Վերամուտի յուզումները արդէն մեր ետին են: Մանկամսուրներէն մինչեւ աւարտական դասարաններ, հայկական վարժարաններու աշակերտները արդէն մտած են հունի մէջ, իսկ կրթական մշակները նոր տարի մը բոլորելու տենդով՝ մխրճուած են իրենց առաքելութեան պահանջներէն բխած գործերու մէջ:
Այս աշակերտ-կրթական մշակ հաւաքականութիւնը այդպէս ալ պէտք է շարունակէ իր աշխարհին մէջ՝ իր մթնոլորտը յագեցնելով դաստիարակչական, ստեղծագործական ծրագիրներով:
Դպրոցներուն ետին կանգնած կառոյցները, անոնք, որոնք ստանձնած են կրթական հաստատութեանց ծախսերը վերահսկելու, բացերը գոյացնելու պարտականութիւնները, այսօր հասկնալիօրէն դժուարին մարտահրաւէրներու առջեւ կանգնած են՝ առանց որակի զիջման՝ դպրոցներու կրթական ծրագիրները իրականացնելու, ոչ մէկ աշակերտ դուրս ձգելու եւ ընդհանրապէս հայկական վարժարաններու ներկայ ու ապագայ կենսունակութիւնը երաշխաւորելու գործը գլուխ հանելու:
Այլասերման դէմ պաքայրի ամրոց, մարդկային, ընկերային, քաղաքացիական արժէքներ ջամբող հոգիներու դարբնոց հայկական դպրոց-հաստատութիւնները իրենց առօրեայ մտահոգութիւններէն ձերբազատելու ծրագիր մը վաղուց ինքզինք կը պարտադրէ: Մեր համայնքը, դժբախտաբար, ցաւագնօրէն թերացած է այս մարզին մէջ, եւ տարուէ տարի յետաձգած է դպրոցներուն գոյատեւման համար անհրաժեշտ կռուաններ ապահովելը:
Այսօրուան դժուարութիւնները, յուսանք, վաղուան դարձեալ ժամանակաւոր բարեկեցութեամբ մոռացութեան գիրկը չեն նետուիր: Յատկապէս այս օրերուն, երբ կը պատրաստուինք դիմաւորելու Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսը, երբ կը նկատենք, թէ որքա՛ն ակնկալութիւններ ունինք անոր օրհնաբեր այցելութենէն, երբ կը գնահատենք մեր համայնքի դպրոցական կարիքներուն հասնելու անոր վեհափառ պատրաստակամութիւնը, նուազագոյնը, զոր կրնանք ընել՝ ազգային վարժարանները տնտեսապէս ապահովուած դարձնելու կառոյցներու ստեղծման ձեռնարկելը կրնայ ըլլալ: