ՊԱՔՈՒ.- Ատրպեճանական «Էյ. Փի.Էյ.» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Թուրքիա, Ատրպէյճան, Ղազախստան եւ Ղրղզիստան առաջարկած են Թրքալեզու երկիրներու համագործակցութեան խորհուրդին դիտորդի կարգավիճակ տալ ՄԱԿի Ընդհանուր ժողովին մէջ։
Թրքալեզու երկիրներու համագործակցութեան խորհուրդը ստեղծուած է 2009ին, իբրեւ միջկառավարական միջազգային կազմակերպութիւն։
Խորհուրդին նպատակն է՝ միաւորել թրքալեզու երկիրներուն մէջ ապրող մարդիկը, ամրապնդել այդ երկիրներուն միջեւ քաղաքական, առեւտրական ու տնտեսական յարաբերութիւնները։