
ԵՐԵՒԱՆ.- Երեւանի քաղաքային պանթէոնին մէջ Հոկտեմբեր 19ին տեղի ունեցած է հայ ժողովուրդի մեծ բարեկամ, ֆրանսացի քաղաքական գործիչ Անրի Սապիի մասունքներու հողին յանձնման արարողութիւնը:
Ֆրանսացի քաղաքական գործիչը եղած է Հայ Դատի նուիրեալ քաղաքական գործիչներէն. ան պայքարած է նաեւ արցախահայութեան իրաւունքներու պաշտպանութեան ուղղուած բանաձեւերու ընդունման համար:
Արարողութեան ներկայ էին զայն ճանչցած եւ անծանօթ ընկերներ, զինակիցներէն շատերը եւ պարզապէս մարդիկ, որոնք կը յարգեն այն մեծ գործը, զոր կատարած է ֆրանսացի քաղաքական գործիչը:
«Մարդիկ, ովքեր կարող են ապրել, ցաւել, իրենց կեանքը նուիրել արդարութեան համար պայքարին, այսօր էլ ծնում է Ֆրանսիան: Մենք այդ երկրում իսկապէս ունենք բազմաթիւ լաւ բարեկամներ», այս առթիւ յայտնած է ՀՅԴ խմբակցութեան քարտուղար Արտաշէս Շահբազեան:
Անրի Սապի ծնած է 1933ին, Ֆրանսայի Թուլուզ քաղաքին մէջ: 1981-1994ին եղած է Եւրոպական խորհրդարանի անդամ: Մեծ դերակատարութիւն ունեցած է արցախեան շարժումին ընթացքին, Եւրոպական խորհրդարանին մէջ արցախահայութեան իրաւունքները պաշտպանող տարբեր բանաձեւերու ընդունման գործին մէջ: Ան իր քաղաքական գործունէութեան առանցքը դարձուցած էր Հայաստանի, Արցախի եւ ընդհանրապէս՝ հայութեան իրաւունքներու պաշտպանութիւնը:
Անրի Սապիի անունը հայ ժողովուրդի պատմութեան կարեւոր էջերուն մէջ կը գտնուի: Անոր ջանքերով էր, որ 17 Յունիս 1987ին, Եւրոպական խորհրդարանին մէջ քննարկուած եւ ընդունուած է «Հայկական հարցի քաղաքական լուծման» մասին բանաձեւը: Ասիկա առաջին անգամն էր, երբ միջազգային քաղաքական կազմակերպութիւնը նման բանաձեւ կ՛ընդունէր:
Սապի մահացած է 78 տարեկանին: Ցեղասպանութեան մասին բանաձեւի ընդունման հարցով ունեցած անմնացորդ իր դերակատարման համար, ընթացիկ տարուան Մայիս ամսուն, Հայաստանի նախագահին անունով անոր շնորհուած է «Մխիթար Գօշ» պատուոյ շքանշանը:
Հայ ժողովուրդի մեծ բարեկամի աճիւնին միւս մասը՝ անոր իսկ կտակին համաձայն՝ հողին պիտի յանձնուի Արցախի մէջ: