

ՊՐԱԹԻՍԼԱՒԱ, «Ռոյթըրզ».- Երեքշաբթի, Սեպտեմբեր 6ի երեկոյեան, Հայաստանի ֆութպոլի հաւաքականը 4-0 արդիւնքով (կիսախաղ 0-0) տպաւորիչ յաղթանակ մը արձանագրեց Սլովաքիոյ մէջ, հիւրընկալ կազմին դէմ, 2012ի Եւրիոպայի ֆութպոլի ազգային խումբերու զտումի մրցումներուն ծիրէն ներս:
Այս յաղթանակին շնորհիւ, Հայաստանի խումբը երրորդ դիրքի բարձրացաւ Բ. խմբակէն ներս, ու միայն մէկ կէտով ետ կը մնայ երկրորդ դիրքը գրաւող Իրլանտայէն, որ նոյն օրը սպիտակ հաւասարութիւն մը արձանագրեց առաջատար Ռուսիոյ դէմ:
Kecce hayastani havaqakann