակութեան մէջ ներգրաւուելու ծրագիրը հետապնդող երկու պետութիւններուն համար ալ, խղճի վրայ բռնացող որեւէ օրէնսդրական նախաձեռնութիւն նպատակայարմար չի նկատուիր եւ փափաքելի չէ: Տեղական, ազգային-աւանդական արժէքներու պաշտպանութեան մտահոգութեամբ, քաղաքական ուժերը յաճախ կ՛անտեսեն իրե՛նց իսկ քաղաքական-գաղափարական հայեացքները, եւ կը ձեռնարկեն օրէնսդրական այնպիսի քայլերու, որոնք այնքան ալ չեն համապատասխաներ արեւմտեան ազատական չափանիշներուն:
Հայկական եւ վրացական եկեղեցիներու՝ հարեւան երկիրներու մէջ ազատ գործելու համար օրէնսդրօրէն խղճի ազատութեան պաշտպանութիւնը, նպաստաւոր պայմաններ կրնայ ստեղծել՝ անոնց տալով իրենց աշխատանքին համար անհրաժեշտ օրինական ամէն հնարաւորութիւն, բայց նաեւ աղանդաւորներուն ընձեռելով գրգռիչ պայմաններ՝ իրենց աւերիչ (արդէն այս բառով կ՛արտայայտենք մեր ալ մօտեցումը) գործը՝ հոգեորսութիւնը, յառաջ տանելու համար: Երկու երկիրներուն մէջ ալ այս մտահոգութիւնը կը տիրապետէ, երբ կ՛արծարծուին թեմական կարգավիճակի յստակացման հարցերը: Այդ իսկ պատճառով, մենք կրնայինք հասկացողութեամբ վերաբերիլ Իլիա Բ.ի ընդդիմութեան՝ Հայկական եկեղեցւոյ՝ այլոց շարքին իրաւական կարգավիճակ տալու վրացական խորհրդարանի օրէնսդրական քայլին, եթէ վրացական եկեղեցին հայկական եկեղեցիները սեփականացնելու վարքագիծը որդեգրած չըլլար: