ԳԷՈՐԳ ՄԱՆՈՅԵԱՆ

Առաջին հայեացքով, միայն դրուատելի կը թուի Թուրքիոյ վարչապետ Ռեչեփ Թայիպ Էրտողանի կողմէ Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 23ին կատարուած այն յայտարարութիւնը, որ պետութեան անունով ներողութիւն կը խնդրէ Տերսիմի մէջ 1936-39 տարիներուն տեղի ունեցած կոտորածներուն համար:
Սակայն, հարցին յաւելեալ քննարկումը ցոյց կու տայ, թէ իր երկիրին պատմութեան նկատմամբ Էրտողանի ցուցաբերած «լայնախոհութիւնը», պարզապէս քաղաքական շահեր կը հետապնդէ՝ նեղմտօրէն:
Արդարեւ, Էրտողան ներողութիւն խնդրելու արարքին մէջ իսկ քննադատած է այն իրողութիւնը, որ այդ օրերուն իշխանութեան վրայ գտնուող կուսակցութիւնը ցարդ ներողութիւն չէ յայտնած կոտորածներուն համար:
Այդ կուսակցութիւնը՝ Աթաթուրքի Հանրապետական ժողովրդային կուսակցութիւնը, ներկայիս իշխող կուսակցութեան գլխաւոր ընդդիմադիրի դերը ստանձնած է:
Ներողութիւն խնդրելու Էրտողանի «վեհանձնութիւն»ը պէտք է դիտել Հանրապետական ժողովրդային կուսակցութեան դէմ իշխող կուսակցութեան սկսած լայնածաւալ արշաւի պարունակին մէջ, եւ անիկա կը ծնի այն թիւր հիմնաւորումէն, թէ ներկայիս Թուրքիոյ իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութիւնը ամբողջովին պատասխանատու չէ 1930ականներուն տեղի ունեցած կոտորածներուն համար, պարզապէս, որովհետեւ ան իշխանութեան վրայ չէր այդ օրերուն:
Էրտողան կը մոռնայ, որ իր ներկայ կառավարութիւնը ժառանգորդն է ոչ միայն Թուրքիոյ «արդի» հանրապետութեան, այլ նաեւ Օսմանեան կայսրութեան եւ այդ պատճառով ուղղակիօրէն պատասխանատու է անոնց արարքներուն, որոնց շարքին է նաեւ Հայկական Ցեղասպանութիւնը, որ նոյնինքն Էրտողանի կառավարութեան կողմէ առաջ մղուող ուրացման արշաւին թիրախն է: Էրտողան արդեօք կը գիտակցէ՞ր, թէ ինքզինք եւ ոչ թէ ընդդիմութիւնը կը քննադատէր Չորեքշաբթի օր, երբ այս բառերը կ՛արտասանէր. «Աշխարհի ամենահզօր պետութիւններէն մէկը դառնալու Թուրքիոյ ջանքերուն առջեւ դրուած գլխաւոր խոչընդոտներէն մէկն է այն իրողութիւնը, որ ան տակաւին չի կրնար դէմ յանդիման գալ իր անցեալին, պատմութեան, թապուներուն եւ վախերուն»: