
Իննամեայ հայուհի Տիանա Քալաշովան հասած է Չեխիոյ «Փրիմա» պատկերասփիւռի ալիքով հեռարձակուող «Չեխիան եւ Սլովաքիան տաղանդ ունին» հեղինակաւոր ծրագիրի եզրափակիչ փուլ:
Ըստ «Երկրամաս» թերթին, փոքրիկն Տիանան իր ձայնով հրապուրած է չեխ երգչուհի եւ դատակազմի անդամ Լուցիա Պիլը: Լուցիան նաեւ ըսած է, որ հայ տաղանդաշատ մանուկը կրնայ յաղթել նաեւ չեխական ամենահեղինակաւոր երգի մրցոյթին՝ «Չեշսքի Սլովեյէ»ին:
Տիանա արդէն յայտնի է նաեւ ռուս հանդիսատեսին, քանի որ ներկայացնելով Չեխիան՝ ան մասնակցած է ռուսական «Մանկական նոր ալիք-2011» մրցոյթին եւ յայտնուած է եզրափակիչ 15ին մէջ: