Մահուան Հինգերորդ Տարելիցին Առթիւ
Սիրելի ՀՕՄի Ընկերուհիս,
Այն օրէն, որ հեռացար այս ունայն աշխարհէն անցաւ 5 տարի ու երկա՜ր ամիսնե՜ր, շաբաթնե՜ր ու երկար օրեր… իսկ որ ժամերու եւ կամ վարկեաններու վերածելու ըլլանք, շա՜տ երկար է ընտանիքիդ, հարազատներուդ համար…
Կորուստիդ հարուածը մեծ էր, երբ կորսնցուցիր որդիդ… չի դիմացար… ուզեցիր հասնիլ իրեն ըսելու «թէ զինք որքան կը սիրես…», մայրական իրաւունքդ էր… զաւակի կորուստը՝ դժբախտ ճակատագիրդ… սակայն «կամայ թէ ակամայ» դուն եւս նոյն հարուածն ու ցաւը տուիր ետիդ ձգած հարազատներուդ, անմխիթար ամուսինիդ եւ սիրելի աղջնակիդ…
Անոնք եւս ընդունեցին նոյն հարուածը, այս անգամ կրկնապատկուած՝ կորուստովդ… Աստուծոյ տնօրինութեամբ սակայն՝ իրենց ազնիւ եւ ազգասիրական զգացումներուն զարկ տալով փորձեցին միշտ յիշատակդ անթառամ պահել… Նուիրելով իրենց լումաները իրենց կարելիութեամբ՝ օգտակար ըլլալու իրենց միութեան, ազգին եւ իրենց շրջանակին:
Այդ իրենց շրջանակի սիրելիներուն մէջ մեծ բաժին ունի ՀՕՄի սէրը ու գուրգուրանքը… քանի որ ամբողջ կեանքիդ ընթացքին սիրով ու ծառայող ոգիով մօտեցար եւ գործօն դեռ ստանձնեցիր այդ մեր ազգային բարեսիրական մեծ միութեան մէջ: Միշտ աշխատեցար այնպիսի նախանձախնդրութեամբ, որ միշտ բարձր պահուի ՀՕՄի անունը, անոր առաքելութեան հաւատաւոր նուիրեալը դարձար: Անցեալ տարի այս օրերուն, ՀՕՄի հիմնադրութեան 100ամեակի առթիւ, որքան պիտի ուրախանայիր այն տօնակատարութիւններով, զորս ունեցանք հայրենիքէն ներս… իսկապէս հոյակապ ու փառաւոր ընդունելութիւն եւ տօնակատարութիւն էր եղածը… Վարձքը կատար բոլոր աշխատող ու այդքան վեհօրէն ՀՕՄի գործունէութիւնը ներկայացնող փայլուն ու գիտակից միտքերուն…
Յիշեցինք ու փնտռեցինք քեզ… հանգիստ ոսկորներուդ…
Յիշատակդ անթառամ սիրելի ընկերուհիս:
Սիրով,
ՀՕՄի ընկերուհիդ,
Սիրայք Փանոսեան
————————————————————————–
Սիրելի ընկերուհի
Ռոզին,
Հինգ երկար տարիներ անցած են այն օրէն, երբ մեզմէ հեռացար, եւ քեզ կը կարօտնանք ամէն օր: Դժուար է պատկերացնել որոշ միջավայրեր առանց ներկայութեանդ, թէեւ յաճախ, ի հարկէ, այնպէս կը թուի որ դուն նստած ես մեզի հետ, նետելով խոհուն նայուածքդ շրջապատիդ վրայ եւ պատրաստուելով մեզի հետ բաժնելու մտածումներդ ու գաղափարներդ:
Կը յիշեմ առաջին անգամը, երբ հանդիպեցայ կամ ճանչցայ քեզի. քու մասիդ ունեցայ այն միտքը, որ դուն պատրաստուած դաստիարակ մըն ես: Անշուշտ Հայ Օգնութեան Միութեան ժողովն էր, եւ ինչպէս հետագային իմացայ, դուն շատ ջերմեռանդ էիր ՀՕՄի առաքելութեան նկատմամբ: Չէի կրնար չհիանալ կազմակերպուածութեամբդ, կեցաուծքովդ եւ արտայայտութեամբդ: Իբրեւ ՀՕՄի անդամ ինծի համար կեանքի սահմանագծային պահ մըն էր հաստատելը որ ՀՕՄի մէջ ներգրաւուածութիւնը խօսքի վրայ չէ հիմնուած՝ այլ գործի: Քեզի պէս ընկերուհիներու, նաեւ ընկերուհի Անն Գէորգեանի նմաններուն ներդրումին ճամբով, իմացայ որ յանձնառու ընկերուհի ըլլալը այլընտրանք մը չէ՝ այլ պահանջք իւրաքանչիւր անդամէ. գաղափարներու կարիքը կար, սակայն աշխատող ոյժը շատ աւելի կարեւոր էր:
Տարիներու ընթացքին բաժնեցինք ՀՕՄի նկատմամբ մեր ջերմեռանդութիւնը տեղւոյն «Սոֆիա» մասնաճիւղի ժողովներու ընդմէջէն՝ Արեւմտեան շրջանի ապա կեդրոնական վարչութեան մակարդակներու վրայ: Ի՜նչ հաճելի օրեր էին անոնք: Այո, ուրախ օրեր. ժամեր տեւող թէժ ժողովներէ ետք, վերջաւորութեան ընկերական յարաբերութիւններ կը ստեղծուէին, կերպարներ կը կաղապարուէին: Շնորհակալութի՛ւն ըլլալուդ համար այնպիսի օրինակելի տիպար մը, որուն ՀՕՄ կազմակերպութիւնը միշտ կարիք ունի:
