ՊԷՅՐՈՒԹ.- Օրին մամուլով յայտարարուած էր, թէ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան աւարտական դասարանէն չորս սարկաւագներ՝ Աբրահամ Աշըգեան, Սերժ Թինքճեան, Աբրահամ Մանուէլեան եւ Գէորգ Սաղտճեան, 19 Յունիս 2011ին, աբեղայ ձեռնադրուեցան՝ վերակոչուելով Տ. Շնորհք, Տ. Պօղոս, Տ. Պետրոս եւ Տ. Յովհաննէս աբեղաներ:
Մեր եկեղեցւոյ աւանդութեան համաձայն, Նորընծայ աբեղաները քառասնօրեայ պահեցողութեան շրջանը անցուցին մայրավանքէն ներս: Ապա, անոնք իրենց անդրանիկ պատարագը մատուցեցին Կիրակի, Յուլիս 30ին, Այլակերպութեան տօնին, Լիբանանի թեմի եկեղեցիներէն ներս:
Վանական աւանդութեան համաձայն, վանաբնակ իւրաքանչիւր միաբան կ՛ունենայ պաշտօն մը՝ այս ձեւով իր մասնակցութիւնը բերելով Սուրբ աթոռի հաւաքական առաքելութեան: Վեհափառ հայրապետը նորընծայ աբեղաները կոչեց հետեւեալ պաշտօններուն. Շնորհք աբղ. Աշըգեան՝ հսկիչ դպրեվանքի, Պօղոս աբղ. Թինքճեան՝ փոխմատենադարանապետ, Պետրոս աբղ. Մանուէլեան՝ փոխլուսարարապետ եւ գիրքերու պահեստանոցի պատասխանատու, իսկ Յովհաննէս աբղ. Սաղտճեան՝ հիւրընկալ վեհարանի: