
ԱՆԹԻԼԻԱՍ.- Կիրակի, 4 Դեկտեմբերի յետ միջօրէի ժամը 1ին, Դպրեվանքի բոլոր սաները այցելեցին «Նոյեան Տապան» արուեստի ցուցասրահի կազմակերպած հայրենաբնակ Վահան Ռումէլեանի նկարչական ցուցահանդէսը։
Դպրեվանեցիներ վայելեցին արուեստագէտին եզակի պաստառները եւ իրարու հետ կարծիքներու փոխանակում կատարեցին։
Ապա, ցուցասրահի տէր ու տնօրէն՝ արուեստաբան դոկտ. Մովսէս Հերկելեան ողջունեց Դպրեվանքի տեսչութիւնն ու ուսանողութիւնը եւ անդրադարձաւ նկարչութեան արուեստի պատմական հոլովոյթին ու ընդգծեց Վահան Ռումէլեանի եզակիութիւնը, ըսելով. «Վահան վերացապաշտ նկարչութեան ամէնէն կարկառուն դէմքերէն է, որ այսօր Հայաստանի եւ Սփիւռքի մէջ ու նաեւ միջազգային շրջանակներէն ներս մեծապէս գնահատուած է»։