ՊԷՅՐՈՒԹ, «Ազդակ».- Երկուշաբթի, 5 Դեկտեմբերի երեկոյեան տեղի ունեցաւ ՀՅ Դաշնակցութեան շարքերու մուտքի երդման արարողութիւն, որուն ճամբով 87 նորագիրներ միացան ՀՅԴի շարքերուն՝ ԶՈՄէն (Զաւարեան Ուսանողական Միութիւն), ԼԵՄէն (Լիբանանի Երիտասարդական Միութիւն) եւ շրջաններէն:
Օրուան կնքահայրն էր ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Մարիօ Նալպանտեան, որ երդման արարողութիւնը նկատեց բացառիկ առիթ մը՝ որոշելու անձնազոհութեամբ եւ ամենայն գիտակցութեամբ միանալու կուսակցութեան շարքերուն: Անոր համաձայն, այս դարու մարտահրաւէրները բազում են, սակայն դաշնակցական երիտասարդը կորովն ու կարողութիւնը պիտի ունենայ պայքարելու անոնց դէմ, այսպիսով զանազանուելով այլ երիտասարդներէն:
Մ. Նալպանտեանի համաձայն, թէեւ ՀՅԴի Ծրագիրի ու Կանոնագիրի մշակուած թուականէն բաւական երկար ժամանակ անցած է, դարու բերած վտանգները փոխուած են, կուսակցութեան գաղափարախօսութիւնն ու ուղեգիծը կը մնան նոյնը՝ այսպիսով դաշնակցականը դնելով նիւթաբարոյական պարտաւորութիւններու, մահուան գնով ազգին նուիրուելու պատրաստակամութեան դէմ յանդիման:
Ան նշեց, որ Դաշնակցութեան շարքերը մուտք գործելու թեկնածու երիտասարդը պէտք է գիտնայ, որ հայրենիքը կը մնայ բացարձակ արժէք, իսկ համայն Սփիւռքին եւ լիբանանահայ գաղութին ծառայելու պարտաւորութիւնը՝ առաջնահերթութիւններու կարգին: Իւրաքանչիւր դաշնակցական երիտասարդ պէտք է գործէ իր համայնքի ուժեղացման, հզօրացման ու ամրապնդման համար:
Մ. Նալպանտեան պահը նկատեց լրջութեան եւ ինքնագիտակցութեան պահ, որպէսզի կարելի ըլլայ յանձնառու ըլլալու ճիշդ որոշումը տալ եւ ըստ այնմ մուտք գործել ՀՅԴի շարքերը:
Ան սերունդը կոչեց «Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Արցախի Հանրապետութեան 20ամեակի սերունդ»: