ԽՄԲԱԳՐԱԿԱՆ «ԱԶԴԱԿ»Ի
Արցախի Հանրապետութեան հռչակման 20ամեակի նշումը ներազգային առումով ճիշդ է, որ միաժամանակ թէ՛ զգացական եւ թէ՛ բանական հարթութիւններու վրայ խորհուրդներ կը պարփակէ, պատգամներ կը փոխանցէ եւ մանաւանդ յառաջիկայ գործունէութեան նախանիշեր կը թելադրէ՝ Արցախի պետականութեան ամրակայման, բնակեցման, զարգացման եւ մանաւանդ անկախութեան միջազգային ճանաչման հրամայականներուն նկատառումներով:
Յոբելեանը հերթական առիթ է լոյսին բերելու նաեւ բանակցային գործընթացի պարզած ներկայ պատկերը: Նախքան այդ, սակայն, հարկ է մտաբերել, որ որեւէ հակամարտութեան լուծման համար տարուող բանակցութիւններուն ընթացքին կամ մինչեւ առաջադրուած լուծումի համաձայնութիւնը շատ կարեւոր է բանակցող կողմերուն ցուցաբերած պահուածքը: Այստեղ ակներեւ է ատրպեճանական կողմի դրսեւորած ամէնէն մեղմ ըսելաձեւով՝ ապակառուցողականութիւնը: Ռազմատենչ յայտարարութիւնները, հրադադարի անվերջանալի խախտումները եւ պայմանական մօտեցումները կ՛ընդգծե՛ն ատրպեճանական ժխ-տական վարքագիծը:
Կարելի է արձանագրել, որ Արցախի Հանրապետութեան հռչակման քսանամեայ այս ժամանակահատուածը յատկանշուեցաւ գոյավիճակի պահպանումով: Դրական տեղաշարժի նախադրեալներ, բեկումնային պահերու նախօրեակներ, լուծման վերջին կարելիութիւններ եւ նման եզրաբանութիւններ յաճախակի օգտագործուեցան բանակցային իւրաքանչիւր հանգրուանի սեմին՝ առաւելաբար հանրային կարծիքին վրայ ազդելու մտադրութեամբ:
Մատրիտեան հին կամ նորացուած սկզբունքները եւս բանակցային սեղանին վրայ գտնուելով իրենց շուրջ չյաջողեցան գոյացնել համաձայնութիւն: Յստակ էր, որ մերժողական դիրքերէ որեւէ զիջում չկատարելու ատրպեճանական դիրքորոշումը հիմնական արգելակող պատճառ էր ենթադրեալ համաձայնութեան գոյառման:
Փոխզիջումով ձեւաւորուելիք համաձայնութիւնը Ատրպէյճանի համար հայկական կողմէն սպասելի միակողմանի զիջումներով կայանալիք լուծում էր:
Արցախի Հանրապետութեան նախագահի Սեպտեմբեր 1ի յայտարարութիւնը յստակ նախանիշ էր, որ Ստեփանակերտը իբրեւ բանակցային կողմ ուղղակի պիտի բանակցի Պաքուին հետ: Առանց ինքնորոշուած Արցախի իրողական ներկայացուցիչներու մասնակցութեան եւ համաձայնութեան, որեւէ լուծում կարելի չէ պատկերացնել արցախեան հիմնախնդիրին: Թէեւ՝ բանակցային ընդհանուր գործընթացին Ստեփանակերտը մասնակցած է եւ կը շարունակէ մասնակցիլ:
Միջնորդական առաքելութիւն ստանձնած խմբակին համանախագահները իրենց Երեւան-Պաքու կամ Պաքու-Երեւան ուղեւորութիւններուն ընթացքին դժուար թէ շրջանցեն Ստեփանակերտը: Որեւէ ձեւաչափով՝ ըլլա՛յ միջնախագահական, ըլլա՛յ միջնախարարական, տեղի ունենալիք հանդիպումներէն առաջ Մինսքի խմբակի համանախագահները տեսակցած են Արցախի նախագահին եւ արտաքին գործոց նախարարին հետ: Այս մէկը գրեթէ օրինաչափ երեւոյթի վերածուած է եւ համազօր նկատուած Արցախի իշխանութիւններուն բանակցային գործընթացին ներառումին: Անուղղակի այս եղանակն է հիմա, որ նախագահ Սահակեան կառաջադրէ վերածել ուղիղ բանակցութիւններու ձեւաչափին:
Ուղիղ բանակցութիւններու ձեւաչափը կը ճշդուի անպայման: Պաքուէն կ՛ակնկալուի քաղաքական կամքի ցուցաբերում՝ ընդունելու համար պատմական, քաղաքական, իրաւական եւ բարոյական բոլոր պայմանները ամբողջացուցած, ժողովրդավար հիմունքներով հանրաքուէ կազմակերպած, ինքնորոշուած եւ պետականութիւն կերտած Արցախի Հանրապետութեան ներկայացուցիչներուն հետ բանակցային սեղանի շուրջ նստիլը: Ուղիղ բանակցութիւններն են, որոնք կրնան լուծման ճամբուն առաջնորդել արցախեան հիմնահարցը: Իսկ ուղիղ բանակցութիւնները անկախ Արցախի ճանաչումի համազօր քայլ է, որ անխուսափելիօրէն պարտին առնել Պաքուի ղեկավարները: