ՊՕՂՈՍ ԳՈՒԲԵԼԵԱՆ
-2-
ՏԵՂԱԿԱՆ ԳԱՐԵՋՈՒՐ

Ամերիկայի մէջ ալ յաճախ հարց կ՛ունենամ տեղական թարմ գարեջուրի արժանիքները բարեկամներուս բացատրելու մէջ։ Հիմա հարց պիտի դրուի, թէ ինչո՞ւ այս «թերս»ութիւնները միշտ ինծի կը պատահին։
Վստահօրէն, տարբեր տարիքի ու ասպարէզներու հայ այցելուներուն ալ նոյն դիպուածները կը պատահին հայրենիք իրենց այցելութիւններուն ընթացքին, սակայն անոնք փիլիսոփայօրէն մօտենալով քիմքի կամ խմիչքի հետ առնչուող հարցերուն՝ կա՛մ կը լռեն, կամ ալ տեղւոյն վրայ դիտողութիւն կատարելէ ետք կը փորձեն մոռնալ եղածը՝ «այս մարդիկը չեն փոխուիր» ըսելով։ Կամ ալ թրքերէն ասացուածքը նորանկախ երկրի օտարամոլ գործարարներուն ուղղելով՝ «Պունտան էյի փարլամազ» կ՛ըսեն ու երկիմաստ կը ժպտին։
Այս տարուան հայրենիք իմ այցելութեան ծիրէն ներս կ՛իյնար Տաթեւի վանք ուխտագնացութիւն մը։ Կինս՝ Սեդան, Պէյրութ բնակող աներձագս՝ Այնթապի հայրենակցական միութեան ատենապետ Յակոբ Սեմերճեան, անոր կողակից Նելլին եւ Քալիֆորնիայէն մեծ քոյրը՝ Արաքսին, ոտքի հանած էր, որպէսզի ընտանեկան վերամիացում տօնակատարեն Հայաստանի մէջ։ Երկու խորհրդաժողովներուն միջեւ տարածուող ժամանակաշրջանին որոշուեցաւ Տաթեւի վանք ուխտագնացութեան մը ձեռնարկել՝ երկու օրով։
Սակայն, Տաթեւի վանք այցելութիւնը եւ աշխարհի ամենաերկար ճոպանուղիին վրայ ճօճուելով մեր ուղեւորութիւնը ներկայ փորձագրութեան ծիրէն դուրս կ՛իյնան, ինչպէս նաեւ՝ Արենի գինիի գործարան մեր այցելութիւնը։ Ուրիշ առիթով գուցէ անդրադառնանք անոնց։
Այո՛, գիշեր մը Գորիսի մէջ փոքր, բայց ճաշակով յարդարուած գողտրիկ պանդոկը անցընելէ ետք, վերադարձի ճամբուն վրայ æերմուկ հանդիպեցանք, եւ ինչ տեսնենք… զանգուածային շինարարութեան ու բարգաւաճման մէջ եղող արդի քաղաք մը՝ գեղեցիկ պանդոկներով, լայն պողոտաներով ու վերջին տիպի սուղնոց ինքնաշարժներով։ Իսկ փոխարէնը՝ արտագաղթող մեր եղբայրները անպայմանօրէն մեզ կը փորձեն համոզել, թէ մեր հայրենիքը քարէ դարուն մէջ խարխաբող յետամնաց երկիր մըն է…
Աներձագիս կինը, որ Պէյրութէն իսկ կազմեր էր ճշգրիտ յայտագիր մը ու առաջնորդի դերը կը կատարէր, մեզ տեղափոխող մեքենային վարորդը ճշգրտօրէն առաջնորդեց æերմուկի մեծագոյն պանդոկը, ուր գարեջուրով ու սուրճով պիտի հանգչէինք ժամ մը ամբողջ, ու վայելէինք արդիական կառոյցին հիւրընկալութիւնը։ Երբ «պարմեն»ը մեր սեղանին մօտեցաւ ապսպրանքները վերցնելու, արդէն սեղանակիցներս համոզած էի տեղական գարեջուրի առաւելութեանց մասին։ Կիները սուրճին հաւատարիմ մնացին, իսկ տղամարդիկս՝ տեղական գարեջուրին։
– Տեղական գարեջուր չենք սպասարկեր,- եղաւ ծառայողին պատասխանը։
– Ինչո՞ւ Հայաստանի մէջ տեղական գարեջուր չէք սպասարկում, միթէ ամաչո՞ւմ էք որակէն…
Ուսերը թօթուելով՝
– Չէ, բայց պանդոկատէրերուն որոշումն է «տա»…
– Աղբե՛ր ջան, մենք Ամերիկայէն մինչեւ հոս եկեր ենք, որ հայրենի օդն ու ջուրը վայելենք,- ըսի քայքայուած տրամադրութեամբ ու աւելցուցի,- եւ անկախ ազգային զգացումէ՝ գարեջուրի տեղականն ու թարմը աւելի յարգի է։
Ստիպուած օտարամուտը ապսպրեցինք։
Քիչ ետք գարեջուրի բաժակս վերցնելով՝ պար ուղղուեցայ համակրելի արտաքինով «պարմեն»ին երկու բառով բացատրելու, թէ ինչո՛ւ որեւէ երկիրի տեղական գարեջուրը նախընտրելի է ներածուածէն։ Առաջին անգամը չէր որ Հայաստանի մէջ օտարամոլ հաստատութիւն մը ստրկամտօրէն տեղականը վանած էր խմիչքներու իր ցանկէն։ «Պար»ը նստելով՝ նորոգել տուի բաժակիս պարունակութիւնը ու խօսքս քիչ մը շփոթած հայ երիտասարդին ուղղելով՝ ըսի.
– Ես ալ տարիներով Ափրիկէի մէջ գերմանական «Պեքս» եւ հոլանտական «Հէյնըքըն» կը գործածէի, մինչեւ որ օր մը տեղական գարեջուրի ընկերութեան երիտասարդ տնօրէնը, կնոջը հետ մեր ծովեզերեայ ամարանոցը այցելեց՝ հայկական խորոված համտեսելու։ Երբ ան ականատես եղաւ օտարամուտ գարեջուրի անհաշիւ հոսքին, զիս մէկ կողմ քաշելով հետեւեալը ըսաւ.
– Ազատ ես քու նախասիրութեան մէջ, սակայն փաստուած է որ հակառակ գինիին, ուրուն հնացած-մնացածը հաճելի է մարդուս քիմքին, գարեջուրը խմելու իտէալագոյն պահը այն է, երբ իր թարմագոյն վիճակով նոր դուրս կու գայ զտարանէն։ Անիկա որքա՛ն հիննայ, այնքա՛ն կը նեխի եւ համն ալ կը փոխուի։ Այդ ձեր սպասարկած «իմփոր»չը, գոնէ 6 ամսուան հնութիւն ունի եւ սկսած է նեխելու խոնաւ այս կլիմային տակ։
Ու շարունակեցի.
– Այդ տղան իմ աչքս բացաւ եւ հետագային կատարած պրպտումներէս ճշմարտացի դուրս եկաւ անոր պաշտպանած թեզը։ Սիրելի հայրենակից, եթէ այսօր տեղական գարեջուր ապսպրեցի, ապա զուտ ազգայնական նկրտումներէ չէի թելադրուած, այլ՝ մասնագիտական նկատումներէ։
– Լաւ է որ պարզաբանեցիք այդ հարցը,- ըսաւ խօսակիցս,- քանի որ ուրիշ «տուրիստ»ներ ալ տեղականը պահանչում են…
Յուսամ այս գրութիւնս կարդալէ ետք կարգ մը սնոպներ լոյսը կը տեսնեն ու հայրենի գարեջուրէն չեն զրկեր օտարութեան մէջ պապակած մեր շրթներն ու սիրտերը։
ՇԱՔԱՐԻ ՏԵՂԱԿԱՆ ԱՐՏԱԴՐՈՒԹԻՒՆ
Ռոպերթը օտարութիւն տեսած՝ մեզ տեղափոխող «Մերսետես Էս.Եու.Վի.»ի տէրն էր, որ հպարտութեամբ մեզի ցոյց տուաւ ամիս մը առաջ Սերժ Թանգեանի ստորագրութիւնը կրող գնահատագիրը, զոր աշխարհահռչակ երգիչը իրեն նուիրեր էր Հայաստան իր վերջին այցելութեան ընթացքին:
Պերճախօս, ուսեալ, տրամաբանող, օտարութեան լեղանուշ համը բերանը՝ յիսունի մօտ անհատ մը, որուն հայրենասիրութիւնը պայմանաւորուած է իշխող վարչակազմէն ընկերային արդարութեան ընկալումով, ինչպէս որ խելքը գլուխը ոեւէ հայրենասէր մարդ էակի աստուածատուր իրավունքն է:
Նախքան Տաթեւի վանք ճամբորդութեան ձեռնարկումը, մանչուս՝ Արմէնին, ազդարարած էի, որ հայրենի իրականութեան դէմ անհատնում գանգատողի մը հետ գրեթէ անկարելի պիտի ըլլար երկարատեւ այդ ճամբորդութիւնը տօնական մթնոլորտի մէջ գլուխ հանել։ Մարդկայնօրէն, սփիւռքահայ մը ինչքա՞ն կրնայ տանիլ ապազգային ժխտական ուժերու սփիւռքահայ այցելուն զզուեցնելու ու վհատեցնելու կոչուած տրտրոցները՝ ըլլան Օփերայի հրապարակը հնչող կամ մեծ բերան շարժավարի մը խոռոչէն:
Կը յիշեմ թէ ինչպէ՛ս 2003ին էր, երբ մանչերուս հետ Ղարաբաղ ու հայրենիք կ՛այցելէինք, մեր «շոֆեր»ը այնքան առաջ տարաւ հակադաշնակցական ձաբռտուքները, որ ինծի պէս լայնախոհ սփիւռքահայը պոռթկալ տուաւ, որպէսզի ոչխարը շերտած դանակը իրեն ուղղելով գոչէի.
– Անպատկարին մէկը, Դաշնակցութեան անունը չարտասանած՝ այդ մեծ բերանդ տասը անգամ պիտի լուաս…
Բան մը, որ մանչուս ըսել տուաւ.
– «Տե՛տ», քեզ երբեք այսքան բորբոքած չէինք տեսած։
Ինչ որ է, փառք Տիրոջ, որ Ռոպերթը չափաւոր, խելքը գլուխը շարժավար մը յայտնուեցաւ, զգայնութիւն ցոյց տուաւ ո՛չ Դաշնակցութիւնը վատաբանելու, ոչ ալ հայրենիքը։
Սակայն շաքարի սա պատմութիւնը զինք ցնցած ըլլալ կը թուէր, որովհետեւ քանի մը առիթներով, երկրէն ներս տիրող անհոգի «մոնոփոլիա»ին դէմ պոռթկալով՝ Լենինականի շաքարի նոր «ֆապրիքա»ն քանի մը առիթներով յիշատակեց.
– Խնդրում եմ հայրենակից, ինծի հասկցուցէ՛ք, թէ ինչո՞ւ Պարսկաստանէն փախստական ներածուող շաքարին քիլօն 250 դրամ է, իսկ տեղական արտադրութիւնը 300ի կը վաճառուի։
– Անհոգի «մոնոփոլիա»…,- պատասխանեցի։
Քիչ ետք ես ալ վարորդ Ռոպերթին հետեւողութեամբ նոյն հարցումը շարունակեցի ուղղել.
– Ինչո՞ւ…
ՖԻՆԻՇԻՆԿ
Այս բային հայերէն ճշգրիտ իմաստը չի կրցայ գտնել ոչ ալ ստեղծել։ Բառարանը՝ «աւարտել»է ու «յղկել»է անդին չանցնիր։ Սակայն իմ համեստ կարծիքով, «աւարտում»ը կամ «յղկում»ը աւելի ճիշդ պիտի հնչէր։
Ամերիկահայ բարեկամ մը, քանի մը տարի առաջ, մեծ յոյսերով «էլիթար» նորակառոյց շէնքի մը մէջ յարկաբաժին գնեց։ Կառոյցը ինքնին հոյակապ էր իր արտաքին տեսքով, ինչպէս նաեւ ներսի բաժանմունքներով՝ ընթարձակ ու օդասուն։ Սակայն ժամանակի ընթացքին ի յայտ եկաւ, որ յանձնառուները՝ «քոնթրաքթըր»ները, աժանագին խնայողութիւններու յետամուտ եղած էի. բան մը, որ ծիծաղելի կը թուի ըլլալ՝ այդպիսի շէնքի մը ընդհանուր ծախսին հետ համեմատած:
Պատահեցաւ, որ օր մը ջուրի ծորակը պայթէր՝ փճացնելով տախտակամածը, խոնաւութենէն քայքայելով գորգերն ու պատերու ներկը, եւ լիճի վերածելով ամբողջ բնակարանին յատակը։
Ոչ ոք պատասխանատուութիւն ստանձնեց, ու փորձեցին յանցանքը հոն բնակող սփիւռքահայ երիտասարդի ուսին բեռցնել։ Այս վերջինը վերանորոգել տուաւ ամբողջ յարկաբաժինը եւ ընթացքին, ի յայտ եկաւ, որ ջրմուղագործը՝ «փլամըր»ը, ջուրի ծորակին փոխարէն կազամուղի աժան ծորակ գործածած էր։ Անկարելի է ըսել՝ անշնորհքութեա՞ն, թէ շեշտուած ագահութեան իբրեւ արդիւնք։ Այդ աղիտալի վթարը կրկնուեցաւ միւս յարկաբաժիններուն հետ եւս:
Տարի մը չանցած՝ ամբողջ շէնքին մէջ հրդեհ ծագեցաւ, որովհետեւ ելեկտրական վատորակ ու բարակ թելեր գործածած էին ելեկտրականագործները։
Հարց կու տանք՝ ո՞ւր մնաց հայ արհեստավարժ մասնագէտին ու շինարարին արժանապատուութիւնն ու անոր խի՛ղճը։
«ՀԱՅԱՍՏԱՆԸ ԴՈՒ ԵՍ….»
Made In Turkey
Մարդուս ձեռքը առաջ չ՛երթար աւելին ըսելու։ Եւ դեռ կարգ մը ազգայիններ անարդարօրէն նախարարուհի Հրանոյշ Յակոբեանը այպանեցին, հայ ժողովուրդին սիրտը խոցող գայթակղութեան համար։ Կարգ մը մարդոց համար կ՛երեւի դիւրին թիրախ դարձած է հէգ նախարարուհին։ Հարց կու տանք, անիկա առանձինն զինք շրջապատող չարաշահութեան խաւարի ասպետներուն անյագ ախորժակին դէմ ինչպէ՞ս պիտի պայքարի։ Եւ դեռ իրեն պէս խելացի մէկը, երկար պիտի մտածէր՝ թրքական ապրանք ապսպրելու վտանգաւոր «ռիսկ»ին չդիմած, մասնաւորապէս, երբ իր պաշտօնին բերումով, ամէն օր, ամէն առիթով, թուրքերէն խոցուած սփիւռքահայ ղեկավարութեան հետ երես-երեսի պիտի գայ։
Կամ ալ միւս ծայրայեղութեան դիմելով՝ կարելի է ենթադրել, թէ Հայաստանի ներկայ իշխանաւորներուն համար այնքա՛ն ալ կարեւոր չէ՝ սփիւռքահայ իրենց հիւրերուն մատուցուած վերնաշապիկներուն վրայ «Made in Turkey» գրուեր է, թէ «Made in China»։
Ներկայ ապազգային վերնախաւի ականջին «թրընկ» պիտի չընէր, թէ այս անուղղայ սփիւռքահայերը, Թուրքիոյ հետ չգործակցիլը սկզբունքային հարցի վերածած են, այնքան ատեն, որ ոսոխը կ՛ուրանայ գործած ցեղասպանական արարքը ու գրաւուած կը պահէ հայկական հողերը։
Ներկայ գայթակղութեան յաջորդող օրերուն, Կապանի Դերոյին հանդիպելու առիթը ստեղծեցի, անոր հարց տալու համար, թէ ինչո՞ւ հիւսուածեղէնի իր հսկայ գործարանը կեցած տեղը, Թուրքիայէն ապսպրած էին Համագումարի մասնակցողներուն նուիրուելիք «թիշըր»չները։
Մեր բարեկամը ոչ իսկ զարմացած կը թուէր պատահածով:
– Ինձ թւում է, որ եթէ պայմանագրութիւնը մեզի տային, պատասխանատուները պիտի չկարենային փողին կէսը գրպանել,- պատասխանեց ան պաղարիւնութեամբ։
Որմէ հետեւցուցի, թէ օրհնեալ այդ երկրին մէջ այնքա՛ն խորացած է փտախտը, որ մարդիկ նոյնիսկ չեն գայթակղիր՝ այլեւս իրենց առօրեային մաս կազմող ազգադաւութեան ամօթալի զանցումերուն դէմ յանդիման գալով։ Եթէ պետական մեր այրերը աշխատաւոր դասակարգին որպիսութիւնը իրենց սրտին մէջ կրէին, փոխանակ բարգաւաճ Թուրքիոյ բանուոր դասակարգը աշխատցնելու, նախ տանը անգործ նստած հայ ազգակիցին գործ կը հայթայթէին, կամ մեծահարուստ մը, քանի մը միլիոն ներդրելով՝ Կապանի Դերոյին հսկայ գործատունը արդիական մեքենաներով կ՛օժտէր, հարիւրաւոր մարդկանց աշխատանք ստեղծելու, եւ իրեն համար ալ՝ շահութաբեր «պիզնըս»:
Մեր կեցութեան միջոցին, ցաւով յայտնաբերեցինք, թէ Երեւանի շուկաները ողողուած էին թրքական արտադրութեամբ, երբ դեռ սահմանը պաշտօնապէս փակ է։ Սպասեցէ՛ք որ բացուին դռներն յուսոյ… Ներկայ ընթացքով, պիտի գայ օրը, երբ հայաստանցի մեր ծոյլ, ապաշնորհ գործարարները լուցկի իսկ պիտի չկարենան արտադրել։
Հետաքրքրական է այն, թէ այս պահուս որո՞նք կը հայթաթեն բանակին ու ոստիկանական ուժերուն համազգեստները։
Կապանի Դերօ՞ն, թէ… օտար հաստատութիւն մը։ Դեռ ալ ծունկ կը ծեծենք ու կոկորդիլոսի արցունք կը թափենք, թէ սահմանամերձ գիւղերն ու քաղաքները կը պարպուին իրենց հայ բնակչութենէն:
Այդ մասին ինչո՞ւ լուռ կը մնան Օփերայի հրապարակի յապաղած մարգարէները, որոնց իշխանութեան օրօք սկսաւ Հայաստանի գործարաններու հաստոցները պարզ մետաղի գնով հարեւան երկիրներուն վաճարելու ձգտում-մոլութիւնը։