ՄԱՆՉԵՍԹԸՐ, Նիւ Հեմփշիր, «Էյ.Փի.».- Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 22ին, «Գրաւէ՛ Ուոլ Սթրի»չը շարժումին անդամները ընդհատած են նախագահ Պարաք Օպամայի մէկ ելոյթը՝ դատապարտելով այն իրողութիւնը, որ ցարդ բողոքի խաղաղ ցոյցերու մասնակցող աւելի քան չորս հազար մասնակիցներ ձերբակալուած են: Օպամա պատասխանած է. «Ամերիկան պէտք չէ միայն բնակչութեան մէկ փոքր հատուածին համար «հնարաւորութիւններու երկիր» ըլլայ, այլ այդպէս պէտք է ըլլայ բոլորին համար։ Մենք եւս ատոր համար կը պայքարինք, սակայն պայքարը ժամանակի կը կարօտի»։ Ան նաեւ անընդունելի նկատած է այն իրողութիւնը, որ Միացեալ Նահանգներու ազգային հարստութեան մեծ մասը բնակչութեան միայն մէկ առ հարիւրին կը պատկանի։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.