ՊՈԼԻՍ.- Թրքական «Զաման» օրաթերթը Ուրբաթ, Սեպտեմբեր 2ին կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարութիւն մը հրապարակելով՝ յայտնած է, թէ Թուրքիոյ տարածքին պիտի տեղակայուին ամերիկեան հակահրթիռային վահանէն տարրեր։
Յայտարարութեան մէջ կը նշուի. «Միացեալ Նահանգներու կողմէ ՆԱԹՕի համար նախատեսուած ռատարի կայանը կը նախատեսուի տեղակայել մեր երկիրին մէջ։ Ատիկա կ՛իրականացուի ՆԱԹՕի նոր հայեցակարգի ծիրին մէջ եւ պիտի նպաստէ ինչպէս Հիւսիսանտլանտեան դաշինքին, այնպէս ալ մեր ազգային պաշտպանական համակարգի հզօրացման»։
Ուաշինկթըն անցեալ տարի Թուրքիոյ մէջ հակահրթիռային պաշտպանութեան տարրեր տեղակայել առաջարկած էր, որուն Անգարա երկար ժամանակ կը դժուարանար յստակ պատասխան մը տալու։ Սակայն որոշ ժամանակ ետք, թրքական իշխանութիւնները այդ տարրերու տեղակայման հարցին մէջ առաջադրեցին քանի մը նախապայմաններ։
Թուրքիոյ վարչապետ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողան յայտարարած էր, որ հակահրթիռային պաշտպանութեան տարրերու վերահսկողութիւնը պէտք է յանձնուի Անգարայի, այլապէս՝ այդ ուղղութեամբ կողմերուն միջեւ որեւէ համաձայնութիւն պիտի չգոյանայ։
Ի պատասխան Էրտողանի յայտարարութեան, ՆԱԹՕի պաշտօնական ներկայացուցիչ Ճէյմզ Ափաթուրէյ ըսած էր, որ այդ տարրերու տեղակայման պատասխանատուութիւնը կը կրէ ՆԱԹՕն, ուստի անիկա պիտի վերահսկէ այդ բոլորը։
Նախապէս, ամերիկեան «Ուաշինկթըն Փոսթ» օրաթերթին հետ զրոյցի մը ընթացքին, Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարարութեան անանուն աղբիւրները յայտնած էին, որ Իրանի հնարաւոր հրթիռային յարձակումներէն պաշտպանուելու համար, Միացեալ Նահանգներ կը պատրաստուի ռատարի կայան տեղակայելու Եւրոպայի հարաւային շրջաններուն մէջ։ Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարարութեան ներկայացուցիչները տեղեկացուցած էին, թէ Փենթակոնը կ՛ուսումնասիրէ Թուրքիոյ կամ Պուլկարիոյ մէջ հզօր ռատարներ տեղակայելու կարելիութիւնը։
Ամերիկեան վարչակարգին կողմէ Թուրքիոյ մէջ ռատար տեղակայելու մասին Անգարային կատարուած առաջարկէն ետք, կարգ մը ամերիկացի ծերակուտականներ Ուաշինկթընի կոչ ուղղած էին հակահրթիռային պաշտպանութեան տարրեր տեղակայելու ոչ թէ Թուրքիոյ, այլ՝ Վրաստանի մէջ։