Սակայն, դուն չէիր սահմանուած միայն ՀՕՄէն ներս աշխատելու. մինչ սկսայ առաւել ճանչնալ քեզ, հասկցայ որ մեծապէս նուիուած ես ընտանիքիդ: Ընտանիքդ գլխուդ թագն էր եւ ամէն ինչ կ՛ընէիր որ անիկա պսպղայ: Ես չեմ յիշեր որեւէ զրոյց, որուն ընթացքին դուն չմէջբերես նոր տեղեկութիւն մը քու «մէկ հատիկ» Նայիրիիս» եւ «աղուոր Յովիկիս» մասին: Բայց, հակառակ անոր, որ դուն օրինակելի ծնող էիր, միայն երեխաներուդ շուրջ ուղեծիր չէիր դարձած. ամուսինիդ՝ Աբոյին հետ յարաբերութիւննդ ալ այլ օրինակ մըն էր համապատասխող զոյգի մը: Շատ ակնյայտ էր որ գտած էիր կեանքիդ ընկերը, հոգիի ընկեր մը ուղեկից մը, որ ձեր երկուքը կը վերածէր մէկ ամբողջութեան:
Կը յուսայի որ կեանքը այսպիսի դաժան ճակատագրի չարժանացներ քեզ եւ ընտանիքիդ: Բառեր չկան արտայայտելու համար թէ մահդ որքան վիշտ պատճառեց մեր գաղութին: Բայց գաղութի ցաւին կողքին ոչինչ կրնայ չափուիլ այն հսկայական վիշտին հետ, զոր քու ընտանիքդ կրեց քու վաղաժամ կորուստովդ: Վստահ եղիր ընկերուհի Ռոզին, յիշատակդ կը մնայ կենդանի ոչ միայն քու ընտանիքիդ համար, այլ ամբողջ գաղութին համար:
Ընկերուհիդ,
Հուրի Ալանճեան Սենտըրսըն
———————————————————————————–
Պատգամդ Մեզի Ուղեցոյց Կը Մնայ
Սիրելիս, ընտանեկան կեանքի եւ միջավայրին մէջ քու սերմանած նուիրումի, հոգեկան, մայրական, ազգային եւ համամարդկային տուչութեան սկզբունքները մեզի համար պիտի մնայ կեանքի բոլոր ճամբաներէն ուղիղ ու ազնիւ յառաջանալու ուղեցոյց:
Սիրելիս, քու մեկնումդ ինծի եւ մեր օճախին կառչած հարազատներուն համար եղաւ ճշմարտութիւնները յաղթահարող այն քննութիւնը՝ որ գոնէ մեզ համար հաստատեց, որ Սէրը աւելի մնայուն է քան մահը:
Ամէն անգամ, երբ կը հնչէ տան դուռը, կը նայիմ պատէն կախուած լուսանկարիդ, կը դիտեմ դէմքդ, կը մնամ կախուած ծորացող ժպիտիդ, կ՛ողջունեմ մուտքդ եւ աղօթքի նման շրթներս կը թոթովեն անունդ:
Ապացոյց՝ ամէն անգամ, որ մեր երդիկէն, մեր սիրոյ բոյնէն ներս կը մտնեմ, կը դիտեմ ամէն ինչ, շարժուն թէ կայուն, որոնք կը բարբառեն քու կենսագրութիւնդ, որոնք կը ժպտին, կը խօսին կատակներով, կը յիշեցնեն այն օրերը, երբ մեր մթնոլորտը լի էր խինդով ու կեանքով:
Ռոզին, սիրելիս, այո՛ կեանքը դաժան է եւ իր տնօրինումները անընդունելի, բայց վեհ սկզբունքներու հաւատարմութիւնը, անխաթար հոգեկանութիւնը շղթայած ըլլալով մեզ աննիւթական կապերով, ոչ մէկ շօշափելի կամ վերացական ուժ կրնայ մեր միջեւ խզումի պատ բարձրացնել:
Սիրելի Ռոզին, հաւատացեալ, Աստուածավախ էիր, գիշերները աղօթքիդ մէջ շրթներէդ միայն կը հնչէին «Փառք Աստուծոյ» բառերը, նոյնիսկ հիւանդ ու տագնապալի օրերուդ չհեռացար հաւատքէդ:
Ահա այսօր, արդէն հինգ տարի է, որ առհաւէտ հեռացած ես մեզմէ: Ես ալ կու գամ միանալու աղօթքի աղերսանքիդ, գոչելով «Փարք Աստուծոյ», որ քեզի նման ազնուական, ազգասէր, հայրենասէր, հիւրասէր, միշտ ժպտուն ու հեզ, բացառիկ անձնաւորութեան մը հետ կապեցի կեանքս. աւա~ղ, մեր 28 տարիներու օրհնուած կեանքը չափազանց կարճ եղաւ:
Ուստի այս տողերով կու գամ խոստովանիլ, որ իմ շրթներուս պիտի մնաս աղօթքի նման սրբահունչ, իմ աչքերուս պիտի շարունակես պարզել երկնքի անխաթար կապոյտը:
Պիտի մնաս անուանդ նման, մեր հայրենիքի բոլոր ծաղիկներուն նման վարդը, որուն բոյրով պիտի ստանանք հրճուանքը մեր կեանքին:
Սիրած եմ քեզ, սիրած ենք քեզ, պիտի մնաս Սէր, Սէր, եւ Սէր…
Փառք քեզ Աստուած, Փառք քեզ Աստուած…
Ամուսինդ՝
Աբօ Սաղտըճեան