
ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 1ին, Կլենտէյլի ՀՄԸՄ «Արարատ» մասնաճիւղի աւելի քան 100 անդամներ, երկարամեայ համակիրներ եւ հրաւիրեալներ իրենց մասնակցութիւնը բերին մասնաճիւղին հիմնադրութեան 33րդ տարեդարձի ձեռնարկներու շարքին մաս կազմող կալա-ճաշկերոյթի մեկնարկին, որ տեղի ունեցաւ Կլենտէյլի «Հիլթըն» պանդոկին տանիքը:
Կալա-ճաշկերոյթը տեղի պիտի ունենայ Հոկտեմբեր 22ին, քաղաքի «Սիվիք Սենթըր»ին մէջ, երեկոյեան ժամը 7էն սկսեալ: Սեպտեմբեր 1ի մեկնարկը հովանաւորած է «Հիլթըն» պանդոկը:
Ներկաները ունկընդրեցին ճաշկերոյթի կազմակերպիչ յանձնախումբին ու մասնաճիւղի վարչութեան անունով ելոյթ ունեցած Հելիկ Իսաղուլեանի ներկայացման, որմէ ետք ճաշկերոյթին մասին տեղեկութիւններ փոխանցեց նաեւ կազմակերպիչ յանձխումբի անդամ Սթիւ Արթինեան, կոչ ընելով ներկաներուն, որ ամէն ձեւով նեցուկ կանգնին սոյն ձեռնարկին եւ ապահովեն անոր յաջողութիւնը:
Ապա բեմ հրաւիրուեցաւ կազմակերպիչ յանձնախումբի ատենապետուհի Ժասիկ æառահեան, որ շեշտեց նման ձեռնարկներու յաջողութեան մէջ մասնաճիւղի իւրաքանչիւր անդամի եւ համակիրի մասնակցութեան եւ աջակցութեան կարեւորութիւնը:
Երեկոն իր մեղեդիներով հարստացուց ջութակահար Ալեն:
Հաւաքի ընթացքին կարելի եղաւ աւելի քան 50 սեղաներու տոմսերը ծախել եւ նիւթական օժադակութեան շարք մը խոստումներ ապահովել: