ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
Չկայ: Ո՛չ սփիւռքեան շարժում, ո՛չ ալ սփիւռքի մէջ որեւէ շարժում: Այսպէս խաղաղ, հանգիստ, միապաղաղ կ՛ապրինք, օրէ օր քիչ մը աւելի վարժուելով հանգստութեան՝ մեր հաւաքական խնդիրներուն անխռով նայելու: Ոչ խանդավառութիւն, ոչ յուզում, ոչ տագնապ:
Կան խանդավառող, շարժող գաղափարներ, որոնք սահմանափակուած են փոքր շրջանակներու մէջ: Հայրենասիրական ու ազգային գաղափարներ ու ծրագիրներ՝ «Դէպի երկիր», «Դէպի Հայք», «Արի տուն», Արցախի ու ազատագրուած տարածքներու վերաբնակեցման ծրագիր, Հայ Դատի հետապնդման քաղաքական գործունէութիւն, հայապահպանման ուղղուած ճիգեր, մշակութային հարստութեան գնահատում…:
Բոլոր այս թուարկուածները սկզբունքով այնքա՛ն հզօր գաղափարներ են, որոնք դիւրութեամբ պէտք է կարենան իրենց շուրջ մշտական խանդավառութիւն յառաջացնել, դիւրութեամբ կարենան շարժել ազգային-հայրենասիրական շունչով տոգորուած երիտասարդներ կամ տարեցներ, մղել զանոնք աշխատանքի, մղել զանոնք գործի: Ասոնք է, որ կը պահեն եղածը, այն՝ ինչ կայ:
Արդեօ՞ք պէտք է բաւարարուինք այս եղածով: Արդեօ՞ք պէտք է ընդունինք, որ այն պայմանները, որոնց մէջ կ՛ապրինք, երբե՛ք թոյլ պիտի չտան աւելիին ձգտելու, աւելիին հասնելու: Ի վերջոյ՝ ո՞րն է աւելին: Աւելի մեծ թիւով ամէնօրեայ հայկական դպրոցնե՞ր, աւելի աշխոյժ, կենսունակ մշակութային կեա՞նք, աւելի հզօր քաղաքական-կազմակերպական մեքենա՞յ, աւելի արդիւնաւէտ համախմբման, հաւաքումի միջոցնե՞ր:
Հաւանաբար անկարող ըլլանք ճշգրիտ ախտաճանաչումներ կատարելու: Հաւանաբար յանդգնութիւնը կամ խիզախութիւնը կը պակսի մեզ: Թերեւս: Այնուամենայնիւ, եթէ ինչ որ անհանգստութիւն կը կրծէ մեր ներաշխարհը, եթէ կը մերժենք անկարողութեան հոգեվիճակը, ապա մեր հաւաքական խաղաղ նահանջին դէմ շարժում յառաջացնելու ճամբան պէ՛տք է գտնենք: