ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 7ին, Մոսկուայի մէջ տեղի պիտի ունենայ Ռուսիա-Ֆրանսա ապահովական հարցերով համագործակցութեան խորհուրդի հերթական նիստը, որուն ընթացքին Ռուսիոյ եւ Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարներ Սերկէյ Լաւրով եւ Ալեն Ժիւփէ, ինչպէս նաեւ պաշտպանութեան նախարարներ Անաթոլի Սերտիուքով եւ Ժերար Լոնկէ պիտի քննեն իրավիճակը Լիպիոյ եւ Սուրիոյ մէջ, ինչպէս նաեւ պաղեստինա-իսրայէլեան հակամարտութեան առնչուող հարցեր:
Ըստ ռուսական «Իթար-Թասս» լրատու գործակալութեան, Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Ալեքսանտր Լուքաշեւիչ յայտնած է, թէ Ռուսիոյ եւ Ֆրանսայի արտաքին գործոց եւ պաշտպանութեան նախարարները Մոսկուայի մէջ պիտի քննեն նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի կարգաւորման հոլովոյթը։
Պիտի քննուին նաեւ Եւրոմիութեան եւ ՆԱԹՕի հետ Ռուսիոյ յարաբերութիւնները սերտացնելու կարելիութիւնները: