ՄՈՍԿՈՒԱ, «ՓանԱրմինիըն».- Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 22ին, «Ռուսաստանի հայերու եւ հրեաներու միութիւն» նախագիծի շրջանակներէն ներս տեղի ունեցաւ Մոսկուայի հայ եւ Aհրեայ հանրութեան ներկայացուցիչներուն հանդիպումը, որուն ընթացքին, ըստ ռուսական լրատուամիջոցներուն, քն-նարկուեցաւ Հայկական Ցեղասպանութեան հարցը:
Հանդիպումը կազմակերպուած էր «Օր Ցիան» միջազգային սիոնական շարժման աջակցութեամբ: Ցուցադրուեցան տեսանիւթեր եւ լուսանկարներ՝ Հայկական Ցեղասպանութեան մասին պատմող արխիւներէ առնուած, քննարկուեցան համաշխարհային հանրութեան, նաեւ Իսրայէլի կողմէ Հայկական Ցեղասպանութեան ճանաչման առնչուող հարցեր:
Մասնակիցները նշած են, որ Իսրայէլի հանրութիւնը չի ժխտեր Հայկական Ցեղասպանութեան փաստը, եւ որ ընդհանուր առմամբ հայ-իսրայէլեան յարաբերութիւններուն ջերմացումը օգտակար կը դառնայ երկու կողմերուն:
Նշենք, որ ձեռնարկի ընթացքին յայտարարուեցաւ, թէ «Օր Ցիան» միջազգային սիոնական շարժումը մեծագոյնն է ԱՊՀ երկիրներուն մէջ. շարժումը կը ղեկավարեն Լեւի Շեպտովիցկին եւ Էլիզեր Ֆրիդլեանդը, որոնք պաշտօնապէս կը ճանաչնան Հայկական Ցեղասպանութիւնը եւ մտադիր են մասնակցիլ 2012ի Ապրիլ 24ի յիշատակի ձեռնարկներուն: