

ՊՕՂՈՍ ԳՈՒԲԵԼԵԱՆ
Ճիշդ է որ Քարիպեան չքնաղ կղզիները, երկինքի ջինջ կապոյտն ու ջուրերու լազուարթը, առինքնող ու մագնիսական իրենց դերը ունին Հայ կրթական հիմնարկութեան տարեկան աւանդական նաւապտոյտի աննախընթաց յաջողութեան մէջ, սակայն եւ այնպէս, այդ յաջողութիւնը միայն ու միայն գեղեցիկ բնութեամբ սահմանելը՝ մեր կողմէ առնուազն միամտութիւն պիտի ըլլար:
Արդ, նաւապտոյտին մասնակցող 2000է աւելի հիւրերը, մեզի համաձայն պիտի գտնուին, թէ ամէնէն աւելի զիրենք գրաւողն ու առինքնողը՝ վերը նշուած տուեալներէն անդին՝ նաւուն վրայ տիրող համահայկական ոգին էր։ Ամբողջ շաբաթ մը, եղբայրսիրութեամբ շէնշող, հայաշունչ մթնոլորտի մէջ զբօսնելու բերկրանք՝ գումարած Հայ կրթական հիմնարկութեան նաւապտոյտներուն, որոնց զբօսանաւերը համատարած կապոյտի խորքին ծփացող կախարդական պալատի հմայքը կը պտտցնեն։
240 հոգիով սկիզբ առած Համահայկական նաւապտոյտը, ամերիկեան բնորոշումով իսկ դարձած է success story մը. իր կարգապահութեամբ եւ անթերի կազմակերպութեամբ սկսած է զարմանքի մատնելու արհեստավարժները։ Այդ յաջողութեան մէջ իրենց կարեւոր դերը ունեցան Արեւելեան ափի հաւատաւոր տղաքն ու անոնց աշխոյժ կողակիցները։
Անբեկանելի՛ իրենց կազմակերպուածութեան կողքին, անոնք րոպէ մը կանգ չեն առած տարուէ տարի նաւապտոյտը ճոխացնելու մարտահրաւէրին առջեւ։ Եւ երբ ճոխացնել կ՛ըսենք, նաւուն վրայ տիրող ազգային ոգիի մթնոլորտին կ՛ակնարկենք։ Երաժշտական քանի մը խումբերու կողքին, Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Ղարաբաղի ներկայացուցիչները՝ իրենց ընտանիքներով, կատակերգակ դերասան-դերասանուհիներ, գրող-մտաւորականներ, խմբագիրներ եւ անոնց աշխատակիցները, եկեղեցական հայրեր, հայ մշակութային եւ հայրենակցական միութիւններու ներկայացուցիչներ, չմոռնալով կազմակերպիչ յանձնախումբի վարչական կազմը՝ իր օգնականներով։
Հայ կրթական հաստատութեան «տինամիք» այս խմբակը ոչինչ թողած էր պատահականութեան։ Ամբողջ տարուան վրայ երկարող կազմակերպչական մեթոտիկ իրենց աշխատանքով, անոնք ամէն ճիգ թափած էին նաւագնացութեան փորձառութիւնը հեզասահ դարձնելու՝ ներկայ հազարաւոր հայերուն համար հաճելին ու օգտակարը բարեխառնելով։ Անոնք յայտնաբերած ըլլալ կը թուին ճշգրիտ դեղաչափը հաճելիին ու օգտակարին, այսինքն՝ չափի զգացո՛ւմը: Արդէն քանի մը անգամ ըլլալով մասնակցելու հաճոյքը ունեցանք Հայ կրթական հաստատութեան նաւապտոյտին, եւ մեր ապրած առաջին փորձառութեան թրթիռներն ու տպաւորութիւնը մնացին անաղարտ։ Հայկական նաւապտոյտի պարագային, մաշումը բոլորովին անգոյ է… Հարցը միայն ուտել-խմելով եւ զբօսնելով չի վերջանար։ Եթէ այդ մէկը ըլլար նաւապտոյտի մասնակցողներուն միակ մտահոգութիւնը, ապա հարիւրաւոր նաւեր կը ճախրեն Միջերկրականի, Ատլանտեանի, Խաղաղականի եւ այլ ծովերու կապոյտ ջուրերուն վրայ։ Անոնք, որոնք «հայկականին» կը մասնակցին՝ հեռաւոր ափերէն երամ-երամ Ֆլորիտայի Ռոտըր Տել նաւահանգիստը ժամանելով, զբօսանքի հաճելի պահերու խորապատկերին դիմաց կը փնտռեն նաեւ հայատրոփ, մշակութատրոփ մթնոլորտ, նաեւ հաղորդութիւն ու տարբեր գաղութներու ներկայացուցիչներու միջեւ նոր բարեկամութիւններու հաստատում։
Այդպէս ալ, առաջին նաւապտոյտի ազդեցութեան տակ, «Ասպարէզ»ի էջերուն վրայ տպաւորութիւններս գրի առած էի։ Քալիֆորնիոյ մէջ շատեր նոր կ՛իմանային «հեռաւոր Իսթ Քոսթի տղոց սխրագործութեան» մասին։ Անցեալ տարի նաւուն վրայ հանդիպեցանք մեր գաղութէն մտաւորական «համազգայնական»ի մը, որ կարդացեր էր յօդուածս ու խանդավառ բարեկամներու մեծ խումբով որոշած էր մասնակցիլ շրջապտոյտին։
– Բոլորիս ալ մտավախութիւնը այն էր, որ հայրենապաշտ գրողի երեւակայութեանդ թափ տալով՝ ամէն ինչ վարդագոյն տեսած ու նկարագրած կրնաս ըլլալ։ Սակայն այն, ինչ երեք-չորս օրէ ի վեր կը վկայենք, կը փաստէ, թէ նոյնիսկ շատ զուսպ գտնուած էիր գնահատումներուդ մէջ…,- խոստովանեցաւ հայուհին:
Մեզի համար սոյն նաւապտոյտը, նախ եւ առաջ, ամէն բանէ վեր՝ համահայկական առողջ այդ ոգիին դրսեւորո՛ւմն է, որ աշխարհի չորս ծագերէն նոր-նոր նաւագնացներ քաշած, բերած էր Ռոտըր Տել նաւամատոյցը։
Դէպի նաւ մուտքը հեզասահ ու արագ ընթացաւ։ ՀԿԿ նաւապտոյտը կը նմանի այն տղեկին, որ արբունքի սեմին յանկարծ հասակ նետելով՝ տափատը կարճ կու գայ։ Ասոր կ՛ըսեն «արագ մեծնալու ցա՛ւ»։
Սենեակ բարձրանալով՝ առաջին գործս եղաւ սառն շամբանիան եւ թարմ պտուղները ըմբոշխնելով՝ հայ ճամբորդներու ցանկը աչքէ անցնել։ Այբբենական շարքով տրուած էր նաւագնացներուն անուանացանկը, ուրկէ սրտամօտ բարեկամներուս, գրող մտաւորականներու, ընտանիքի անդամներուս եւ ազգականներուս սենեակներուն թիւերը արձանագրեցի՝ բոլորին հեռաձայնելու հաստատ որոշումով։
Կիրակի օր, ճամբորդներուն առիթ տրուեցաւ հանգչելու եւ ընթրիքէն ետք՝ Շաքէ եւ Ճորճ Պասմաճեաններու ղեկավարութեամբ «Թաքնուած տաղանդներ»ու ելոյթին մասնակցելու։ Նախասիրած «շօ»երէս է այս մէկը, ուր երգը, պարը, կատակաբանութիւնները իրարու կը յաջորդեն ու կը զուարճացնեն յոգնաբեկ ներկաները։
Հայկական յայտագիրը համադրուած էր նաւային ընկերութեան միջազգային «շօ»երուն հետ։ Բան մը, որ կարգ մը հայ նաւագնացներու մօտ այն շփոթը կը ստեղծէ, թէ Հայ կրթական հաստատութիւնը խճողած է նաւապտոյտին եօթնօրեայ ծրագրումը։
Եկէք ճոխութիւնը չշփոթենք խճողումի հետ։ Ասիկա կը նմանի ճաշարան մտնելով՝ ճոխ ճաշացուցակը աչքէ անցնելու, ապա՝ ընտրութի՛ւն կատարելու։
Երջանկութիւն է որեւէ զբօսանաւու վրայ ճամբորդող անհատի մը համար ներկայացուող ճոխ ճաշացուցակէն իր նախասիրածը ընտրելու պերճանքը ունենալ…
Նախքան նաւ բարձրանալս, ես իմ անձիս խոստացած էի արձակուրդի ժամերս անցընել ըստ նախասիրութեանս։
Նաւուն վրայ ոչ ոք քեզի պիտի ստիպէ, որ անպայման ներկայ գտնուիս ձեռնարկի մը։ Գնա՛ 9րդ յարկ ու լողաւազանի շուրջ արեւու շոյանքին յանձնէ դունքեզ, եթէ բնութեան պարգեւած գեղեցիկ գիծերը կրցած ես պահպանել։ Հոն է նաեւ մեր երիտասարդութիւնը։
Փորձով գիտենք, թէ զուտ ազգային դիմագիծով նաւապտոյտի նման ծրագիր մը յաջողութեամբ պսակելը, ենթականերէն որքա՛ն աշխատանք ու քրտինք կը պահանջէ։ Եւ այդ գիտակցութեամբ կը կրկնենք բոլոր կազմակերպիչներուն.
Պատի՛ւ արժանաւորաց…
Եւ շնորհաւոր 15րդ տարեդարձը։